Գ. Հարպոյեան Վարժարանի Մանկապարտէզի Ամավերջի Հանդէսը
Կիրակի, 18 յունիս 2012-ի երեկոյեան ժամը 6:30-ին, Ս. Խաչ եկեղեցւոյ «Պետողլեան» սրահը լեցուած էր վարժարանի մանկապարտէզի աշակերտներուն ծնողներով, հարազատներով եւ բարեկամներով: Հանդէսին նախագահութիւնը ստանձնած էին տէր եւ տիկին Գրիգոր Թերզեանները:
«Պհըպպաք եա Լըպնան» եւ «Կարմիր, կապոյտ, ծիրանագոյն» երգերով, հայաստանեան եւ լիբանանեան հայրենիքներուն հանդէպ յարգանքի արտայայտութեամբ հանդիսութիւնը սկիզբ առաւ: Ապա շրջանաւարտներու իշխանական մուտքով, Ծաղիկ դասարանի աշակերտները երգեցին ու բացման խմբային խօսքով իրենց երախտագիտութիւնը յայտնեցին մանկապարտէզի ուսուցիչներուն եւ բեմ հրաւիրեցին տնօրէն Ռիթա Պոյաճեանը:
Ներկաները ողջունելէ ետք տնօրէնը նշեց. «Կատարեալ դպրոց գոյութիւն չունի, այլ գոյութիւն ունին կատարելութեան ձգտող կրթօճախներ, որոնցմէ է Գ. Հարպոյեան վարժարանը, որ իր 25 տարուան կեանքին ընթացքին միշտ փորձեց բարելաւել իր գործունէութիւնը, արձանագրեց բազմապիսի նուաճումներ եւ կը շարունակէ ձգտիլ յառաջդիմութեան եւ նորանոր բարձունքներու»: Ապա ան իր խօսքը ուղղելով շրջանաւարտ երեխաներուն` ըսաւ. «Դուք այսօր մատղաշ, անուշիկ թռչուններու նման պատրաստ էք մանկապարտէզի մէջ ձեզի տրուած թեւերը օգտագործելով` թռչիլ ձեր մանկական բոյնէն եւ մուտք գործել նախակրթարան` դէպի աւելի լայն հորիզոններ: Մանկապարտէզին մէջ դուք սորվեցաք գրել ու կարդալ, աղօթել եւ երգել, եւ այսօր պահը եկած է վկայական առնելով` հրաժեշտ տալու այս նախնական հանգրուանին»:
Ռ. Պոյաճեան շնորհակալութիւն յայտնեց հանդէսին նուիրատուներուն եւ նախագահող ընտանիքին, որ միշտ քուլիսներու ետին նեցուկ կը կանգնի դպրոցին գոյատեւման:
Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի վարժարաններու տնօրէն Յովհաննէս եպս. Թէյրուզեան երկրորդելով տնօրէնին խօսքը` ըսաւ, թէ` «Աստուած ալ այս անմեղ մանուկները վստահած է մեզի, որ զանոնք որպէս հայ եւ քրիստոնեայ մարդ կերտենք: Եւ մենք, ձեռք ձեռքի տուած, տնտեսական բոլոր տագնապները պէտք է դիմագրաւենք, որպէսզի կարենանք լաւագոյնը տալ մեր մանուկներուն»:
Գերապայծառ հօր, հանդէսի նախագահ ամոլին եւ տնօրէնուհիին ձեռամբ վկայականներու բաշխումէն ետք կատարուեցաւ սահիկներու ցուցադրութիւն մը, որ կը ներկայացնէր մանկապարտէզի աշակերտներուն այս տարուան գործունէութիւնը:
Այնուհետեւ Ծաղիկ դասարանի աշակերտները թատերական ներկայացումով մը գտնուեցան ձայնասփիւռի կայանի մէջ, ուր սկիզբը «գանգատեցան» իրենց տրուած անվերջ դասերէն եւ խրատներէն, ապա մտածելով եւ անդրադառնալով դպրոցին կարեւորութեան, երգով ու պարով, կարկանդակ հատելով` նշեցին վարժարանին հիմնադրութեան առիթը:
Յայտագրի վերջին բաժնով աշակերտները երգեցին, արտասանեցին ու պարեցին, որմէ ետք Ռիթա Պոյաճեան բեմ բարձրանալով` շնորհակալութիւն յայտնեց ուսուցչական կազմին` անոր կողմէ տարուած աշխատանքին ու նուիրուածութեան համար:
2011-2012 տարեշրջանի Ծաղիկ դասարանի շրջանաւարտ աշակերտներն են.
Աթաճեան Սթեֆանի, Այրանեան Ռէյ, Անտեքեան Ճերեմի, Արթինեան Նաթէլ, Արզումանեան Յարութ, Աւետիսեան Ալեքս, Գալուստեան Կրեթթա, Գայֆեճեան Քրիսթել, Գարավարդանեան Սերժիօ, Գուրունեան Ժան-Փոլ, Եափուճեան Լոռի, Թաթոսեան Ճորճ, Ինճէեան Սէրլի, Լիպարեան Մարիսա, Կարապետեան Թիա-Մարիա, Ճրթիտեան Լութֆիկ, Մոնոֆար Սթէյսի, Նահապետեան Զաւէն, Շէօճմելեան Եղիա, Շիշմանեան Քրիստ, Պալասանեան Լուսիա, Պաղտիկեան Սագօ, Պուչաքճեան Արին, Քէշիշեան Ռազմիկ, Քոլփովսքի Անթոն, Քորթաս Քրիսթել, Օգնայեան Էմմանուէլ եւ Օքսազեան Թալիա:

