Դէպի Յառա՛ջ

ՓԱԹԻԼ ԵՍԱՅԵԱՆ

Տակաւին անցեալի փառքերով կ՛ապրինք:

Տակաւին անցեալի յաջողութիւնները վերյիշելով, փառաբանելով, զանոնք իւրացնելով է, որ կը գործենք:

Տակաւին պաշտպանողական վիճակի մէջ ենք, չենք նախաձեռներ: Կը հակազդենք, երբ աղմուկ մը բարձրանայ, այդ ալ կ՛ընենք ուշացումով եւ տատամսումով:

Տակաւին կը պոռթկանք միայն այն վայրկեաններուն, երբ այդ պոռթկումը ակնկալուած է, երբ ոչ ոք կը զարմանայ. երբ թշնամին արդէն իսկ պատասխանը պատրաստած է եւ անփոյթ մեզ կը սպասէ:

Տակաւին մենք մեզ կը քննադատենք` առանց գիտակցելու, թէ իւրաքանչիւր «ես»-ը մասնիկ մըն է «մենք»-ին, որ եթէ չանջատուի ժանգ կապած մտքերէն կամ չկերպարանափոխուի, չի կրնար «մենք»-ը դէպի յառաջ տանող դիպուկ ու վարակիչ ուժ մը դառնալ:

Տակաւին չենք հասկցած, թէ թերացումը այս աշխարհի մէջ ամէնուրեք է, եւ թէ միայն սխալը մատնանշելու կարողութիւնը եւ զայն սրբագրելու պատրաստակամութիւնն ու յանդգնութիւնը ունեցողն է, որ խաղին օրէնքները ըմբռնած է:

Տակաւին կը հաւատանք, որ ձեռնածալ մնալով, ապրիլէ ապրիլ, յուլիսէ յուլիս քարոզչական ձեռնարկներ ընելով, քիչ մը վլվլուկ ստեղծելով` երիտասարդութեան մօտ իսկական պայքարի առողջ ոգին պիտի արթննայ:

Եւ դժբախտաբար տակաւին կը հաւատանք, որ մեր պայքարը միայն մեր սահմանագծած սփիւռքին եւ Հայաստանի մէջ է, մոռնալով, որ պոլսահայութիւնն ալ սփիւռքին մաս կը կազմէ, անտեսելով, որ Արեւմտեան Հայաստանը շօշափելի իրականութիւն դարձած է, եւ` յամառօրէն մեր շուրջինները համոզելով, որ հակաթուրք պայքարի մեր աւանդական դարձած միջոցներէն շեղիլը մեր նպատակներէն շեղելու համազօր է:

Հիմա 2012 թուականն է: Լիզպոնի գործողութեան 29-ամեակն է… ա՛լ պէտք է սթափիլ:

Լիզպոնի տղոց առաքելութիւնը անցեալի փառքերով ապրիլը չէ:

Լիզպոնի տղոց յիշատակը յարգելը անոնց անունը անընդհատ գործածելով եւ չարաշահելով չէ:

Ո՛չ ալ անպայման զինեալ պայքարի, զէնքի ուժի եւ մարտական կենցաղի երկրպագու դառնալն է:

Եւ վստահ ոչ` ցուցական ազգասիրութեան ռահվիրաներ դառնալով, համացանցի վրայ մեր սուրբ զինանշանն ու խիզախ մարտիկներուն եւ մտաւորականներուն նկարները ծանուցողական առարկաներ դարձնելով է:

Կը բաւէ, որ մեր սերունդը հասկնայ, թէ ինչո՞ւ 1983-ին հրամայական էր Լիզպոնի գործողութիւնը կատարելը:

Կը բաւէ, որ մեր սերունդը զգացական մօտեցումէ անդին երթայ, եւ ծանօթանայ իսկական գործողութեան` անոր ներքին եւ արտաքին ճակատներով:

Միայն այն ժամանակ է, որ պիտի հասկնանք, թէ այսօրուան պայմաններուն մէջ Հայ դատի աշխատանքը ի՛նչ միջոցներով կարելի է գործադրել:

Եւ երբ վերջապէս հասկնանք, ալ ո՞վ պիտի համարձակի մեզ անտարբեր անուանել: Ալ ո՞վ պիտի համարձակի երիտասարդութեան սանձը քաշել:

Քաջութիւն կ՛ուզէ նոր հորիզոններ բանալը. միայն երկչոտն է, որ անցեալի փառքերուն, սովորութիւններուն եւ ապահով քայլերուն կառչած մնալով` տակաւին կը սեղմէ մտածողութեան օղակը:

Թո՛ղ որ մեր մէջ Լիզպոնի տղոց ժառանգորդ խենթեր ըլլան. եւ թո՛ղ շատնան… Մինչեւ որ բոլո՛րը արթննան:

Խելագարած ամբոխները երբեք չեն անտեսուիր…

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES