Կիրակնօրեայ Խօսքը. Աւետարանական Երկու Դասեր…
ՄԵՍՐՈՊ ՀԱՅՈՒՆԻ
Սիրելի՛ ընթերցող, կիրակնօրեայ աւետարանը որքան շատ հակիրճ էր, քանի ունէր չորս համարներ լոկ, այնքան աւելի ուղեցոյց եւ թելադրող էր մեր առօրեայ կեանքին համար:
Մարդ եւ հայ քրիստոնեաներուս առօրեայ կեանքը կը կազմեն մեր ազգային, եկեղեցական, ընկերային, միութենական, կուսակցական, քաղաքապետական, կառավարական, ընտանեկան եւ անձնական տարրերը. անոնց ուղեգիծով մեր լաւագոյն ընթացքին, ուժականութեան, գործունէութեան ու պտղաբերութեան համար Յիսուս Քրիստոս` ժամանակին, տիեզերքին եւ յաւերժութեան Է-Իմաստունը մեզի կու տայ իր սկզբունքները:
Նախ` հոս չմոռնանք մեր Փրկչին յայտարարութիւնը, թէ` «Երկինքն ու երկիրը պիտի անցնին, բայց իմ խօսքերս պիտի չանցնին» (Մտթ. 24,35). նոյնիսկ պիտի չանցնի այն խօսքերէն եւ սկզբունքներէն նշանախեց մը, որ ամենափոքր տառանշանն է: «Ո՛վ որ ականջ ունի լսելու, թո՛ղ լսէ» (Մտթ. 13,43): Ապա, փորձենք լսել, անսալ եւ գործադրել զանոնք:
Միութեան ու միասնակութեան Առաքեալն է, որ կը փափաքի իր հետեւորդներուն համերաշխութիւնը եւ այդ միաբան ոգիով մէկտեղուած` կատարեն իրենց աղօթքը…:
Յստակ է պատգամը: Աստուածային Վարդապետը կը շեշտէ հասարակաց աղօթքը հաւաքականութեան, որ կրնայ ըլլալ ազգային, եկեղեցական, ընկերային, միութենական, կուսակցական, քաղաքապետական, կառավարական եւ ընտանեկան: Իբր այդպիսիներ` միասին կ՛աղօթե՞նք: Բացառութիւնները յարգելի են, եթէ կան:
Այսպիսի աղօթքի Վարդապետն է, որ ստուգապէս կ՛ապահովցնէ մեզի, թէ միասնաբար աղօթողները «ինչ որ խնդրեն, պիտի ընդունին իմ երկնաւոր Հօրմէս» (Մտթ. 18,19):
Ազգին, եկեղեցիին, ընկերութեան, միութեան, կուսակցութեան, քաղաքապետութեան, կառավարութեան եւ ընտանիքին «երկու կամ երեք հոգիներ»-ուն կամ այն (բոլոր) անդամ-անդամուհիներուն մասին է խօսքը, որոնք «հաւաքուած են իմ անունովս», կ՛ըսէ Յիսուս:
Մէկտեղումը միշտ լաւ եւ օգտակար է: Բայց Յիսուսի անունով, այսինքն Յիսուսի հետ եւ Քրիստոսով մեր հաւաքը միշտ գործօն է, միշտ պտղաբեր է ու միշտ նպատակահաս է:
Ազգային, եկեղեցական, ընկերային, միութենական, կուսակցական, քաղաքապետական, կառավարական, ընտանեկան եւ անձնաւորական միութեան, միասնակութեան ու համերաշխութեան, ինչպէս նաեւ միասնական աղօթքին ու հաւաքոյթին թէ՛ կենդրոնն է եւ թէ՛ երաշխիքն է Յիսուս Քրիստոս, որ կը յայտարարէ. «Ես անոնց մէջն եմ» (Մտթ. 18,20):
Եզրակացնելով` Իմաստունն է, Առաքեալն է, Վարդապետն է, որ կը միացնէ, կը մէկտեղէ, կը կապէ, կ՛երաշխաւորէ, կ՛առաջնորդէ, կը լուսաւորէ, կ՛իմաստնացնէ եւ կ՛երկնաւորէ այս տեսակի ազգայինները, եկեղեցականները, ընկերայինները, միութենականները, կուսակցականները, քաղաքապետականները, կառավարականները, ընտանեկաններն ու անձնաւորականները` անոնց հետ ըլլալով եւ աղօթելով…
Մեր ազգային, եկեղեցական, ընկերային, միութենական, կուսակցական, քաղաքապետական, կառավարական, ընտանեկան եւ անձնաւորական միութեան, միասնակութեան ու համերաշխութեան գոյառումին եւ ամրապնդումին համար ժամանակին, տիեզերքին եւ յաւերժութեան Է-Իմաստունին մեզի տուած սկզբունքներէն, եւ այն գլխաւորագոյններէն մին է քրիստոնէական ներումը, եղբայրական ներողամտութիւնը:
Մարդը ՄԱՐԴ է, երբ գիտէ ներել: Հայը ՀԱՅ է, երբ կրնայ ներել: Քրիստոնեան ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՅ է, երբ կը ներէ:
Պետրոս, ոչ միայն Առաքելապետը, այլ նաեւ միշտ նախայարձակն ու համարձակախօսը, հոս ալ նոյն բնազդով կը հարցնէ իր սիրապաշտած Վարդապետին. «Տէ՜ր, եթէ եղբայրս մեղանչէ ինծի դէմ, քանի՞ անգամ պարտիմ ներել, մինչեւ ե՞օթն անգամ…: Յիսուս պատասխանեց.՛՛Չեմ ըսեր եօթն անգամ, այլ` մինչեւ եօթանասուն անգամ եօթն՛՛» (Մտթ. 18,21-22):
Ներեցի: Ներեցիր: Ներեց: Ներեցինք: Ներեցիք: Ներեցին:
Կը ներեմ: Կը ներես: Կը ներէ: Կը ներենք: Կը ներէք: Կը ներեն:
Պիտի ներեմ: Պիտի ներես: Պիտի ներէ: Պիտի ներենք: Պիտի ներէք: Պիտի ներեն:
Ներէ՛: Ներեցէ՛ք:
Անցեալի, ներկայի, ապագայի ու հրամայականի բոլոր եղանակներուն մէջ մշտատեւ առկայութիւնն ըլլալու է ներումը, մե՛ր ներումը բոլորին հանդէպ ու բոլորի՛ն ներումը մեզի հանդէպ:
Այսպէս, ներումը ո՛չ ժամանակ եւ ո՛չ եղանակ ունի: Նաեւ չունի` բացառութիւն, քմայք, աչառութիւն ու զարտուղութիւն: Ներումը չի ճանչնար սահման, չափ ու խորութիւն: Ներումը չի գիտեր գործածել «բայց…», «եթէ…»:
Մեր ներումը բոլորին հանդէպ ըլլալու է, այլապէս ներում չէ: Բոլորին ներումը մեզի` բոլորիս հանդէպ ըլլալու է, այլապէս ներում չէ: Ներումը հանդիսանալու է համայնական եւ անձնաւորական:
Եթէ այս որակումներով օժտուած է ներումը, թէ՛ անհատին եւ թէ՛ հասարակութեան համար անդորրութիւն է, մեծութիւն է, վեհանձնութիւն է, առաքինութիւն է, կատարելագործում է, սրբակերտում է:
Այս բարեմասնութիւններուն աղբիւրն է Յիսուս Քրիստոս, որ խօսքով եւ գործով սորվեցուց ներումը, նոյնպէս խօսքով եւ գործով կը պահանջէ իր հետեւորդներէն:
Խաչին վրայ` «Հա՜յր, ներէ՛ անոնց» իր օրինակելի աղօթքով եւ արարքով հրահանգեց մեզի նոյն աղօթքն ու արարքը կրկնել` յիշեցնելով իր յստակ սահմանումը «ի վերուստ» ստանալիք մեր ներումին համար.«Եթէ դուք ներէք մարդերու յանցանքները, ձեր երկնաւոր Հայրն ալ պիտի ներէ ձեզի: Իսկ եթէ դուք չներէք մարդերուն, ձեր երկնաւոր Հայրն ալ պիտի չներէ ձեզի` ձեր յանցանքները» (Մտթ. 6,14-15):
Էհտեն, 26 յուլիս 2012

