Կիրակնօրեայ Խօսքը. Սրբազան Քահանայապետը Նահատակուի՞, Թէ՞ Ոչ…
ՄԵՍՐՈՊ ՀԱՅՈՒՆԻ
Սիրելի՛ ընթերցող, գուցէ մտածես, թէ իրողութիւններ կան, որոնք չեն հարցադրուիր, կամ հարցումներ կան, որոնց պատասխանը չի տրուիր «բացէ ի բաց»… Ճիշդ ես:
Վերտառեալ հարցադրումը, սակայն, ապա-այժմէական չէ, երբ լրատուական միջոցներէն կ՛իմանանք, թէ Պենետիկտոս ԺԶ. պապին հասցէին արձակուած է սպանութեան սպառնալիքը` այն պարագային, որ այցելէ Լիբանան, ինչպէս նախատեսուած է յառաջիկայ 14-16 սեպտեմբերին համար:
Եւ ահաւասիկ, քանի մը օր առաջ պաշտօնապէս յայտարարուեցաւ սրբազան քահանայապետին այցելութիւնը:
Խորքին մէջ սպառնալիքը, սակայն, որո՞նց հասցէին է, եթէ ո՛չ` մասնաւորապէս Լիբանանի եւ, ընդհանրապէս, Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներուս դէմ է, եւ որմէ՞ կու գայ, եթէ ո՛չ` Իսրայէլի սիոնականներէն եւ անոր գաղտնի սպասարկութենէն կամ անոր օտարազգի հաճոյակատար գործակալներէն` արեւմտեան աշխարհին «քաղաքակիրթ ու մարդկայնական»…
Հարցումը լաւագոյնս հասկնալու եւ անոր պատասխան տալէ առաջ անհրաժեշտ է գիտնալ «նահատակ»-ի նշանակութիւնը, ինչպէս ալ` անոր հոմանիշ «մարտիրոս» ու «վկայ» բառերուն իմաստները:
«Նահատակ», իբրեւ «յառաջամարտիկ, բանակի ճակատի ախոյեան», կը նշանակէ «մարտիրոս, վկայ» Աստուածաշունչին ու մատենագրութեան մէջ. ուստի «նահատակիլ»-ի իմաստն է «արիաբար պայքարիլ, մարտիրոսանալ»:
«Մարտիրոս», որ յունարէն լեզուէն հայացուած գոյականն է եւ հոմանիշն է «նահատակ» ու «վկայ» առումներուն, կը սահմանուի այսպէս. «Սեպհական անունն այն սուրբերուն, որոնք իրենց արիւնը կը հեղուն ճշմարտութիւնը վկայելու համար»:
«Վկայ» պահլեւերէն լեզուէն յառաջացած հայերէն բառն է` նշանակելով «նահատակ», որ է «դաւանող ճշմարտութեան` դնելով եւ զանձն ի մահ», այսինքն վկայութիւն կու տայ իր կեանքը զոհելով:
Լեզուաքննական նշանակութիւնները կը յստակացնեն կրօնական իմացութիւնները: Այսպէս, մարտիրոսութիւնը գերագոյն վկայութիւնն է, որ կը տրուի մեր հաւատքին ճշմարտութեան: Ան վերջնական արտայայտութիւնն է այն քաջարի վկայութեան ու կեցուածքին, որոնց միակ հետեւանքը եւ գինն է մահը:
Նահատակը կտրիճ վկան է խաչեալ ու յարուցեալ Փրկչին, որուն ան միացած է անխորտակ ու հաւատարիմ սիրով: Ճշմարտախօս վկան է քրիստոսական հաւատքին ճշմարտացիութեան ու քրիստոնէական վարդապետութեան:
Իմաստասիրական եւ աստուածաբանական սահմանումներէն անցնիմ հայ կեանքին, որուն ժամանակակից պատմութեան ամէնէն մեծ սխրագործութիւնը արձանագրած 1915-ի «Հայոց ցեղասպանութեան միջազգայնացած դէմքը» կը հանդիսանայ 7 հոկտեմբեր 2001-ին հայասէր Յովհաննէս-Պօղոս Բ. պապէն (1920-2005) «երանելի» հռչակուած Իգնատիոս արք. Մալոյեան (1869-1915), Մարտին քաղաքին վիճակաւորը:
Իբրեւ նորօծեալ եպիսկոպոս` Իգնատիոս արք. Մալոյեան, Վատիկանի մէջ 10 դեկտեմբեր 1911-ին դիպած ունկնդրութեան ընթացքին, 1950-ին «Սուրբ» հռչակուած Պիոս Ժ. քահանայապետին (1903-1914) ճառէն յիշեց այս նախադասութիւնը. «Մի, սուրբ եւ առաքելական յատկանիշերուն կը կցեմ «հալածուած»: Արդարեւ, եթէ եկեղեցին հալածուած չըլլար, պիտի չըլլար Յիսուս Քրիստոսի եկեղեցին, եւ անոր պիտի պակսէր փաստը իր ճշմարտութեան»:
Այս ուղիղ ուսուցման յիշումին եւ յիշեցումին վայրն էր բանտը, ուր անցուց 3-11 յունիս 1915 սարսափելի տանջանքներու ենթարկուած Մալոյեան արք., որուն հաստատ խօսքը անդադար կը խրախուսէր չարչարակից 417 աշխարհականներն ու 16 հոգեւորականները. «Զաւակնե՜րս, քաջութի՛ւն: Կը տեսնեմ երկինքը` բացուած. մօտ ժամանակէն մենք հոն պիտի ըլլանք: Մեծ պատիւ է մեզի համար երթալ-մեռնիլ մարտիրոսներու մահով Քրիստոսի սիրոյն: Եւ ես ուրախ եմ ձերբակալուած ըլլալուս քրիստոնէական հաւատքիս համար, իմ պաշտպան սուրբիս` Անտիոքի Իգնատիոս եպիսկոպոսին նման: Ինքն ալ ձերբակալուած` գնաց նահատակութեան: Կը մեռնինք Յիսուս Քրիստոսի համար»:
Մալոյեան արք. ոչ միայն գիտէր նշանաւոր Տերտուղիանոս մատենագրին սահմանումը, այլ նաեւ ամբողջապէս ունէր խոր համոզումը, թէ «մարտիրոսներուն արիւնը սերմն է քրիստոնէութեան» տարածումին եւ ամրացումին:
Այս ապրած գիտակցութեամբ, Մալոյեան արք. տուաւ վերջին յորդորը իր բանտակիցներուն. «Մի՛ վախնաք զէնքերէն եւ ո՛չ ալ թիւէն: Ականջ մի՛ կախէք ո՛չ խոստումներուն, ո՛չ ալ սպառնալիքներուն: Քա՛ջ եղէք ձեր հաւատքին մէջ եւ դիմագրաւեցէ՛ք մահը Քրիստոսի սիրով»:
Իր խրատը գործադրող երիտասարդ արքեպիսկոպոսը ձգեց մեզի իր հայադրոշմ կտակը, որ մերժողական պատասխանն էր դահիճներուն. «Պատասխանեցի շատ անգամներ, թէ կ՛ապրիմ ու կը մեռնիմ կրօնիս համար, որ ճշմարիտ է, եւ թէ հպարտ եմ իմ Փրկչիս խաչով»:
Խաչեալ Աստուածամարդուն հետեւորդն եղաւ Ս. Պետրոս առաքելապետը, որ խաչամահով նահատակուեցաւ: Անոր ներկայ յաջորդը` Պենետիկտոս ԺԶ. պապը կոչուած է նոյն առաքելութեան, ինչպէս ալ` նոյն սիրաբաշխ կենարարութեան, եթէ հարկը պահանջէ…
Ուրեմն, «սրբազան քահանայապետը նահատակուի՞, թէ՞ ոչ…»: Այո՛, բայց մէկ պայմանով, որ սիւնակագիրս անոր հետ ըլլալու արժանանա՜մ…
Այնճար, 29 յուլիս 2012