Պատմութեան Մեքենականութիւնը

ՎԱՐԱԳ ԳԵԹՍԵՄԱՆԵԱՆ

Պատմական իրողութիւն է, որ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան ծնունդը կամ հիմնադրութիւնը կը յաջորդէ այն թուականներուն, երբ Եւրոպայի մէջ արդէն ծնունդ առած էին եւ կը գործէին Քարլ Մարքսի եւ Ֆրետերիք Հեկելի փիլիսոփայական գաղափարները: Կը խօսիմ ժամանակաշրջանի մը մասին, երբ այս գաղափարները լայն ազդեցութիւն եւ ժողովրդականութիւն կը վայելէին Եւրոպայի ժողովուրդին տարբեր խաւերուն մօտ:

Այս յօդուածով կ’ուզեմ անդրադառնալ կամ շեշտը դնել այս երկու փիլիսոփաներուն մէկ հիմնական գաղափարին վրայ. հակառակ անոր որ անոնք կը տարբերին իբրեւ առարկութիւն, սակայն կրնանք ըսել, թէ ուղղուածութիւնը նոյնն է. կը խօսիմ անշուշտ այն գաղափարին մասին, որուն այս երկու հանճարները կ’ակնարկեն իբրեւ «Պատմութեան մեքենականութեան» (historical mechanism) կամ` այն շարժառիթներուն, որոնք թոյլ կու տան պատմութեան յառաջընթացը եւ յառաջ կը մղեն անոր շարժումը` իբրեւ տարբեր եղելութիւններու եւ դէպքերու շարունակականութեան: Անկախ անկէ, որ այս փիլիսոփաներուն համար «Պատմութեան մեքենականութիւնը» գործադրելի է համաշխարհային գետնի վրայ, կ’ուզեմ շեշտը դնել այն երեւոյթին վրայ, թէ որո՛նք են հիմնականին մէջ այն դրդապատճառները, որոնք ոչ միայն կը յառաջացնեն հայ ժողովուրդին պատմութիւնը, այլեւ կ’ուզեմ խօսիլ այն շարժառիթներուն  մասին, որոնք աշխուժացուցած են եւ տակաւին կը շարունակեն աշխուժացնել Դաշնակցութեան մեծ ընտանիքին 122-ամեայ պատմութեան մեքենականութիւնը եւ ուղղուածութիւնը:

Հարկ է նախ ուսումնասիրել Հեկելի տեսակէտը այս նիւթին շուրջ, տրուած ըլլալով, որ Մարքս ինք շատ ազդուած է Հեկելի գաղափարներէն: Այս վերջինս պատմութիւնը կը ներկայացնէ իբրեւ մէկ ամբողջութիւն, որուն ուղղուածութիւնը կամ հոսանքը դէպի բանականութիւն (rationality) ձգտումն է: Ուստի անոր համաձայն, պատմութեան շարժառիթը միայն մտային կամ հոգեկան մեքենայ մըն է, որ ինք կը կոչէ «Բացարձակ ոգի» (Absolute spirit): Այս անմարմին շարժիչը, որ հիմնական տեղ կը գրաւէ Հեկելի պատմութեան փիլիսոփայութեան մէջ, արտացոլացումն է բանականութեան կամ արդարամտութեան (reason): Հեկելի համար մարդ արարածը կարող է տրամաբանական բացատրութիւն տալ այս «ոգիին» եւ, այսպէս, էապէս հասկնալ որեւէ ճշգրիտ պահ պատմութեան մէջ: Հեկել կը բացատրէ, թէ ամէնէն հիմնական պայմանը կամ կացութիւնը, որուն մէջ կարելի է խօսիլ այս «Բացարձակ ոգիին» մասին` իբրեւ պատմութեան շարժիչ ուժի, այդ կացութիւնն է, որուն մէջ մարդիկ ազատ են կամ ունին ազատ կամք: Հեկելի համար այս ազատութեան գագաթնակէտը հոն է, ուր մարդիկ կը զբաղին արուեստով, փիլիսոփայական զննութիւններով եւ կը հետեւին կրօնին: Հետեւաբար պատմութիւնը կը դառնայ մարդոց ազատութեան արտայայտութեան դաշտը. այս երեք տուեալներուն ընդմէջէն է, որ պատմութիւնը կը նպաստէ մարդ արարածի ինքնաճանաչման իրագործումին, կը բացատրէ Հեկել: Ըստ անոր, պատմութիւնը մագլցողական իրագործում մըն է, որ մարդ արարածը դէպի ինքնաճանաչում կ’առաջնորդէ: Այս բացարձակ ոգիին ընդմէջէն է, որ կը հասկնանք մարդուն ազատութիւնը, որուն գիտակցութիւնը, ըստ Հեկելի, հիմնական սկզբունք մըն է այս ոգիի յառաջընթացին: Աւելի յստակ ըլլալու համար կարելի է ըսել, թէ մարդ արարածին գիտակցութիւնը կարծես մէկ կողմէն արդիւնքն է այս բացարձակ ոգիին, որ կը կառավարէ աշխարհի պատմութեան ընթացքը, իսկ միւս կողմէն` հիմնական պատճառն է այս ոգիին մեքենականութեան: Ուրեմն կարելի է ըսել, թէ մարդկային գիտակցութիւնը եւ բացարձակ ոգին ուղղակիօրէն կը կապուին իրարու, որուն իբրեւ արդիւնք` կը գործեն պատմութեան մեքենականութիւնն ու ուժականութիւնը (dynamism): Բանականութիւնը իր կարգին այն ազդակն է, որ մարդ արարածը կ’առաջնորդէ իրավիճակի մը, ուր ան կարող ըլլայ ինքզինք ճանչնալու: Տրուած ըլլալով, որ բացարձակ ոգին արտացոլացումն է այս բանականութեան, հետեւաբար անոր նպատակը, ինչպէս յիշեցինք, կ’ըլլայ ինքնաճանաչումը: Այս ինքնաճանաչման երթն է, որ բացարձակ ոգիին ընդմէջէն կ’ուղղէ պատմութեան ընթացքը, եւ այսպիսով արդարամտութիւնը ինքզինք կը յայտնէ ներկայ ու իրական աշխարհին մէջ:

Կարեւոր է հասկնալ հեկելեան այս վերացական գաղափարը, որ կրնայ շատերու համար անհասկնալի թուիլ,  բայց եւ այնպէս հիմնական նշանակութիւն ունի` հասկնալու Մարքսի պատմութեան մեքենականութեան փիլիսոփայութիւնը, որ ամբողջովին կը ժխտէ Հեկելի սկզբունքները, եւ, ինչու չէ, աւելի ուշ հասկնալ Դաշնակցութեան պատմութիւնը շարժող տարրերը. հասկնալ եւ լաւապէս ըմբռնել ներքին ուժի մը գաղափարը  հիմնական է այն, ինչ որ պիտի բացատրեմ, երբ կարգը գայ ՀՅԴ-ի մեծ ընտանիքի մեքենականութեան:

Քարլ Մարքս, որ լաւապէս ծանօթ էր Հեկելի գաղափարներուն, կը փորձէ բացատրել պատմութեան մեքենականութիւնը` ամբողջովին հակադրուելով Հեկելի սկզբունքներուն: Ամէնէն հիմնականը այն է, որ Մարքս կը ժխտէ անշունչ, անմարմին կամ ներքին շարժիչի մը գոյութիւնը, որուն Հեկել կ’ակնարկէ իբրեւ բացարձակ ոգի: Զարմանալի չէ, որ այն միջավայրը, որուն մէջ Մարքս կը լուսաբանէր իր փիլիսոփայութիւնը, ամբողջովին հիմնուած ըլլար առարկայական կամ ընչապաշտական սկզբունքներու վրայ. խօսքս 19-րդ դարու մասին է անշուշտ, երբ տեղի կ’ունենար ճարտարարուեստական յեղափոխութիւնը:

Ընկերութիւնը բաժնելով երկու տարբեր խաւերու` աղքատ-բանուորականութիւն եւ հարուստ- քաղքենիութիւն, Մարքս կը հաւատայ, թէ այս երկու հակադրուած խաւերը, որոնք կը կազմեն ընկերութիւնը, կը բաժնեն այնպիսի մեքենականութիւն մը, որ կը հիմնուի անձնական շահի կամ ինչքերու ապահովութեան վրայ: Պատմութիւնը եւ ընկերութիւնը, ըստ Մարքսի, շարունակականութիւն մըն են պայքարի մը, որուն թէ՛ նպատակը, եւ թէ՛ միջոցները  կը հիմնուին առարկայական ազդակներու վրայ: Հոս պէտք է նշել հետեւեալը. հակառակ անոր որ Մարքս կը հաւատայ, թէ պատմութիւնը ունի վախճանաբանական իմաստ, այսինքն կ’ենթադրէ, որ տիեզերքի պատմութիւնը կ’ուղղուի դէպի մէկ նպատակայարմար ուղղութիւն, որն է` մարդկային  կամ մարդ արարածին ազատութիւնը,  սակայն ան չի խուսափիր օգտագործելէ առարկայական մեկնակէտեր, ինչպէս վերի տողերուն մէջ բացատրեցինք: Մարդիկ Մարքսի համար արդիւնաբեր էակներ են, որոնց գիտակցութիւնը  կը ձեւաւորուի զանոնք շրջապատող բոլոր առարկայական տուեալներէն: Այնպէս մը չէ, որ գիտակցութիւնը ինքնիշխան կերպով կը կառավարէ մարդոց մտածումները, այլ ան այդ մտածումներուն արդիւնքն է, որ երեւան կու գայ այն բոլոր առարկայական կացութիւններէն, որոնք կը շրջապատեն մարդը: Այսպէս է, որ Մարքսի համար առարկայական աշխարհը ձեւով մը «կ’իւրացնէ» մարդ արարածը` իր հակակշիռին տակ առնելով անոր հիմնական առանձնայատկութիւնը` գիտակցութիւնը: Երբ առարկայական աշխարհ կ’ըսենք Մարքսի մօտ պէտք է հասկնանք տնտեսութիւնը կամ տնտեսագիտութիւնը: Ըստ անոր, այս հիմնական տուեալն է, որ կը ստեղծէ ու կը կառավարէ մարդոց յարաբերութիւնները եւ անոնց գործելաոճը. ամէն բան կը սկսի դառնալ մէկ տարբերակ  առարկայի կամ ինչքի, որ գլխաւոր նպատակը կամ ձգտումը կը դառնայ մարդոց կեանքի վերոյիշեալ պայքարին մէջ: Ուրեմն տնտեսութիւնն է, որ կ’առաջնորդէ մարդն ու աշխարհի պատմութիւնը` իբրեւ սկզբնակէտ եւ միաժամանակ նպատակ: Այս աշխարհին մէջ գաղափարական սկզբունքները կը կորսուին եւ տեղ կու տան ընչապաշտութեան, որ, ըստ Մարքսի, կրնան որոշ թերափապաշտութիւն (fetishism) մը ստեղծել կարգ մը մարդոց մօտ: Մարքսի փիլիսոփայութիւնը նիւթապաշտութեան մասին բաւական ընդարձակ է, բայց մենք պիտի կեդրոնանանք մէկ երեւոյթի վրայ, որն է` պատմութեան յառաջընթացը, շեշտելով, որ Մարքսի մօտ նիւթապաշտութիւնը հիմնական շարժիչն է պատմութեան:

Նախքան ուսումնասիրելը այն, թէ դաշնակցական մարդուն համար ո՛րն է պատմութեան մեքենականութիւնը կամ դաշնակցական մեքենականութիւնը, պէտք է ըսել, թէ Մարքսի գաղափարները մեծ կշիռի վրայ կը գտնուին եւ ներկայ դարուս կրնան որոշ չափով գործնական թուիլ, աւելի քան` Հեկելի գաղափարները, սակայն պէտք է նաեւ նկատի առնել այն, թէ իւրաքանչիւր ժողովուրդ կամ նոյնիսկ կուսակցութիւն կ’ունենայ իր իւրայատկութիւնները եւ ճիշդ հոս է, որ պէտք է փնտռել Հեկելի գաղափարները եւ տեղադրել զանոնք: Ճիշդ հասկնալու համար այն, ինչ որ պիտի բացատրեմ, պէտք է նախապէս ըսել, թէ տուեալ ուսումնասիրութիւնը` դաշնակցական մեքենականութիւնը, որոշ չափով ունի հոգեբանական բնոյթ, որովհետեւ պիտի քննենք եւ տեսնենք, թէ դաշնակցական մարդուն մտքին եւ հոգիին մէջ ի՛նչ տեղի կ’ունենայ, որ այսուհետեւ պիտի կոչեմ «Դաշնակցական ուժականութիւն»:

Ուր ալ ըլլանք ներկայ աշխարհին մէջ, անկարելի է բոլորովին ժխտել եւ անտեսել մեր շուրջը գտնուող առարկայական գոյութիւնները եւ այն յարաբերութիւնները, որոնք կը ստեղծուին մեր եւ առարկային միջեւ: Միւս կողմէ, խօսինք կուսակցութեան մը գոյութեան մասին. կուսակցութիւն մը չի կրնար գոյատեւել, եթէ չունենայ համակիրներու եւ կուսակցականներու մեծ փաղանգ մը, որոնք կը գործեն տուեալ կուսակցութեան յառաջընթացին համար: Ի՞նչն է, որ առիթ կու տայ այս փաղանգին գործել, անկախ նիւթական կամ առարկայական առիթներէ, հիմնական նիւթն է մեր ուսումնասիրութեան այս բաժնին:

1890-էն ի վեր Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը գործած է եւ դեռ կը շարունակէ գործել, ինչպէս ըսինք, շնորհիւ իր համակիրներուն եւ կուսակցական գործիչներուն: Անշուշտ ՀՅԴ-ի ծնունդը աստուածատուր դէպք մը չէ պատմութեան մէջ, այլ` շարունակականութիւն մը ուրիշ դէպքերու, ինչպէս` Զարթօնքը, բայց ատիկա մեր նիւթէն դուրս կը մնայ այժմ:  Երբ կ’ուսումնասիրենք ՀՅԴ-ի պատմութիւնը եւ դէպքերը, որոնք կուսակցութիւնը առաջնորդած են մինչեւ ներկայ ժամանակներ, կարելի չէ անտեսել այն իրականութիւնը, թէ պատմութիւնը ինքնին առարկայական դէպքերու մէկ ամբողջութիւն մըն է, որոնք կարծես իրարու շղթայուած կը յառաջանան եւ ինչպէս գրեթէ բոլոր ազգերուն պատմութիւնը, ՀՅԴ-ի պատմութիւնն ալ կը բխի այն պայքարէն որ տեղի կ’ունենար Օսմանեան կայսրութեան եւ հետագային նաեւ Արեւելահայաստանի մէջ` վասն կեանքի եւ ինչքի ապահովութեան: Մինչեւ հիմա յստակ է, թէ կ’որդեգրենք Մարքսի գաղափարները, սակայն ճիշդ հոս է, որ պէտք է հասկնանք հեկելեան փիլիսոփայութիւնը: Տասնեակ տարիներու ընթացքին Դաշնակցութիւնը մեծաթիւ արարքներ կատարած է` ըլլան անոնք ահաբեկչական, ֆետայական կամ պատժական: Այո՛, վստահ եմ, որ դաշնակցական մեծ ընտանիքը (համակիր + կուսակցական) կը գիտակցի այս դէպքերուն առարկայական երեւոյթին, ինչպէս որ 1896-ին Պանք Օթոմանի գրաւման ժամանակ կամ 1897-ին Խանասորի արշաւանքի ատեն յստակ էր ժողովուրդին համար, թէ առարկայական գոյութիւնը` 1896-ին եւրոպական դրամագլուխը իսկ 1897-ին մազրիկ ցեղը հիմնական թիրախներն էին, սակայն միաժամանակ հոգեբանական այլ դէպք մը տեղի կ’ունենայ անգիտակցաբար կամ ոչ: 122 տարիներու վրայ շարունակուող դէպքերը ժողովուրդին մէջ կը ստեղծեն գիտակցութիւն մը, որ, այո՛, մէջտեղ կու գայ իբրեւ առարկայական տուեալներու արդիւնք, սակայն կը ստեղծեմ այն, ինչ որ կը կարծեմ յստակ պիտի ըլլայ «գաղափարական մեկնակէտ» եզրով: Այս ըսելով` կ’ուզեմ հասկցնել, թէ ժողովուրդը անցեալը կամ նշեալ դէպքը չի տեսներ միմիայն իր առարկայական բնոյթով, այլեւ  անոր մէջ կը սկսի կենդանանալ ներքին ուժ մը, որ ինքնին յառաջ կը մղէ անոր պայքարը: Բարոյական, գաղափարական մնայուն դասեր քաղելը հիմնական մէկ շարժակն է մեր ժողովուրդի յաջողութիւններու պատմութեան մէջ: Այս ներքին ուժը, որուն մասին կը խօսիմ, կը նոյնանայ հեկելեան գիտակցութեան հետ, որ ինքնին բանականութեան արդիւնք է, որովհետեւ այս ներքին ուժը պիտի չստեղծուի, եթէ ժողովուրդը իրապէս չկարողանայ տեսնել խանասորներու, նեմեսիսներու եւ լիզպոններու իսկական գաղափարական արժէքը: Խօսքս միայն պատմութենէն ներշնչուելու մասին չէ, այլ պատմութիւնը, ինչպէս ըսի, դիտել իբրեւ գաղափարական մեկնակէտ եւ սկզբնակէտ` յառաջիկայ գործունէութեան մէջ: Հետեւաբար ինքնին առարկայական իրականութիւնը պատճառ կը դառնայ կենդանացնելու մղիչ ներքին ուժ մը, որ կը գործէ գաղափարական հիմքերու վրայ: Ուրեմն ՀՅԴ-ի պատմութիւնը ո՛չ միայն ամբողջութիւն մըն է, որ կ’արթնցնէ մարդոց զգացականն ու հոգեկան բաժինները, որովհետեւ եթէ սահմանափակուինք այս իմաստով, կ’իյնանք պատմութենէն ներշնչուելու ծուղակին մէջ, որ կրնայ ապագայի համար վտանգաւոր դառնալ, երբ կը հասցնէ «կոյր հետեւողականութեան», այլ ՀՅԴ-ի պատմութիւնը ինքնին պէտք է դիտենք իբրեւ գաղափարախօսական սկզբունք, որ կ’առաջնորդէ դաշնակցական մարդուն գործելաձեւը, եւ ուր այսպիսով դաշնակցական մեծ ընտանիքը լայն տեղ կու տայ բանականութեան, խորհրդածութեան` հասկնալով պատմութեան մեքենականութիւնը իբրեւ գաղափարական յաղթանակ եւ ոչ պարզապէս առարկայական: Ներշնչում մը կայ, որ միշտ ներկայ է, բայց որ ունի տարբեր ուղղուածութիւն, քան ինչ որ ունի զգացական եւ հոգեկան ներշնչումը:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )