Տի. Էն. Էյ.-ի Ուսումնասիրութիւնը Յօդս Կը Ցնդեցնէ Այն Առասպելը, Թէ Ափալաչեան Լեռները Բնակող Մէկ Միլիոն Մարդ Թրքական Ծագում Ունի
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
Տասնամեակներ շարունակ թուրք կեղծ պատմաբաններն ու քարոզիչները արտառոց պնդումներ կ՛ընեն այն մասին, որ թուրքերը նախահայերն են աշխարհի տարբեր ցեղային խումբերու, ներառեալ` Ամերիկայի հնդիկներ, ափրիկեցի-ամերիկացիներ եւ ամէնէն տարօրինակը` մելունճենցիներ` Ափալաչեան լեռներու թխամորթ բնակիչներ:
Ուաշինկթընի մէջ հայերու կողմէ իրականացուող քաղաքական գործունէութեանց հակազդելու նպատակով Թուրքիոյ կառավարութիւնը ձեռք կը մեկնէ բոլոր անոնց, որոնք համաձայն են համագործակցելու` վճարուած ճանապարհորդութիւններու, յատուկ նուէրներու եւ նիւթական այլ պարգեւներու դիմաց, անոնց կարգին` ֆինանսաւորելով մելունճենցիներու ենթադրեալ թրքական ծագման շուրջ ուսումնասիրութիւններն ու համաժողովները: Թէեւ այդ մէկ միլիոն ափալաչիացիները չունին քաղաքական մեծ կշիռ Քոնկրեսին մէջ, այնուամենայնիւ, Անգարա շահագրգռուած է` պնդելով, թէ անոնք կը սերին թուրքերէն` յոյս ունենալով Միացեալ Նահանգներու մէջ ամրապնդելու իր քաղաքական եւ տնտեսական կապերը:
Թրքական նախաձեռնութիւնը բախեցաւ «փոքր» խնդիրի մը. արդարեւ, չգոյացան ապացոյցներ այն մասին, թէ մելունճենցիները սերած են թուրքերէ: Այս խնդիրը դիւրութեամբ լուծուեցաւ, երբ Թուրքիոյ կառավարութիւնը մելունճենցի Ն. Պրենթ Քենետիին «հետազօտութիւններ կատարելու դրամաշնորհ» տրամադրեց: 1995-ի ապրիլին վերջինս գնաց Պոլիս եւ գրեց գիրք մը, ուր կը պնդէ, թէ գերի վերցուած հարիւրաւոր օսմանեան նաւաստիներ բերուած են Հիւսիսային Քարոլայնա, Ֆրենսըս Տրէյքի կողմէ, 16-րդ դարուն:
Քենետի թուրքերուն եւ մելունճենցիներուն միջեւ «ապշեցուցիչ» նմանութիւններու երկար ցանկ մը կազմեց, ինչպէս, օրինակ, տաւարի միս եւ գետնախնձորի «փիւրէ» ուտելը, զիրար գրկելու սովորութիւնը, ափալաչիացիներու վերմակներուն օսմանեան ձեւը, անատոլեան ժողովրդական շուրջպարերու կատարումը եւ «Պլիւկրաս»-ի պէս հնչող թրքական երաժշտութիւնը: Ան յայտնաբերեց, որ թուրքերէն «նիայկարա» բառը կը հնչէ Նիակարայի պէս, «տիլհա եր» բառը կ՛արտասանուի Տելուեր, «թենասուհ» կը նշանակէ Թենըսի, «քան թոք»-ը` Քընթաքի, եւ «ալլահ պամիա»-ն` Ալապամա:
Ապա Քենետի նշեց, որ թուրք գիտնականները` «երկար ժամանակէ ի վեր կը կարծեն, թէ իրենց եւ Արեւելեան Ամերիկայի ծովամերձ շրջանին մէջ ապրող Ամերիկայի հնդիկներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող կապը հիմնուած է ինչպէս ֆիզիքական արտաքինի, նոյնպէս ալ ընդհանուր բառերու եւ սովորութիւններու վրայ»: Ան հաւաքեց այս «կարեւոր փաստերը» թուրք «պատմաբաններէն», Պոլսոյ «Մարմարա» համալսարանին մէջ իր ունեցած հանդիպումներուն ընթացքին: «Քանի մը հարիւր օսմանցի նաւաստիներ կրցած են ծինային, մշակութային եւ լեզուաբանական ուժեղ ազդեցութիւն` 16-րդ դարու բնիկ ամերիկացիներուն վրայ, որոնց հետ ամուսնացած են անոնք», մեծ վստահութեամբ կ՛եզրակացնէ Քենետի:
Այնուամենայնիւ, ափալաչիացիները զայրացուցած է մելունճենցիներու ցեղային ծագման փաստի աղաւաղումը եւ իրենց պատմութեան շահագործումը: Հիւսթըն քաղաքէն պատմաբան եւ մրցանակակիր լրագրող Թիմ Հեշօ ինծի ուղարկեց նամակ մը, որով կը խնդրէր «ուսումնասիրել ATTA-ի (Թուրք-ամերիկեան միութիւններու համաժողով) եւ մելունճենեան ժառանգութեան միութեան միջեւ կապը»: Հեշօ կը պնդէր, որ` «մելունճենցիները երեք ցեղերէն (սպիտակ, սեւ եւ ամերիկա-հնդիկներ) բաղկացած քիչ յայտնի համայնք մըն է` Վըրճինիա եւ Թենըսի նահանգներուն մէջ գտնուող Ափալաչեան լեռներուն վրայ: Ո՛չ այժմ, ո՛չ ալ երբեւիցէ մենք եղած ենք թուրք: Սակայն, մելունճենցիները կը շահագործուին թրքական միութիւններու կողմէ` հերքելու համար Հայոց ցեղասպանութեան փաստը եւ աջակցելու համար Ուաշինկթընի մէջ թրքական վիճայարոյց ծրագիրներուն»:
Հեշօ իր նամակին մէջ բացայայտեց, որ Թուրքիան «ուղարկած է նուէրներ, օրինակ` շատրուաններ, բոլոր անոնց, որոնք կը ժխտեն Հայոց ցեղասպանութիւնը: Անոնք յայտնած են մամուլին, թէ կ՛ակնկալեն մեր աջակցութիւնը Ուաշինկթընի մէջ: Զիս շարունակ կը տանջէ այն հարցը, թէ ինչո՞ւ թրքական համաշխարհային հետազօտութիւններու հիմնարկը կը ստանձնէ վճարել օդանաւի տոմսերու ծախսը, որպէսզի լեռնաբնակ եւ համեստ բազմաթիւ ափալաչիացիներ ուղարկէ Միացեալ Նահանգներէն Թուրքիա: Մենք մեծ կամ հարուստ ժողովուրդ չենք: Ինչո՞ւ Թուրքիոյ նախագահն ու վարչապետը առանձինն հարցազրոյցներ կու տան Ափալաչեան լեռներու մելունճենցիներուն, երբ հոս կ՛այցելեն: Ինչո՞ւ ATAA-ն եւ Պոլսոյ շրջանաւարտներու խումբը կը վճարեն մելունճենցիներ Նիւ Եորք ուղարկելու` պարգեւատրելու համար զանոնք Թուրքիոյ մատուցած իրենց ծառայութիւններուն դիմաց»:
Մելունճենցիներու ցեղային ծագման մասին Հեշոյի հրապարակած աշխատանքները հաստատուեցան «Ժուրնըլ աֆ ժենեթիք ժինիլոճի» ամսագիրին մէջ հրապարակուած Տի. Էն. Էյ.-ի նոր ուսումնասիրութեամբ, որ կը հերքէ այդ «անհիմն պնդումները», թէ` մելունճենցիները թուրք ստրուկներու յետնորդներ են: Փոխարէնը` ուսումնասիրութեան մէջ կը նշուի, թէ անոնք Սահարայէն ափրիկեցի տղամարդոց եւ հիւսիսային կամ կեդրոնական Եւրոպայէն սպիտակ կիներու ժառանգորդներ են»: Այս ուսումնասիրութեան հրապարակումէն շատ ժամանակ չանցած` թուրք-ամերիկեան խումբին սեւերես ղեկավարը իր հետեւորդներուն հաղորդեց վատ լուրը. «Ափալաչեան լեռներուն վրայ բնակող մելունճենցիները թուրք չեն»:
Հակառակ Տի. Էն. Էյ.-ի անվիճելի ապացոյցներուն, անուղղելի թուրք քարոզիչները, հաւանաբար, անտեսեն գիտական ուսումնասիրութիւնները: Անոնք կը շարունակեն պնդել, թէ Երկիր մոլորակին վրայ գրեթէ ամէն մարդ «սերած է թուրքերէն»: Թիմ Հեշօ հեգնաբար կը գրէ. «Էպրահեմ Լինքըլն թուրք էր: Էլվիս Փրեսլին թուրք էր: Ամերիկայի հնդիկները թուրքեր են: Օպամայի մաման թուրք էր: Մելունճենցիները ծնած են հեթֆիլտներու եւ մըքքոյներու երկիրին մէջ: Արեան վրէժը մեր Տի. Էն. Էյ.-ին մէջն է: Թուրքերը տակաւին չեն գիտեր, բայց պիտի զղջան այն բանին համար, որ ագահ եւ տգէտ մարդիկ կը կաշառեն, որպէսզի անոնք հերքեն Հայոց ցեղասպանութիւնը»:
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի
հրատարակիչ եւ խմբագիր
Թարգմանեց` ԿԱՐԻՆԷ ԳԷՈՐԳԵԱՆ

