Հայաստան-Պիելոռուսիա Բարեկամական Հանդիպումը Կը Կայանայ 15 Օգոստոսին. Տոմսերուն Գիները Անփոփոխ Են

15 օգոստոսին Վազգէն Սարգսեանի անուան «Հանրապետական» մարզադաշտին մէջ տեղի պիտի ունենայ Հայաստանի եւ Պիելոռուսիոյ ֆութպոլի ազգային հաւաքականներու բարեկամական հանդիպումը:

Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի մամլոյ քարտուղարութիւնը կը յայտնէ, որ վերը նշուած խաղին տոմսերը կը վաճառուին 1 օգոստոսէն, «Հանրապետական» մարզադաշտի կողքին գտնուող տոմսարկղերուն եւ Խանջեան 27, Մաշտոցի 20 եւ Ռաֆֆիի 31 հասցէներուն մէջ գտնուող «Հիւմմել» խանութներուն մէջ:

Տոմսերուն արժէքն է`

– Հարաւային եւ հիւսիսային բեմերը` 3000 դրամ

– Արեւելեան բեմ` 5000 դրամ

– Արեւմտեան բեմ` 8000 դրամ:

Յիշեցնենք, որ նման գիներ սահմանուած էին նաեւ 5 յունիսին տեղի ունեցած Հայաստան-Ղազախստան հանդիպման համար, որուն իբրեւ արդիւնք բեմերու տեղերը կիսադատարկ էին:

Share this Article
CATEGORIES