Ի՞ՆՉ ԿԸ ՄՏԱԾԷ ՄԻՒՍ ԹՈՒՐՔԸ. Ի՞ՆՉ ՊԻՏԻ ԸՍԷ ՃԵՄԱԼ ՓԱՇԱՅԻՆ ԹՈՌԸ

ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ

Երկու գաղտնի ոստիկաններու ընկերակցութեամբ սրահին ետեւի դուռէն ներս կը մտնեմ: Ապահովութեան միջոցառումները քիչ մը չափազանցուած կը թուին… Սրահը բերնէ բերան լեցուն է: Իսկ գետինը նստող երիտասարդները դուրս կը բերուին, որովհետեւ հրշէջները, ապահովութեան պատճառով, այդպէս կը հրահանգեն:

Քուլիսին մէջ առարկողներ գտնուեր են, թէ` «1915-ին մեզի ջարդողներուն թոռը ինչո՞ւ հրաւիրած էք»: Բարեկամս մօտենալով` ականջիս կը փսփսայ. «Մենք ալ մեր «Քերինչսիզները ունինք» (ակնարկութիւն` Քեմալ Քերինչսիզին, մոլեռանդ եւ ազգայնամոլ փաստաբանին, որ թրքութիւնը վարկաբեկելու մեղադրանքով Հրանդ Տինքին դէմ դատ յարուցած էր: Ներկայիս ի՛նք բանտարկուած է Էրկենեքոնի անդամակցութեան մեղադրանքով, Գ. Կ.):

Նստած տեղէս կը զննեմ մարդոց նայուածքները, իրենց դէմքի արտայայտութիւնները. բայց անհանգստացնող երեւոյթ մը չկայ. մթնոլորտը ջերմ եւ բարեկամական է…

Ամենայնդէպս դժուար գիշեր մը պիտի ըլլայ ինծի համար…

Լոս Անճելըսի համալսարանին մեծ հանդիսասրահին մէջն ենք. բեմին վրայ  ինծի հետ երեք հոգի եւս կան: Առաջինը` հայկական սփիւռքի ծանր հրետանիներէն համարուող փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեան, երկրորդը` տոքթ. Փամելա Շթայնըր (1915-ին Թուրքիոյ մէջ Ամերիկայի դեսպան Հենրի Մորկընթաուի ծոռը, Գ. Կ.) իսկ եկրորդը` պոլսահայ գործարար մը` Գուրգէն Պերգսանլար: Ձեռնարկը կազմակերպողներն են ՀԲԸՄ-ի «Ասպետներ»ը, իսկ պրն. Գուրգէնը` ձեռնարկը համադրող:

Ժամանակի առումով կաշկանդուած չեմ. խօսքը ուզածիս չափ պիտի կարենամ երկարել. գոհ եմ կացութենէն:

Միւս երկուքը իմ ըսածներուս վրայ պիտի բանավիճին, ապա` հարց ու պատասխանի բաժինը…

«Ինծի համար բնաւ դիւրին գիշեր մը պիտի չըլլայ» ըսելով` կը սկսիմ բանախօսութեանս: «Անատոլուէն բարեւ բերի ձեզի, մեր արմատները միեւնոյն հողերուն մէջ կ՛երկարին, գիտեմ ձեր ցաւերը եւ կը բաժնեմ զանոնք ձեզի հետ» ըսելէ ետք, քանի մը բառ հայերէնով կ՛ողջունեմ ներկաները, ծափահարութիւնը կը փրթի սրահին մէջ:

Երկար, բայց հաճելի գիշեր մըն էր: Մտահոգուողներուն ակնկալած ո՛չ մէկ անախորժ դէպք պատահեցաւ:

Խօսակցութեանս վերջին բաժինով պատմեցի երկու տարի առաջ ինծի հետ պատահած դէպքը, որ տեղի ունեցաւ օդակայանին մէջ, Պոսթընի հաւաքոյթէն վերադարձիս: Հայ լրագրող մը մօտեցած էր ինծի եւ` ըսած, որ Պոսթընի մէջ ունեցած դասախօսութիւններուս հետեւած եւ գնահատած էր, ապա աւելցնելով` ըսած էր. «Ձեզ զաւակս ճանչցաւ. բայց ան, իմ ըրածիս պէս, ձեր գով գալով` չուզեց ձեր ձեռքը թօթուել. սփիւռքի երիտասարդները այսպէս են…»:

Այս դէպքը պատմելէ ետք աւելցուցի. «Ես հոս եկայ ձեռքս երկարելու համար հայ երիտասարդներուն: Անշուշտ որ ցաւերը պիտի չմոռցուին: Բայց միեւնոյն ժամանակ պիտի չարտօնենք, որ ցաւերը խցանեն հաշտութեան տանող ճամբաները»:

Այս խօսքերս ալ արժանացան ծափահարութեան:

Երիտասարդ կին մը, հայկական դպրոցի մը մէջ ուսուցչուհի, մօտենալով ըսաւ. «Մենք ճիշդ այս մէկը սկսանք ընել դպրոցին մէջ: Հայ երիտասարդներուն կը ջանանք բացատրել, որ թուրքերը թշնամի չեն: Դուք ալ նոյն բանը ըրէք Թուրքիոյ մէջ, բացատրեցէք ձեր երեխաներուն, որ հայերը թշնամիներ չեն…»:

Ականջիս մօտենալով` կ՛աւելցնէ. «Վերջերս թերթերուն մէջ կարդացինք. սարսափելի էր: Կարծեմ Պայպուրթի ազատագրութեան հանդիսութեանց ընթացքին հայ երիտասարդները մարմնաւորող երեխաներուն կռնակը խաչ գամուած էր, գետինը սուինահարուողներ կային…: Ահռելի տեսարան էր: Կարելի՞ բան է տակաւին այսպիսի տօնակատարութիւններ արտօնել»:

Իրաւունքի մէջ էր, գետնէն մինչեւ երկինք:

Այս միջոցին փրոֆ. Յովհաննէսեան պատմեց իր առաջին ծանօթութիւնը թուրքի մը հետ: 18 տարեկանին, Սան Ֆրանսիսքոյի մէջ, Ճափոնի հետ առնչուող դասախօսութեան մը ընթացքին, թուրք մը կ՛ելլէ դիմացը. լամբակին վրայի դրօշակէն կը հասկնայ: Պահ մը կը շուարի. ի վերջոյ կ՛ըսէ. «Տակաւին կը շարունակէ՞ք հայեր սպաննել»:

Անոնց պատմեցի սիրելի ընկերոջս` Պահատըր Տեմիրի մասին, յունուար 1973-ին, Լոս Անճելըսի մէջ, տարեց հայու մը կողմէ սպաննուած թուրք դիւանագէտին…: Առանց ընդմիջումի լսեցին:

Ուրիշ մը, հայ երիտասարդ մը, 80-ականներու սկիզբը ուսանելու համար Պէյրութէն Ամերիկա եկեր է: Համալսարանի ճաշարանին մէջ, հերթ սպասած ժամանակ, քովը մէկը եկեր է. երբ գիտցեր է, որ թուրք մըն է, հետեւեալ ձեւով կ՛արտայայտէ իր զգացումները. «Առաջին անգամ թուրք մը կեցած էր դէմս… ձեռքս-ոտքս թուլցան. թո՜ւրք մը. շուարեցայ, թէ անոր ի՞նչ ընեմ, ինչպէ՞ս վերաբերիմ»:

Այս պատերը տակաւին կը սպասեն, որ փլին:

Թուրքիոյ, Հայաստանին, հայկական սփիւռքին եւ երկու կողմերուն հասարակական կազմակերպութիւններուն համար անհրաժեշտօրէն կատարելիք պարտականութիւններ կան:

Երկխօսութեան ուղիներու բազմացման եւ ընդլայնումին կարիքը կայ: Անպայման հարկաւոր է, որ բացուի Թուրքիա-Հայաստան սահմանադուռը: Անգարան պէտք է, որ հասկնայ, թէ հայկական սփիւռքը վախազդու ուրուական մը չէ: Հարկ է, որ պատմութեան գիրքերը վերստին գրուին… 1915-ին, եւ` անհրաժեշտ, որ Թուրքիոյ մէջ անկաշկանդ ձեւով քննարկուին:

Եւ վերջապէս 1915 մը կայ:

Ցեղասպանութիւնը միմիայն հայերուն համար չէ, գրեթէ ամբողջ աշխարհին համար ընդունուած է: Ցեղասպանութեան իրողութիւնը չի փոխուիր:

Սակայն այս իրողութիւնը չ՛արգիլեր, որ Թուրքիա-Հայաստան սահմանադուռը բացուի, երկու երկիրներու յարաբերութիւնները բնականոնանան, հայկական սփիւռքին հետ երկխօսութեան ուղիները բացուին եւ հասարակական կազմակերպութիւններու միջեւ յարաբերութիւնները զարգանան:

Եւ արդէն պէտք չէ, որ արգիլէ: Եթէ երբեք արգիլէ, այդ ժամանակ  կառքը ձիուն առջեւ դրուած կ՛ըլլայ, որ ոեւէ մէկուն նպաստ չունենար:

Հաղորդավարը, ինծի ուղղելով խօսքը, կը հարցնէ. «Հաշուեցի, բանախօսութեան ընթացքին չորս անգամ գործածեցիք ցեղասպանութիւն բառը… չէ՞ք վախնար»: Իրեն ցոյց կու տամ օրուան յայտագիրը. կողքի նկարին վրայ կ՛երեւիմ երբ երեք տարի առաջ, Երեւանի մէջ, Ցեղասպանութեան յուշակոթողին առջեւ երեք հատ սպիտակ մեխակ կը  զետեղէի…

Երկար եւ հաճելի գիշեր մըն էր: Նոր բաներ սորվեցայ եւ զգացի:

Վստահ եմ, որ Անատոլուի ամբողջ տարածքին արմատներ ունեցող հայ եղբայրներուս համար ալ նոյնն էր պարագան:

ՀԱՍԱՆ ՃԵՄԱԼ

«Միլլիէյէթ»
2-4-11

Հայացուց Գ. Կ

Share this Article
CATEGORIES