Գաղութէ-Գաղութ
Պոլիս
Ուխտագնացութիւն
13 յուլիսին Պոլիսէն Սեբաստիա մեկնեցան շուրջ 250 հոգիէ բաղկացած ուխտաւորներու խումբ մը: Անոնք այցելեցին հայրենի գիւղերը: Ապա, ընկերակցութեամբ Միւրոն Ա. քհնյ. Այվազեանի, անոնք այցելեցին հայոց գերեզմանատունը` Թաւրա գիւղին մէջ, ուր կանգուն է հայոց եկեղեցին: Հոն կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն: Երեկոյեան Սեբաստիոյ առեւտուրի եւ արդիւնաբերութեան պալատի ճաշասրահին մէջ սարքուեցաւ ընթրիք մը, որուն ընթացքին գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր:
14 յուլիսին ուխտագնացները այցելեցին Խոնորկտուրի վանքը, որ ուխտատեղի է: Ասոր յաջորդեց դաշտապտոյտ, 15 յուլիսին ուխտաւորները վերադարձան Պոլիս:
Թեհրան
Պետական Դէմքերու Այցելութիւն
Ս. Աստուածածին Եկեղեցի
22 յուլիսին Թեհրանի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ գտնուող «Արտակ արք. Մանուկեան» թանգարան այցելեցին Թեհրանի Քաղաքական խորհուրդի անդամ Ահմատ Մասժետ Ճամէի, մշակոյթի նախկին նախարար եւ իսլամական մշակոյթի եւ առաջնորդութեան նախարարութեան կրօնական փոքրամասնութիւններու գերատեսչութեան տնօրէն Սայիտ Թաղաուի:
Թանգարանին մէջ Մասժետ Ճամէի մանրամասնօրէն հետաքրքրուեցաւ ցուցադրուած իրերով, ձեռագիր եւ տպագիր հին գիրքերով, նաեւ` եկեղեցիներու պատմականով, որոնց մասին բացատրութիւններ փոխանցեց թանգարանի տնօրէն Շերլի Աւետեան:
Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ պատմական փողոց 30 Թիրի մասին խօսելով` Ահմատ Մասժետ Ճամէի յայտնեց, թէ իւրայատուկ փողոց մըն է, որուն համար Քաղաքական խորհուրդին մէջ պատրաստուած է իւրայատուկ փաստաթուղթ եւ որպէս Թեհրանի մշակութային տարածք` կը համարուի տարբեր կրօններու մշակութային կեդրոն:
Յունաստան
Լիզպոնի Հինգ Երիտասարդներու
Յիշատակին Նուիրուած Ձեռնարկ
Կազմակերպութեամբ Հ.Յ.Դ. Երիտասարդական միութեան Կեդրոնական վարչութեան, 29 յուլիսին, Նէոս Քոզմոսի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Լիզպոնի գործողութեան 29-ամեակի նշումը: Պատարագին յաջորդեց հոգեհանգստեան արարողութիւն:
Իր քարոզին մէջ Ֆիքսի հոգեւոր հովիւ Նարեկ քհնյ. Շահինեան անդրադարձաւ զոհողութեան ու գերագոյն զոհաբերութեան գաղափարին: Ան հաստատեց, որ Լիզպոնի հինգ անձնազոհերուն արարքը մարդու տրամաբանութենէն վեր, մանաւանդ քաջութիւն պահանջող եւ հաւատք պահանջող արարք մըն էր, աւելցնելով, որ սովորական նահատակութիւն մը չէր Լիզպոնի հինգին կատարածը, այլ ուղղակի անձնազոհութիւն էր, Հայաստանի, հայրենիքին, ազգին ու եկեղեցւոյ հաւատքին ընդմէջէն:
ՀՅԴ Երիտասարդական միութեան անունով Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Հայկ Ծերոնեան շեշտեց, թէ Լիզպոնի տղաքը իրենց արարքով ցոյց տուին, թէ հայ ժողովուրդը չէ մոռցած իր ազգային դատը, թէ սփիւռքահայ երիտասարդութիւնը հայրենի հողերէն հեռու` չէ մոռցած իր ազգային իրաւունքները, իր հայութիւնը, աւելցնելով, որ հայ ժողովուրդը եւ մանաւանդ հայ երիտասարդութիւնը երբեք պիտի չմոռնայ Լիզպոնը, այնքան ատեն որ չէ լուծուած Հայ դատը եւ հայ ժողովուրդը չէ տիրացած իր բոլոր իրաւունքներուն:
Ճափոն
Պարգեւատրման Պաշտօնական Արարողութիւն
29 յուլիսին Ճափոնի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան մէջ տեղի ունեցաւ Ճափոն-Հայաստան ընկերութեան նախագահ Սումիօ Էտամուրայի` «Մխիթար Գոշ»ի մետալով պարգեւատրման պաշտօնական արարողութիւնը:
Սումիո Էտիմուրան 3 սեպտեմբեր 2011-ին Հայաստանի նախագահին հրամանագրով պարգեւատրուած էր «Մխիթար Գոշ»ի մետալով` Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ճափոնի միջեւ բարեկամական յարաբերութիւններու ամրապնդման ‘ զարգացման գործին մէջ ունեցած իր ներդրումին համար: Մետալը յանձնեց իրեն Ճափոնի մէջ Հայաստանի դեսպան Հրանդ Պօղոսեան:
Ուրուկուէյ
Արցախի Նախագահական Ընտրութիւններուն
Իբրեւ Դիտորդ Մասնակցած Ուրուկուէյի
Խորհրդարանի Անդամին Դասախօսութիւնը
Առաջին անգամ ըլլալով Ուրուկուէյի խորհրդարանի երեսփոխան եւ Հայաստան-Ուրուկուէյ խորհրդարանական բարեկամութեան յանձնաժողովի անդամ Սուզաննա Պերէյրա, իբրեւ միջազգային դիտորդ, մասնակցեցաւ Արցախի նախագահական ընտրութիւններուն:
Պերէյրան վերջերս վերադարձաւ Ուրուկուէյ` նախաձեռնութեամբ ՀՅԴ Հայ դատի յանձնախումբին եւ աջակցութեամբ ուրուկուէյահայ բոլոր կազմակերպութիւններուն, ՀԲԸՄ-ի հանդիսասրահին մէջ դասախօսութեամբ ելոյթ ունեցաւ, փոխանցելով ներկաներուն իր տպաւորութիւնները եւ փորձառութիւնը:
Սուզաննա Պերէյրա շատ տպաւորուած էր Արցախի մէջ տեղի ունեցած նախագահական ընտրութենէն, որովհետեւ անոնք անցան ազատ, ժողովրդավար եւ հանդարտ մթնոլորտի մէջ, ուր իւրաքանչիւր քաղաքացի ոչ միայն նախագահ ընտրելու եկած էր, այլեւ` ամրապնդելու իր պետականութիւնը, եւ աւելցուց, որ ինք ականատեսը եղած էր բարեկիրթ, հայրենասէր եւ իսկապէս իր ապագան կերտելու ազատ ու անկախ պայմաններու տակ ժողովուրդի մը: Ան համոզում յայտնեց, որ խաղաղ բանակցութիւններու եւ ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունքի ճամբով ԼՂՀ-ի քաղաքացիները պիտի հասնին իրենց նպատակին:
Միացեալ Նահանգներ
Մերտինեան Վարժարանէն Աշխէն Իսփենճեան
Կ՛արժանանայ «Մայրենիի Լաւագոյն Ուսուցչուհի»-ի
Մրցանակին
Կազմակերպութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան եւ Համաշխարհային հայկական քոնկրեսին, 12 յուլիսին, ձեռամբ Հայաստանի Հանրապետութեան գլխաւոր հիւպատոս Գրիգոր Յովհաննիսեանի, Մերտինեան հայ աւետարանական վարժարանի հայոց լեզուի եւ հայոց պատմութեան երկարամեայ ուսուցչուհի, դաստիարակ Աշխէն Իսփենճեան գնահատուեցաւ «Մայրենիի լաւագոյն ուսուցչուհի»-ի մրցանակով:
Աշխէն Իսփենճեան երեսուն տարիներէ ի վեր կը պաշտօնավարէ Մերտինեան Հայ աւետարանական վարժարանին մէջ` որպէս հայոց լեզուի եւ պատմութեան ուսուցչուհի: Ան նաեւ պատասխանատուն է հայոց լեզուի եւ պատմութեան բաժանմունքներուն, մամուլի մէջ լոյս տեսած հայերէն թղթակցութիւններուն եւ տարեգիրքի հայերէն բաժինի գրութիւններուն: Աշխէն Իսփենճեան նաեւ պատրաստած եւ համադրած է մանկապարտէզէն մինչեւ Ը. կարգերու հայոց լեզուի եւ պատմութեան ծրագիրներ, դասագիրքեր եւ գեղարուեստական յայտագրեր:
Առաջնորդ Սրբազանը Ընդունեց Հայաստանի
Ազգային Ժողովի Անդամ
Աղուան Վարդանեանի Այցելութիւնը
14 յուլիսին թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ «Եղիա Սարաֆեան» սրահին մէջ ընդունեց Հայաստանի Ազգային ժողովի եւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ Աղուան Վարդանեանին այցելութիւնը:
Խորհրդակցութիւնները ընդգրկեցին Հայաստանի ներկայ իրադարձութիւններն ու ընկերային հասարակական կեանքը, որոնց մասին Աղուան Վարդանեան տուաւ որոշ լուսաբանութիւններ: Առաջնորդ սրբազանը, իր կարգին, տեղեկութիւններ փոխանցեց թեմի աշխատանքներուն, ծառայական կեանքին ու ծրագիրներուն մասին, վերահաստատելով մեր ժողովուրդին զօրակցութիւնը` մայր հայրենիքին ու ժողովուրդին: Այս առիթով, Առաջնորդ սրբազանը նաեւ Ազգային առաջնորդարանի հրատարակութիւններէն` Կարօ Պետրոսեանի «Հայեցի կրթութիւն եւ ճանապարհ» հատորէն եւ վեհափառ հայրապետի հովուապետական այցելութեան նուիրուած «Հոգեւոր պրիսմակ»-ի բացառիկ թիւէն օրինակներ յանձնեց Աղուան Վարդանեանին:
Լաս Վեկասի Ս. Կարապետ Եկեղեցւոյ
Շինարարական Աշխատանքները
Կը Սկսին Շուտով
18 յուլիսին, թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան, ընկերակցութեամբ Ազգային վարչութեան անդամներէն Վահան Պզտիկեանի, այցելեց Լաս Վեկաս` իր գնահատանքն ու շնորհաւորութիւնները փոխանցելու համար Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Աւետիս Ա. քհնյ. Թորոսեանի, ծխական յանձնախումբի ատենապետ Ատրուշան Արմէնեանի եւ կազմին ու եկեղեցւոյ շինարարական յանձնախումբի անդամներուն` եկեղեցւոյ շինութեան արտօնագիրներուն ձեռք բերման առիթով:
Անոնք աշխատանքային նիստեր ունեցան եկեղեցւոյ հովիւին ու ժողովականութեան ներկայացուցիչներուն հետ, որոնք զեկուցեցին շինութեան արտօնագիրին ու յարակից աշխատանքներուն մասին: Կը նախատեսուի, որ շինութեան գործնական աշխատանքները սկսին օգոստոսին ու ամբողջանան մինչեւ մայիս 2013:
Առաջնորդ սրբազանը բարձր գնահատեց հոգեւոր հովիւին, հոգաբարձութեան ու շինարարական յանձնախումբի նուիրեալ ու բծախնդիր աշխատանքը եւ մաղթեց, որ յառաջիկայ աշխատանքները եւս հեզասահ ընթանան:
Ցեղասպանութեան Մասին Պոհճալեանի
Հատորը «Նիւ Եորք Թայմզ»-ի
Ամենաշատ Ծախուած Գիրքերու Ցուցակին Վրայ
Ցեղասպանութեան առնչուող Քրիս Պոհճալեանի «Տը սենտքեսըլ կըրլզ» («Աւազէ ամրոցի աղջիկները») հատորը «Նիւ Եորք Թայմզ» թերթի ամենաշատ ծախուած գիրքերու նորագոյն ցուցակին վրայ է գրաւելով անոր 7-րդ դիրքը:
Պոհճալեան, որ հեղինակն է 15 վէպերու, անցեալին չորս հատորներ ունեցած է «Նիւ Եորք Թայմզ»-ի ամենաշատ ծախուած գիրքերու ցուցակին վրայ, որոնք հասած են առաջին, երրորդ, հինգերորդ եւ 15-րդ դիրքերու:
Հատորը նաեւ անկախ գրախանութներու կողմէ ամենաշատ ծախուած գիրքերու շրջանային ցուցակներուն մէջ 3-րդ – 11-րդ դիրքը գրաւած է Միացեալ Նահանգներու տարածքին: Նիւ Ինկլընտ շրջանին մէջ հատորը գրաւած է 3-րդ դիրքը, իսկ Քալիֆորնիոյ մէջ` 6-րդ:
Հատորին անդրանիկ շնորհանդէսը տեղի ունեցաւ Լոս Անճելըսի «Եունիվըրսըլ Շիրաթոն» պանդոկին մէջ նախաձեռնութեամբ Ամերիկայի Հայ Դատի Ֆիլմարուեստի յանձնախումբին, գործակցութեամբ «Տապըլ Տէյ» Հրատարակութեան ու Ցեղասպանութեան կրթական ծրագիրին:
Մօտաւորապէս 20 քաղաքներու մէջ կազմակերպուած ձեռնարկներով Պոհճալեան հատորին ծանօթացման արշաւը կը շարունակէ: Օգոստոս 1-ին հատորը ներկայացուեցաւ Միացեալ Նահանգներու
Քոնկրեսի շէնքին մէջ` հիւրընկալութեամբ Հայոց ցեղասպանութեան բանաձեւի համահեղինակներ Էտըմ Շիֆի եւ Ռապըրթ Տոլտի: Օգոստոս 2-3-ին, հատորը ներկայացուեցաւ Նիւ Ճըրզիի եւ Նիւ Եորքի մէջ:
«Յոյսի Տուն–Մեր Յոյս»-ի
Ի Նպաստ Դրամահաւաք
Հովանաւորութեամբ թեմի առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի, 22 յուլիսին «Յոյսի տուն-մեր յոյս» ծրագիրի վարչութիւնը, Փասատինայի մէջ ընդունեց աւելի քան 125 հիւրեր: Հիւրընկալներն էին երկար տարիներէ ի վեր «Մեր յոյս» ծրագիրի օժանդակողներ Տէյվիտ եւ Մարկարեթ Մկրուպլեան ամոլը, որոնց տան բակին մէջ համախմբուած էին հիւրերը:
«Մեր յոյս»-ի նախագահ, դատաւոր Էտրիըն Գրիգորեան տեղեկութիւններ փոխանցեց իր գլխաւորութեամբ Հայաստան կատարուած յաջող ուխտագնացութեան մասին, որուն մասնակցեցան «Մեր յոյս»-ին օժանդակող 30 կամաւորներ:
Ան հաղորդեց, որ 20 օգոստոսին 13-16 տարեկան 15-20 որբերու համար մասնաշէնքին դռները պիտի բացուին: Ուխտաւորներէն ոմանք իրենց անձնական տպաւորութիւնները պատմեցին ուխտագնացութեան եւ «Մեր յոյս»-ի որբերուն հետ իրենց ունեցած յարաբերութեան մասին: «Մեր յոյս»-ի վարչութեան անդամ Սարգիս Ա. քհնյ. Փեթոյեան իր խորհրդածութիւնները փոխանցեց այս ծրագիրի կարեւորութեան մասին: Ցուցադրուեցան լուսանկարները «Մեր յոյս»-ի եւ վերջերս Երեւանի մէջ բացումը կատարուած «Նագգաշեան» փոքրիկներու աջակցութեան կեդրոնին, ուր «Մեր յոյս»-ը պիտի գործէ: Նուիրատուներուն շնորհիւ գոյացաւ 10 հազար տոլարի գումար մը` այս ծրագրի աշխատանքներուն համար:
Քանատա
Առաջնորդ Սրբազանը Կը Շնորհաւորէ
Սուրէն Արք. Գաթարոյեանի
Ծառայական Կեանքի 50-Ամեակը
Հովանաւորութեամբ Քանատայի թեմի առաջնորդ Խաժակ արք. Յակոբեանի, 21-22 յուլիսին Մոնրէալի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ նշուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ միաբանութեան երէց անդամներէն Սուրէն արք. Գաթարոյեանի կուսակրօն քահանայ ձեռնադրութեան եւ օծման 50-րդ տարեդարձը:
Սուրէն սրբազանը աւելի քան 50 տարիներու ծառայութիւն ունի եկեղեցական կեանքէն ներս: Աւելի քան 25 տարի եղած է Բերիոյ թեմի (Հալէպ, Սուրիա) առաջնորդը, իսկ վերջին տարիներուն հաստատուած է Մոնրէալ եւ հոգեւոր տեսուչն է Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ:
Թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան այս առիթով յղած իր շնորհաւորական գիրին մէջ վեր առաւ Սուրէն արք. Գաթարոյեանի կէս-դարեան ծառայական կեանքը շեշտելով, որ ան եղած է դաստիարակ ու սերտ գործակից, տիպար հոգեւորական, համեստ ու անբասիր ծառայող, որուն խօսքն ու գործը օրինակելի եղած են Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքէն անցած բազմաթիւ սերունդներու:
Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ

