Ազգային Սրբոց Քառասնից Մանկանց Վարժարանի Նախակրթարանի Հանդէս
Ազգ. Սրբոց Քառասնից Մանկանց վարժարանի նախակրթարանի ամավերջի հանդէսը տեղի ունեցաւ կիրակի, 17 յունիս 2012-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» հանդիսասրահին մէջ, հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի, նախագահութեամբ վարժարանի բարերար Լութֆիկ Սարգիսեանի զաւկին` Յարութիւն Սարգիսեանի:
Սրբոց Քառասնից Մանկանց վարժարանը իր ներկայացուցած հանդէսով անգամ մը եւս ապացուցեց, թէ կը մնայ հաւատարիմ զինուորը 80 տարիներու իր առաքելութեան, որ կը նպատակադրէ հայեցի դաստիարակութեամբ թրծել եւ գիտութեան լոյսով շողշողել հայ մանուկը` հաւատալով, որ ան պիտի դառնայ մեր ազգին յարատեւութեան շառաւիղն ու կռուանը հանդիսացող ինքնագիտակից հայ երիտասարդը:
Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք Զ. դասարանի խումբ մը աշակերտներ գեղեցիկ ու սահուն անգլերէնով արտասանեցին «Education»-ը, որուն յաջորդեց «Ծոյլ Մեսրոպ»-ը ներկայացումը, որ կը դրսեւորէր սփիւռքեան պայմաններու մէջ ստեղծուած ազգային կեանքի գլխաւոր մտահոգութիւնը` հայեցի դաստիարակութիւնը:
Արդարեւ, թատրոնին ընդմէջէն պարախումբին ներկայացուցած պարերը բարձր տրամադրութիւն ստեղծեցին հանդիսատեսին քով, իսկ Գէորգ Եագուպեանի արտասանած «Ես իմ անուշ Հայաստանի»-ով լիացաւ պատանի դերակատարներուն ցուցաբերած սէրը իրենց ազգին եւ մշակոյթին հանդէպ: Ապա վարժարանի երգչախումբը հայկական ժողովրդային երգերու շարանով առաւել եւս խանդավառեց մթնոլորտը: Րաֆֆի Գասապեան եւ Մէյրի Թութիկեան արաբերէնով արտասանեցին «Մետրեսեթի»-ն ու դարձեալ շեշտը դրին դպրոցին եւ ուսման կարեւորութեան վրայ:
Ապա Զ. դասարանի աշակերտներ սրահը թնդացուցին Վ. Դաւիթեանի «Հաւատում եմ քեզ»-ով. անոնց դեռատի հոգիներէն բխող հաւատքը հայ ժողովուրդին, պատմութեան եւ ազգային ժառանգութեան հանդէպ խրախուսեց ներկաները եւ արժանացուց հայ ըլլալու հպարտանքին:
Շրջանաւարտներու մուտքէն ետք Գէորգ Եագուպեան կարդաց ուղերձը, ապա վարժարանի տնօրէն Յովիկ Պերթիզլեան բարձր գնահատեց հանդէսը եւ շնորհաւորեց ուսուցիչ-ուսուցչուհիներն ու ծնողները եւ յատուկ գնահատական խօսք ուղղելով շրջանաւարտներուն` թելադրեց անոնց միշտ վառ պահել հայ լեզուն: Խօսքի աւարտին ան բեմ հրաւիրեց սրբազան հայրը եւ վարժարանի բարերար Յարութիւն Սարգիսեանը վկայականաց բաշխման համար, որմէ ետք սրբազան հայրը փոխանցեց իր պատգամը` անդրադառնալով հայ դպրոց յաճախելու կարեւորութեան եւ խրատեց մեր հոգիներուն ու միտքերուն մէջ ամուր դրոշմել Ս. Մեսրոպի այբուբենը:
Հանդէսի աւարտին «Շրջանաւարտ ենք» երգով եւ ծափողջոյններու զուարթ մթնոլորտի մէջ շրջանաւարտները փուչիկներ թռցուցին եւ ընդունեցին իրենց ծնողներուն եւ հարազատներուն ջերմ շնորհաւորութիւնները:

