Փորձ-Հարցարան. Ինչպէ՞ս Կ՛անցընէք Ձեր Արձակուրդը

1

Ինչպէ՞ս կը յարաբերիք օտար երկրի մէջ:

ա.- Կը փորձէք արտայայտուիլ մայրենի լեզուով` ձեռքի եւ դէմքի շարժումներ կատարելով:
բ.- Բառարան կ՛օգտագործէք հասկցուելու համար:
գ.- Նախապէս քանի մը անհրաժեշտ նախադասութիւն կը սորվիք տուեալ երկրի լեզուով:

2

Ինչպէ՞ս կը սնանիք օտար երկրի մէջ:

ա.- Ձեզի հետ պահածոներ կը տանիք եւ կը բաւարարուիք անոնցմով:
բ.- Կ՛ուտէք ճաշարաններու մէջ` ապսպրելով ձեզի ծանօթ ճաշատեսակներ:
գ.- Կը փորձէք տեղական ճաշատեսակները:

3

Եթէ շրջապտոյտի պիտի ձեռնարկէք:

ա.- Կ՛առաջնորդուիք քարտէսով:
բ.- Ճամբորդական ընկերութեան կը դիմէք:
գ.- Կը սկսիք մօտակայ վայրերով, յետոյ կը մեկնիք աւելի հեռաւոր շրջաններ:

4

Ինչպէ՞ս կը քնանաք արձակուրդի ժամանակ:

ա.- Կը քնանաք երկար, կը նախաճաշէք եւ ապա զբօսնելու կ՛ելլէք:
բ.- Իրիկունը կանուխ կը քնանաք, որպէսզի կանուխ արթննաք եւ կանուխ ուղղուիք դէպի պտոյտին վայրը:
գ.- Հազիւ քանի մը ժամ կը քնանանք, որպէսզի առաւելագոյն չափով օգտուիք ձեր արձակուրդէն:

5

Ճաշարաններուն մէջ:

ա.- Որպէսզի լաւ տպաւորութիւն ձգէք, առատօրէն կը վարձատրէք սպասեակները:
բ.- Կը վճարէք ճիշդ գումարը:
գ.- Գումարը «կը կլորցնէք»:

Պատասխան

– Եթէ ձեր պատասխաններուն մեծամասնութիւնը «ա» է, դուք շատ զգուշ անձ էք: Նոյնիսկ արձակուրդի ժամանակ չէք համարձակիր դուրս գալ ձեր առօրեայէն:

Արձակուրդը ձեզ կ՛ուրախացնէ այն ժամանակ, երբ դուք արդէն տունն էք եւ ձեր ընկերներուն ցոյց կու տաք արձակուրդի լուսանկարները: Երկրէն դուրս ճամբորդութիւնը ձեզ կը գրաւէ, ոչ թէ նոր եւ հետաքրքիր բաներ պիտի տեսնէք, այլ անկէ ետք  դուք պատմելու բան պիտի ունենաք ձեր բարեկամներուն:

– Եթէ ձեր պատասխաններուն մեծամասնութիւնը «բ» է, դուք մեծ փորձառութիւն ունիք եւ գիտէք, թէ ի՛նչ կը սպասէք արձակուրդէն: Բայց պէտք է հրաժարիք ձեր չափազանցուած բծախնդրութենէն, յատկապէս երբ երկրէն դուրս կ՛ելլէք:

– Եթէ ձեր պատասխաններուն մեծամասնութիւնը «գ» է, չէք ուզեր րոպէ մը իսկ կորսնցնել ձեր արձակուրդի օրերէն: Առաւելագոյն չափով կը պտըտիք եւ կ՛օգտուիք, բայց այնքան մը կը յոգնիք, որ տուն վերադառնալէ ետք ձեզի երկրորդ արձակուրդ մը պէտք է… նախորդին յոգնութիւնը մոռնալու համար:

 

Ի՛Նչը Ինչպէ՞ս Մաքրել

Արծաթեղէն

– Արծաթեղէնները փայլեցնելու համար զանոնք շփեցէք կիսուած կիտրոնով կամ խաշած գետնախնձորով:

– Խաշած գետնախնձորին ջուրը մի՛ թափէք, անոր մէջ ամբողջ գիշեր մը թրջեցէք ձեր արծաթեայ դգալ, դանակ ու պատառաքաղները:

– Եթէ արծաթեայ դանակներուն շեղբերը ժանգոտած են, զանոնք շփեցէք շաքարի մէջ թաթխուած կիսուած սոխով մը:

***

Պղինձ

– Պղնձեայ իրերը մաքրեցէք աղի մէջ թաթխուած կիսուած կիտրոնով, ապա փայլեցուցէք թերթի միջոցով:

– Աղը, ալիւրը եւ կիտրոնի հիւթը խառնեցէք եւ ստացուած նիւթով մաքրեցէք պղնձեայ ամանեղէնները:

                                  ***

Ապակի

– Թափանցիկ, ապակեայ ծաղկամաններու եզերքը յաճախ կիրի պատճառով ճերմակ հետքեր կը գոյանան: Մաքրելը դիւրին չէ, բայց ոչ` անկարելի:

Ծաղկամանը հորիզոնական դրէք խոհանոցի լուացարանին մէջ եւ վրան ջուր եւ քարաղ աւելցուցէք: Ձգեցէք ամբողջ գիշերը, ապա առաւօտեան լուացէք եւ շփեցէք ալքոլով, որպէսզի լաւ փայլի:

– Յիշեցէք եւ ամէն անգամ ծաղկամանին մէջ ջուր լեցնելու ժամանակ քանի մը հատիկ քարաղ աւելցուցէք, անիկա կը չէզոքացնէ կիրը:

                                   ***

Ոսկեղէն

– Ոսկեղէնները մաքրելու համար երբեք ալքոլ չգործածէք: Առէք հանքային ջուրի կերպընկալ շիշ մը, ձեր ոսկեայ զարդեղէնները (մատանի, օղ, շղթայ եւ այլն..) մէջը լեցուցէք, նաեւ` սովորական օճառ-ջուր, կափարիչը գոցեցէք եւ ամուր ցնցեցէք առնուազն 4-5 անգամ: Ցօղուեցէք ծորակին տակ բռնելով եւ չորցուցէք մաքուր լաթով:

                                   ***

Մարգարիտ

– Բնական մարգարիտը նախ մաքրեցէք օճառ-ջուրով, ապա ցօղուեցէք մաքուր ջուրով եւ չորցուցէք մաքուր, փափուկ լաթով:

– Մարգարիտը պէտք չէ շփման մէջ մտնէ աղաջուրի հետ, աղը կը քայքայէ եւ կը փճացնէ զայն:

– Խոհանոցը, լողաւազանը, ծովը եւ անուշահոտ քսած ատեն, մարգարտեայ զարդեղէն պէտք չէ կրել` պարզապէս անոնց տեսքն ու փայլքը պահպանելու համար:

                                    ***

Փղոսկր

– Փղոսկրեայ իրերը նախ խոզանակեցէք մաքուր ջուրով, ապա` պիքարպոնաթի մէջ թաթխուած խոզանակով:

– Երբեք կիտրոն չգործածէք փղոսկրեայ իրերը մաքրելու համար: Կիտրոնը սկիզբը կը փայլեցնէ, բայց նաեւ կը վնասէ, «կը մեռցնէ» փղոսկրը: Չմոռնաք` փղոսկրը ապրող նիւթ է, որ ժամանակի ընթացքին հիննալով` կը դեղնի:

 

Գեղեցկագիտական

Ինչպէ՞ս Գծել Այ-Լայնըրը

Թարթիչներու երկայնքին գծուող սեւ, բարակ գիծը` այ-լայնըրը որոշ ճարտարութիւն կը պահանջէ համաչափ ու գեղեցիկ գծելու համար: Ահաւասիկ չորս պզտիկ հնարքներ` զայն ճարտարօրէն գծելու համար:

Նախ նստէք սեղանի մը առջեւ, ձեր արմուկը հաստատեցէք սեղանին, որպէսզի ձեր ձեռքը չդողայ եւ փոխանակ դիմացը հաստատուած հայելիին նայելու` շարժական հայելի մը տափակ զետեղեցէք սեղանին վրայ եւ հոն նայելով աշխատեցէք:

Այսպիսով, աչքերը նուազ կը թարթէք:

Կոպին վրայ քսեցէք նախընտրաբար բաց գոյնի ներկ մը, որ թէ՛ պիտի լուսաւորէ նայուածքը եւ թէ՛ օգնէ, որպէսզի այ-լայնըրին վրձինը կամ մատիտը դիւրին սահի կոպին երկանյքին:

Նախքան գիծը գծելը, նախ թարթիչներու երկայնքին քով-քովի կէտեր ըրէք` սկսելով քիթին կողմէն եւ ուղղուելով դէպի քունք:

Վերջնականապէս գծելու համար նկատի ունեցէք կոպին կեդրոնը եւ կեդրոնէն ուղղուեցէք դէպի քունք եւ ապա կեդրոնէն` դէպի քիթ:

Կեդրոնէն դէպի քունք գծելու ժամանակ, երբ աչքին ծայրամասին հասնիք, գիծը թեթեւօրէն դէպի յօնք բարձրացուցէք:

Երկրորդ կամ երրորդ անգամ մը գիծին վրայէն անցէք, եթէ աւելի հաստը կը փափաքիք:

 

Խոհագիր

Խնձորով Թեթեւ Կարկանդակ

Բաղադրութիւն

– 2 1/2 գաւաթ դեղին խնձոր` կեղուըւած եւ մանրուած
– 1 գաւաթ շաքար
– Փոշի վանիլ
– Պտղունց մը աղ
– 1 թէյի դգալ պէքարպոնաթ սոտա
– 1 թէյի դգալ փոշի կասիա
– 1/4 թէյի դգալ մշկընկոյզ (նաթմեկ)
– 1 հաւկիթ` զարնուած
– 1 գաւաթ ալիւր (օլփըրփըզ ֆլըուըր)
– 1/4 գաւաթ ձէթ
– 1/2 գաւաթ խոշոր մանրուած ընկոյզ

Պատրաստութիւն

Խառնել խնձորը շաքարին հետ եւ մէկդի ձգել 20-25 վայրկեան։

Աւելցնել հաւկիթը, ձէթը, աղը, համեմները, ալիւրը, պէքարպոնաթ սոտան եւ փոշի վանիլը ու պատառաքաղով կամ դգալով խառնել միասին ու աւելցնել ընկոյզը:

Իւղոտել եւ ալիւրոտել 18-20 սմ. չափով ափսէ մը, դնել մէջը կարկանդակի խմորը եւ եփել նախապէս տաքցուած փուռին մէջ 350օF/180oC = թիւ 4 ջերմութեամբ 30-35 վայրկեան:

Հանել կարկանդակը եւ ձգել, որ գաղջ դառնայ:

Վրան փոշի շաքար ցանել եւ հրամցնել:

Ծանօթ.- Կտրել կարկանդակը քառակուսիներու եւ հիւրասիրել թարմ սերով (ֆրէշ քրեմ) կամ պաղպաղակով:

 

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

Ջրապտոյտ

Պատմի՛ր ինձ աղօթող շուշանների մասին`
Ջրի վրայ ծնուած, ջրի վրայ մեռնող,
Գուշակների հեգնած անանց սիրոյ մասին
Պատմի՛ր ու վերծանիր, իբրեւ նրբին մեկնող…

Ասա` ինչպէ՛ս սիրեց շուշանը ջրատունկ`
Լեռան շնչից ծնուած խելառ քամուն,
Քամուն, որ կակաչներ բեկեց, յետոյ բեկբեկ
Ալիք դարձաւ ջրածաղկի սրտում…

Պատմիր շուշանների պաղ շուրթերի շնչի
Շրշիւնների մասին` խորտակումից առաջ,
Խօսի՛ր, ու մոգական քո ձայնը թող հնչի
Գրկիդ ջրապտոյտ շուշաններին առած…

 ԳՈՀԱՐ ԳԱԼՍՏԵԱՆ

 

Պատրաստեց՝
ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )