Լիզպոնի Գործողութեան Առիթով
ՆԺԴԵՀ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ
Մինչեւ 1983, 27 յուլիսը սովորական թուական մըն էր հայ ժողովուրդին համար, սակայն 1983-ին կատարուած Լիզպոնի գործողութեամբ այդ օրը դարձաւ յատկանշական, պայքար, անձնազոհութիւն, յեղափոխութիւն արտայայտող օր մը:
29 տարիէ ի վեր մենք կը յիշենք այդ գործողութիւնը, ծաղիկ կը զետեղենք, կը խոնարհինք հերոսներուն շիրիմին առջեւ, կ՛երգենք յեղափոխական երգեր, կ՛արտասանենք հայրենասիրական խօսքեր, ու բոլորս ալ այդ օրը (ինչպէս նաեւ տարուան ընթացքին այլ օրեր` ապրիլ 24, մայիս 28…) կը դառնանք յեղափոխականներ, կը դառնանք հայրենասէրներ, կ՛որոշենք հետեւիլ Լիզպոնի հինգին, կ՛որոշենք դառնալ հերոսներ, կ՛որոշենք զոհուիլ յանուն Հայ դատին, յանուն հայ ժողովուրդի իրաւունքներու վերատիրացման:
(Յարգանքս բոլոր հայրենասիրական ջիղ ունեցողներուն):
Սակայն այս բոլորէն ե՞տք… կ՛որոշենք, շա՛տ լաւ, բայց ի՞նչ կ՛ընենք: Այս գրութեամբ չեմ ուզեր քննադատել հայրենասէր երիտասարդները, որոնք որոշում կու տան վերոյիշեալները կատարելու: Կ՛ուզեմ պարզապէս լուսարձակի տակ առնել կարգ մը կարեւոր հարցեր եւ փորձել կարելի եղած չափով համապատասխան պատասխաններ գտնել:
Նախ հարց տանք, թէ ինչո՞ւ երիտասարդութիւնը տարուան ընթացքին միայն քանի մը օրուան համար այնքան հայրենասէր է: Թերեւս որովհետեւ կ՛ապրինք օտարութեան մէջ, սփիւռքի մէջ, հեռու` մեր հայրենիքէն հեռու եւ թերեւս միմիայն այդ օրերուն առիթով կազմակերպուած ձեռնարկներով կրնանք վերապրիլ հայրենասիրական զգացումները:
Արդեօք այդպէս կը պատահի, որովհետեւ 21-րդ դարը ապրելով` ունիք ա՞յլ ընելիքներ, որոնք աւելի կարեւոր են մեր առօրեայ կեանքը ապրելու:
Այս հարցումներուն պատասխանը գտայ Լիզպոնի տղոց խօսքերուն, ապա անոնց կատարած գործին մէջ:
Ուստի մէջբերեմ Սիմոնին խօսքը. «Հիմա կ՛ապրինք ուրիշին տիրապետութեան տակ, ուրիշին խամաճիկներն ենք»:
Վաչէ Տաղլեան. «Ի՞նչ է երիտասարդը այսօր. պիտի ծնի, պիտի ապրի, պիտի մեծնայ օտարութեան մէջ, օտար շունչ պիտի շնչէ եւ պիտի ամուսնանայ, պզտիկ պիտի բերէ, մեռնի, վերջացաւ: Ա՞յս է: Ո՛չ: Մեզի համար բոլորովին տարբեր է: Մինչեւ այն ատեն որ մեր հողերուն վրայ չենք, մենք բան մը չենք»:
Դարձեալ Սիմոն Եահնիեան. «Մենք ալ երիտասարդներ ենք, մենք ալ կը զգանք ամէն ինչ, որ իրենք կ՛ընեն, եւ մենք ալ կը տեսնենք աշխարհի բարիքները»:
Ժամանակը արդէն փաստեց, եւ Լիզպոնի տղաքը իրենց գործողութեամբ այդ խօսքերուն եւ մեր հարցումներու հատու պատասխանեցին` ցոյց տալով, որ այդ բոլոր հարցերը կան, սակայն պէտք չէ ընկրկինք անոնց տակ, այլ փորձենք լուծել ու փոխել զանոնք այնպէս, ինչպէս այդ տղաքը կատարեցին 1983 յուլիս 27-ի գործողութեամբ: Սակայն մատնանշուելիք հարցերը կը շարունակուին:
Արդեօք դաստիարակութեան փոխանցման մէջ թերացո՞ւմ կայ, թէ՞ պարզապէս անտարբերութեան ժանգը պատած է բոլորիս հոգիները:
Արդեօք պատրաստակամութեամբ զինուելու իմաստով թերացո՞ւմ կայ, թէ՞ ազգային գործին ու միասնականութեան նկատմամբ հաւատքի պակաս:
Պատասխանը դարձեալ գտայ Լիզպոնի տղոց խօսքերուն մէջ, ուստի մէջբերեմ:
Արա Քըրճըլեան. «Շատ երիտասարդներ կ՛ըսեն, թէ երբ ժամանակը գայ, մենք պատրաստ ենք. ժամանակը չի գար, երբ որ չմօտեցնենք մեզի»:
Սարգիս Աբրահամեան. «Այո՛, հաւատքի պակաս կայ մեր մէջ, բայց մենք վճռած ենք քալել մեր ֆետայիներուն ճամբէն»:
Շարունակենք մատնանշել:
Արդեօք պակսա՞ծ է հետեւողական աշխատանքը: Հաւանաբար` այո՛, որովհետեւ մենք մեզ կը զբաղցնենք, մեր ժամանակը կը վատնենք մանր-մունր հարցերով, քննադատելով եւ խօսելով: Կը քննադատենք մեծերը, կը քննադատենք երիտասարդները, կը քննադատենք կազմակերպութիւնները: Սակայն ասոր դիմաց ի՞նչ կ՛ընենք: Մինչեւ ե՞րբ: Կամ այն է, որ կը փորձենք բան մը փոխել, կամ ալ կը մնանք տկար ու մէկս միւսս կը քննադատենք` մնալով տեղքայլի մէջ:
Դեռ որքա՞ն պիտի մնանք տեղքայլի մէջ, պիտի սպասենք, որ կորսնցնե՞նք երիտասարդութիւնը, կորսնցնե՞նք մեր ազգային ջիղը, կորսնցնե՞նք մեր ինքնութիւնը:
Ուստի չքննադատենք մէկս միւսս, այլ վայրկեան մը մտածենք բոլորս միասին, քննադատենք ու հարուածենք մեր ամբողջութեան, որովհետեւ բոլորս միասին պէտք է աշխատինք. չխօսինք աշխատանքներու մասին, չխօսինք փոփոխութիւններու մասին, չխօսինք «ընելիքներու» մասին, այլ ընե՛նք ինչ որ պէտք է, գործենք, որպէսզի կարենանք արդարացնել մեր վրայ դրուած յոյսերը, ինչպէս Սեդրակ Աճեմեան ըսած է. «Մեզմէ աւելի լաւերն ալ պիտի գան, մեզմէ աւելի գործեր ալ պիտի ընեն»:
Այն ատեն է միայն, որ կը յաջողինք յարգել մեր նահատակները` արժեւորելով անոնց կատարած գործը:
Այն ատեն է միայն, որ կրնանք իսկապէս հայրենասէր դառնալ:
Այն ատեն է միայն, որ կրնանք քալել անոնց բացած ճամբէն:
Պէտք է սթափինք, կանգնինք ոտքի եւ թօթափենք անտարբերութեան եւ անհոգութեան ժանգը մեր հոգիներուն վրայէն:
Արարատը նուաճելի է:

