Հետաքրքրական Մերկացում Մը. Փոքրամասնական Վարժարաններու Մէջ Թուրք Փոխտնօրէնին Պարտականութիւնը Ի՞նչ Է

«ՆՈՐ ՄԱՐՄԱՐԱ»

Էմին Քեշմեր անուն թուրք ուսուցիչ մը, որ երկար տարիներ հայկական ու յունական դպրոցներու մէջ ուսուցչական ու փոխտնօրէնի պաշտօն կատարեր է, վերջերս հրատարակեց գիրք մը, որուն մէջ կը պատմէ այդ շրջանի իր ապրումները: Գիրքը կոչուած է «Փոշեթ մը (ծրար մը) Պոլսոյ հող»: Ան ծանր մեղադրանքներ, աւելի ճիշդ` մերկացումներ ունի այդ շրջանի կրթական վարչակարգին դէմ, որովհետեւ դիտել կու տայ, որ փոքրամասնական վարժարաններէ ներս փոխտնօրէններու նշանակումին միակ նպատակն էր հակակշռի տակ պահել այդ վարժարանները, փոքրամասնական մանուկները հմայել ու դէպի այս կողմը առնել, լրտեսել դպրոցի մէջ անցած-դարձածները: «Ճանչցայ այնպիսի թուրք փոխտնօրէններ, որոնք կը գանգատէին, որ փոքրամասնական աշակերտները բաւարար խանդավառութեամբ չէ, որ կ՛երգէին անկախութեան քայլերգը», կը պատմէ Քեշմեր:

«Ակօս»-ի մէջ հրատարակուած է Էմրէ Էրթանի կողմէ Քեշմերի հետ կատարուած հարցազրոյց մը, որուն մէջ նախկին փոխտնօրէնը կը պնդէ, որ ամէն մարդ գիտէ արդէն, թէ կրթական նախարարութեան կողմէ նշանակուած թուրք փոխտնօրէններուն գլխաւոր պարտականութիւնն էր հակակշռի տակ պահել փոքրամասնութիւնները, որոնք կասկածելի տարրեր կը նկատուէին: Ասիկա արդէն ցոյց կու տար, որ փոքրամասնութիւնները երկրորդ կարգի քաղաքացի կը նկատուէին: Քեշմեր այս գիրքը գրած է, որպէսզի բացատրէ, թէ այսպիսի փոխտնօրէնի պաշտօն մը ընդունելի պէտք չէ ըլլայ:

Գիրքին մէջ պատմուած է այն յոյներուն մասին, որոնք ստիպուեցան Պոլիսէն Յունաստան գաղթել: Ասոնցմէ մէկը Թուրքիոյ մէջ մնացած իր ազգականներուն գրած է նամակ մը. «Սթելիօ  Պարպա մեռաւ, եկէք յուղարկաւորութեան ու գալու ընթացքին փոշեթ մը լեցուն Պոլսոյ հող բերէք»:

Որովհետեւ այս մարդիկը այսպէս կը կտակէին:

«Մենք այս մարդոց չարիք գործեցինք, անոնք այս երկրին մարդիկն էին, անոնք գացին ու մենք աղքատացանք: 1915-էն ետք Թուրքիոյ մէջ ճարտարապետութիւն չմնաց: Մինչդեռ անկէ առաջ աշխարհահռչակ ճարտարապետներ ունէինք: 1880-ական թուականներուն իսկ Տրապիզոնի մէջ պալէ եւ օփերա կար: Ոչնչացուած այս մշակոյթներուն տեղ նոր մշակոյթ մը ստեղծել ուզեցին, բայց արդիւնքը հիմա մէջտեղն է: Մինչեւ որ անցեալի հետ երես առ երես չգանք, Թուրքիա չի կրնար ժողովրդավար դառնալ»:

Քեշմեր կը պատմէ ուրիշ հետաքրքրական դրուագներ ալ: Ահաւասիկ անոնցմէ մէկը.

«Օր մը կրթական նախարարութենէն նշանակուած թուրք տնօրէններէն մէկը զիս կանչեց եւ ուզեց, որ միասնաբար մէկ առ մէկ ձեռքէ անցընենք դպրոցին գրադարանը: Շուարեցայ: Մենք հայերէն չէինք գիտեր, ինչպէ՞ս պիտի քննէինք գրադարանին գիրքերը: Ի՞նչ պիտի գտնէիք այդ գիրքերուն մէջ: Ասիկա այդ մարդոց վրայ յարձակելէ տարբեր նշանակութիւն մը կրնա՞ր ունենալ: Ուղղակի ցեղապաշտութիւն էր: Կը հպարտանանք, որ աշխարհի մէջ միայն մենք ենք, որ 23 ապրիլի նման մանկական տօն մը ունինք. բայց, միւս կողմէ, այդ օր տղոց կը կարդացնենք «հայրենիքին վրայ յարձակած թշնամիներու նկատմամբ ատելութիւն քարոզող բանաստեղծութիւններ»:

Քեշմեր կը պատմէ, որ ինք ընդվզած էր, երբ տեսած էր, որ թրքերէնի ուսուցիչը միայն թրքերէն սորվեցնելու համար չէր, որ կը ղրկուէր, այլ անոր ուսերուն վրայ կը դրուէր ուսուցչի պաշտօնէն տարբեր պաշտօն մըն ալ:

«Այս գիրքը գրեցի, որովհետեւ ուզեցի մերկացնել բոլոր այն սուտերը, որոնք յառաջ կը քշուին այս նիւթերու մէջ», կ՛ըսէ Քեշմեր:

 

Share this Article
CATEGORIES