ՀԱՍԱՆ ՃԵՄԱԼԷՆ` ՀԵՏԱՔՐՔՐԱԿԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐ

Հասան Ճեմալ, nր հայկական տեղահանութեան (Ցեղասպանութիւն. Ա.) պատասխանատու իթթիհատականներէն Ճեմալ փաշայի թոռն է, այս օրերուն կը շարունակէ անդրադառնալ հայերու հետ առնչակից հարցերու: Ինչպէս մանրամասնութիւններով հաղորդած էինք արդէն, ան շաբաթ մը առաջ Լոս Անճելըսի մէջ մասնակցած էր հայկական համագումարի մը եւ հիւրընկալուած էր Պոլսահայերու միութեան մէջ, համագումարի ընթացքին քանի մը անգամ ընդունած էր «Հայոց ցեղասպանութիւն»ը եւ հետաքրքրական ելոյթներ ալ ունեցած էր:

ԻԼՀԱՆ ՍԵԼճՈՒՔ ԻՆՉՈ՞Ւ ՊԱՀԵՑ, ԹԷ ՄԱՅՐԸ ՀԱՅ ԷՐ

Յայտնի յօդուածագիրը «Միլլիյէթ»ի իր սիւնակին մէջ հրատարակեց Նիւ Եորքի «Ֆանելլի» սրճարանին մէջ գրի առնուած յօդուածներ, որոնք այսպէս կամ այնպէս դարձեալ կ՛առնչուին հայերու: Անցեալ երեքշաբթի օր հրատարակած էր «Անցեալը երբեք անցեալ չի դառնար» խորագրեալ յօդուած մը, որ կարեւոր կը դառնար անով, որ Հասան Ճեմալ հոն կը հրապարակէր, որ «Ճումհուրիյէթ»ի հանգուցեալ աւագ խմբագիր Իլհան Սելճուքի մայրը հայ էր: Հանտան Հանըմ: Սելճուքին մօրաքոյրն ալ թաղուած է հայոց գերեզմանատան մէջ: Հասան Ճեմալի համար բաւական դժուար եղած էր յօդուած մը գրել, երբ Հանտան Հանըմ մեռած էր: Իլհան Սելճուք չէր կրցած իր ուզածին պէս պահել իր մօրը սուգը: Եւ հիմա Հասան Ճեմալ կը գրէ սապէս.

«Իլհան Ապի ինչո՞ւ արդեօք պահած էր, թէ իր մայրը հայ էր: Մինչդեռ ես Հանտան Հանըմէն իսկ գիտէի, թէ ան բացառիկ կարեւորութիւն կու տար իր մօր. երբ մայրը մեռաւ, առանց ուրիշին յայտնի ընելու` խոր սուգ պահած էր: Ուիլիըմ Սարոյեան որքան լաւ ըսեր է. «Անցեալը բնաւ չի մեռնիր, նոյնիսկ անցեալը անցեալ չէ»: Սարոյեանն ալ Ամերիկայի մեծագոյն հայ վիպագիրներէն մէկն է, պիթլիսցի (Բաղէշ, Ա.): Ուրեմն կարելի չէ ոչնչացնել անցեալը: Կարելի չէ խոյս տալ անցեալէն: Մարդիկը չեն կրնար մոռնալ ո՛չ իրենց արմատը, ո՛չ ալ անցեալի իրենց ցաւերը»:

Հասան Ճեմալ ապա իր յօդուածը կը վերջացնէ սա յատկանշական տողերով.

«Գիտեմ, ոմանք կը հաւատան, որ անցեալը փորձանք է, եւ աւելի լաւ է, որ մոռցուի: Բայց ես այդպէս չեմ մտածեր: Կը կարծէք, որ յաջողեցաք անցեալը թաղել: Եւ թէ` երբեմն այդ բանը ընել կը ջանաք պետութեան ուժը գործածելով: Անցեալը կը խեղաթիւրէք: Ճշմարտութիւնները կ՛ուրանաք: Պետութեան ձեռքով սուտ պատմութիւն գրի կ՛առնէք: Ամէն միջոցի կը դիմէք, որպէսզի ձեր մարդիկը ապրեցնէք սուտերու աշխարհի մը մէջ: Բայց ի զուր: Անցեալը օր մը դարձեալ ջուրին երեսը կ՛ելլէ: Եւ ահա 1915-ը Թուրքիոյ համար այսպիսի ճշմարտութիւն մըն է»:

ԴԻՒԱՆԱԳԷՏԻ ՄԸ ԸՆԴՎԶԵՑՈՒՑԻՉ ԱՌԱՐԿՈՒԹԻՒՆԸ

Հասան Ճեմալ անցեալ չորեքշաբթի Նիւ Եորքի «Ֆանելլի» սրճարանէն գրի առնուած իր տպաւորութիւններուն երկրորդին մէջ կը պատմէր, թէ ինչպէ՛ս գրպանի հեռաձայնը հնչեց ու իրեն հետ խօսիլ ուզեց թուրք դիւանագէտ մը:

«Ո՞վ է, չեմ ճանչնար, կը գրէ Հասան Ճեմալ:  Դեսպան մըն է, որ դեռ կը պաշտօնավարէ Եւրոմիութեան անդամ երկիրներու մէջ` որպէս Թուրքիոյ դեսպան: Յայտնապէս ան անհանգստացած էր Լոս Անճելըսի մէջ իմ գրածներէս: Շատ կանոնաւոր թրքերէն մը կը խօսի: Իր նիւթը գիտցող լաւ դիւանագէտ մը: Ան ալ, Շիւքրիւ Էլեքտաղին նման, հայերու մասին պատրաստուած ձայներիզէ մը խօսելու նման կը խօսի»:

Որքան ալ կը ջանայ իր խօսքերը հաւասարակշռել, իր ոճը եւ իր գիտոսիկութիւնը կ՛անհանգստացնէ զիս: Որքան ալ նուրբ ու յարգանքով խօսի, ես կը հասկնամ, որ ան իրականութեան մէջ ինծի ըսել կ՛ուզէ հետեւեալը. «Հասան Ճեմալ, այնքան տգէտ ես, որ քեզ կը խաբեն»: Է՜յ, Աստուած իմ: Ես ալ Նիւ Եորքի այս բազմաժխոր փողոցին մէջ կեցեր եմ ու մտիկ կ՛ընեմ անոր ըսածները: Երբեմն այսպիսի տխմարութիւն կը գործեմ: Մինչդեռ կրնայի գոցել հեռաձայնը ու անցնիլ: Հազար անգամ լսած եմ ես այս  ձայներիզը: Թուրքիա այս ձայներիզը գործածելով է, որ 1915-ի նիւթին մէջ բոլորովին առանձին մնաց ամբողջ աշխարհի վրայ: Այսպէս կ՛ըսեմ այդ դիւանագէտին, բայց  ան միշտ նոյն ձայնապնակը կը նուագէ.

– Բայց էֆէնտիմ, մենք ալ Թուրքիոյ անունով մեր պարտականութիւնը չկատարեցինք մինչեւ այսօր®:

Ո՜վ գիտէ` քանիերորդ անգամն է, որ կը լսեմ այս նախադասութիւնը: Մե՜ղք: Թուրքիա իր պաշտօնական տեսակէտով չկրցաւ ցարդ ինքզինք բացատրել: Չի ալ կրնար, որովհետեւ Թուրքիա պաշտօնական պատմութեան մը տակ ծածկած է բազմաթիւ ճշմարտութիւններ, որոնցմէ մէկն ալ 1915-ն է: Հանրապետութիւնը յաջողութիւն կարծած է մարդիկը սուտի մէջ ապրեցնելը: Բայց արդիւնքը յուսախաբութիւն է: Անշուշտ այս հողերուն վրայ միայն հայերը կամ քիւրտերը չեն, որ տառապեցան, թուրքերն ալ տառապեցան: Բայց երկու բան կայ, զոր չէք կրնար ընել այս կէտէն մեկնելով: Նախ` չէք կրնար իրարու հետ բաղդատել ցաւերը: Յետոյ` կարելի չէ կոթ մը յարմարցնել մեր պատմութեան խայտառակ էջերուն:

«Անշուշտ ես այս բոլորը չկրցայ ըսել երիտասարդ դիւանագէտին, բայց իրեն պիտի յանձնարարեմ, որ պաշտօնական պատմութեան կողքին, տարբեր տեսակի պատմութիւն ալ թող կարդայ քիչ մը, որովհետեւ ուրիշ կերպով չի կրնար լուծել Թուրքիոյ գաղտնագիրերը: Եթէ իր հունին մէջ չտեղաւորէք իթթիհատականներու 1915-ը, Թուրքիոյ Հանրապետութեան միւս խնդիրներն ալ չէք կրնար հասկնալ: Երբ մտիկ կ՛ընէի երիտասարդ դեսպանին խօսքերը, ականջներուս մէջ կը հնչէր հաքքարիցի մտաւորականին սա անմոռանալի նախադասութիւնը. «Այս հողերուն վրայ քիւրտերը կը ջանան փաստել, որ կ՛ապրին, ողջ են, իսկ հայերը կը ջանան փաստել, որ սպաննուած են»:

ՀԱՍԱՆ ՃԵՄԱԼԻ ՀԱՅԱՆՊԱՍՏ
ԵԼՈՅԹՆԵՐՈՒՆ ԴԷՄ ՀԱԿԱԶԴԵՑՈՒԹԻՒՆ

Յիշեցնենք մեր ընթերցողներուն: Հասան Ճեմալ, որ հայկական տեղահանութեան պատասխանատու իթթիհատականներէն Ճեմալ փաշայի թոռն է, մասնակցած էր Լոս Անճելըսի մէջ հայկական համագումարի մը եւ հոն ցաւ յայտնած էր անցեալի մէջ պատահած դէպքերուն համար, քանի մը անգամ ալ գործածած էր ցեղասպանութիւն բառը: Հասան Ճեմալի ելոյթը արժանացած էր ներկայ գտնուող հայերու ջերմ ծափահարութիւններուն: Վերադարձին Հասան Ճեմալ հրատարակած էր յօդուածներ, որոնցմով ան բացայայտօրէն պախարակած էր հայկական հարցի մէջ պետութեան գործադրած քաղաքականութիւնը եւ գրած էր, որ անցեալը բնաւ չի մեռնիր, եւ թէ` ոչ ոք կրնայ փրկուիլ անցեալի ներկայութենէն: Ան յստակ կերպով պաշտպանած էր այն տեսակէտը, թէ պետութիւնը այլեւս պէտք է ճանչնայ ճշմարտութիւնները:

Յայտնի էր, որ Հասան Ճեմալի այդ յօդուածները որոշ դժգոհութիւն պիտի պատճառէին հակադիր համոզում ունեցող շրջանակներուն:

«Ագշամ»ի մէջ սիւնակագիր Օրայ Էղին ստորագրած էր «Հասան Ճեմալի ցեղասպանութեան օրագիրը» խորագրեալ յօդուած մը, ուր ան կը պախարակէր Հասան Ճեմալը եւ կը զարմանար, որ Հասան Ճեմալի նման անձեր որքա՛ն դիւրութեամբ կ՛արտասանէին այդ «ցեղասպանութիւն» բառը:

Յօդուածագիրը կանգնած է պաշտօնական տեսակէտին կողքին: Կը գրէ հետեւեալը. «Երբ տակաւին բանավէճի նիւթ է այն հարցումը, թէ 1915-ի պատահարները ցեղասպանութի՞ւն էին, թէ՞ չէ, Հասան Ճեմալ, պատմութեան մասին իր սահմանափակ գիտութեամբ ի՜նչ դիւրին կը յանգի նմանօրինակ վճիռներու: Երբ Հասան Ճեմալ կը վճռէ, թէ հայկական պնդումներուն մէջ Թուրքիա առանձին մնաց, կը մոռնայ, որ միայն Թուրքիան չէ, որ կը մերժէ հայկական պնդումները: Հասան Ճեմալ չի՞ յիշեր պատմաբան Սթանֆորտ Շօուն, որուն տան առջեւ ռումբ մը պայթեցաւ 1977-ին: Այս անձը ցոյց տուած է, որ 1915-ը ցեղասպանութիւն չէր: Հասան Ճեմալ Պեռնար Լեւիսէն ալ բան մը կարդացած չէ՞ արդեօք:

«Կ՛երեւի, թէ Հասան Ճեմալ հայերու կողմէ մսագործ անուանուած Ճեմալ փաշային թոռը ըլլալու բարդոյթ մը ունի ու ատոր համար է, որ հիմա հայերու ի նպաստ կը խօսի: Արդէն ինք ալ խոստովաներ է, որ հայերը զինքը ունկնդրեցին ոչ թէ որպէս լրագրող Հասան Ճեմալ, այլ` որպէս Ճեմալ փաշայի թոռը», կը գրէ «Ագշամ»ի յօդուածագիրը: Հասան Ճեմալ յուսախաբ չէ ըրեր զինք հրաւիրողները. արդարեւ, հայերը յոտնկայս ծափահարեր են զինք: «Արմինիըն Ուիքլի» հայկական թերթն ալ ջերմ գովասանքներով խօսեր է Հասան Ճեմալի մասնակցութեան մասին, գրեր է, որ այս անձը բնաւ չէ վախցեր ըսելէ այնպիսի բաներ, որոնց համար կրնար բանտարկուիլ Թուրքիոյ մէջ:

Յօդուածագիրը ապա կը յիշեցնէ, թէ նոյն Հասան Ճեմալը երկու տարի առաջ Պոսթընի մէջ մերժելով մերժեր է «ցեղասպանութիւն» բառը գործածել: Իսկ հիմա կ՛ըսէ, որ Թուրքիա պէտք է ներողութիւն խնդրէ հայերէն եւ հատուցում վճարէ անոնց:

Յօդուածագիրը դիտել կու տայ նաեւ, որ Հասան Ճեմալ հայերուն յուսախաբութիւն պատճառեր է միայն մէկ նիւթի մէջ: Ան ըսեր է, որ Թուրքիոյ նախկին հայաբնակ հողերը հայերու չեն կրնար վերադարձուիլ այլեւս: Է՛հ, այսօր այդպէս ըսեր է, բայց քանի մը տարի վերջ ան այս մասին ալ կարծիք կը փոխէ ու կը պնդէ, թէ սահմանները վերստին պէտք է ճշդուին, եւ թէ Կարսը պէտք է դառնայ հայոց մայրաքաղաք:

Յօդուածագիրը, շարունակելով Հասան Ճեմալի դէմ իր դիրքաւորումը, կը յիշեցնէ, թէ Լոս Անճելըսի համագումարին մասնակցած էր նաեւ Ամերիկայի երբեմնի դեսպան Մորկընթաուի թոռը, որ պատմաբան Փամելա Շթայներն է: Այս վերջինը ցեղասպանութիւն բառը գործածել չէ ուզած 1915-ին համար: Հասան Ճեմալ, որ թուրք դեսպաններու ըսածը «Ասոնք պաշտօնական տեսակէտ են» ըսելով` կը մերժէ, հիմա անարժէ՞ք պիտի նկատէ Փամելա Շթայների վերի տեսակէտը, հարց կու տայ Էղին:

Share this Article
CATEGORIES