«Լոյսի Ճամբորդներ» (Հեղինակ` Մարիանա Պերթիզլեան-Ղազարեան)
2012ին- Հայաստանի Գրողներու միութեան հրատարակչութիւնը Երեւանի «Անտարես» տպարանին մէջ լոյս ընծայած է հալէպահայ գրող Մարիանա Պերթիզլեան-Ղազարեանի «Լոյսի ճամբորդներ» խորագրեալ արձակ էջերը, խմբագրութեամբ` Արքմենիկ Նիկողոսեանի:
Հեղինակը ծնած է Հալէպ եւ աւարտած` տեղւոյն ՀԲԸՄ-ի Լ.Ն.Գ.Կ. երկրորդական վարժարանը:
1985-էն 1991 տարիներուն հետեւած է Երեւանի պետական համալսարանի Բանասիրական բաժնի հայոց լեզուի եւ գրականութեան դասընթացքներուն եւ ստացած` մագիստրոս վկայական:
2009-ին լոյս կը տեսնէ իր «Կանչ արարչական» խորագրեալ քերթողագիրքը, Բերիոյ հայոց թեմի հրատարակչութեան կողմէ:
Մաս կը կազմէ յիշեալ թեմի Ազգային իշխանութեան Ուսումնական խորհուրդին:
Ներկայիս անդամ է Սուրիահայ գրողներու համախմբումին եւ Հայաստանի Գրողներու միութեան:
«Լոյսի ճամբորդներ» խորագրեալ հատորը կը բաղկանայ 132 էջերէ եւ կ՛ընդգրկէ հետեւեալ չորս բաժինները. «Հին ճամբաներ, նոր երազներ», «Յուշերուս մէջ», «Չեմ ուզեր քերթել ոսկորները չոր» եւ «Լոյսի ճամբորդներ»:
Մարիանա ջերմապէս կը սիրէ հայոց պատմութիւնը, վանքերն ու մենաստանները, հայ հոգեւոր մշակոյթն ու սրբազան աւանդները:
Երեւակայութեամբ կ՛այցելէ յաճախ Տաթեւի վանքը, ուր պահ մը կ՛ապրի մտերմութիւնը Աշոտ Երկաթ թագաւորին եւ Յովհան Դրասխանակերտցի կաթողիկոսին, որոնց ներկայութեան տեղի կ՛ունենայ արարողութիւնը «Շարք կաթողիկոսացն հայոց» գիրքի շնորհահանդէսին:
Ժամանակի ընթացքին Մարիանա կ՛երթայ նաեւ ուսումնական տարբեր կեդրոններ: Կ՛այցելէ Գլաձորի համալսարանը եւ Թանահատի վանքը, ուր կը ծանօթանայ իրենց ժամանակաշրջանի իմացական փայլուն դէմքերուն` Յովհան Որոտնեցիի, Գրիգոր Տաթեւացիի, Կիրակոս Երզնկացիի եւ Ֆրիկի…
Քաղելով Քեսապի մասին շահեկան տեղեկութիւններ` պատմագրական աղբիւրէ մը, կ՛ըսէ, թէ 1889 թուին Գարատուրան գիւղին մէջ կը կառուցուի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին, որուն հիմնարկէքը կը կատարէ Մկրտիչ կաթողիկոս Քեֆսիզեան:
Մարիանա կը սիրէ հայրենի լեռնաշխարհն ու բնութիւնը: Կ՛ողջունէ հայոց հեթանոսական անցեալը, ուր մշտնջենական լռութեան մէջ կը ննջեն Վահագն ու Արամազդը, Անահիտն ու Աստղիկը: Կը սիրէ Երեւան դարձած մայրաքաղաք Էրեբունին, որուն հիմնադրութեան 2785-ամեակի տօնախմբութիւնը ցնծութեամբ կը պարուրէ իր էութիւնը:
«Լոյսի ճամբորդներ» խորագրեալ հատորին երկրորդ բաժինը յուշագրութիւն մըն է, ուր Մարիանա գրի կ՛առնէ այն կարեւոր եղելութիւնները, որոնք տեղի ունեցան Հայաստանի եւ Արցախի մէջ 1985-1991 թուականներուն, երբ ինք կը հետեւէր բանասիրական դասընթացքներու Երեւանի պետական համալսարանին մէջ:
Այսպէս, Մարիանա կ՛ըսէ, թէ քսանեօթ տարիներ առաջ, իր ուսանողութեան շրջանին, ձմեռնային արձակուրդի առիթով, «Արոֆլոթ» օդանաւով Մոսկուայէն Հալէպ ճամբորդած պահուն փոթորիկի կը բռնուին յանկարծ, որուն պատճառով օդանաւին յառաջամասը կը դառնայ կայծակնահար: Կ՛ըսէ, թէ ճամբորդները հրաշքով կը փրկուին չարաշուք աղէտէ մը` շնորհիւ աստուածային փրկարար ներգործութեան եւ նաեւ Սայիտ Հալապի սուրիացի օդաչուին հմտութեան:
Ապա Մարիանա կը յուշագրէ 1988 տարուան եղերական այն օրերը, որոնք կ՛առնչուին Սումկայիթի զոհերու յիշատակին եւ արցախեան պահանջատիրական բողոքներուն եւ հրապարակային ելոյթներուն:
Ինչ կը վերաբերի ծառ տնկելու դարաւոր աւանդութեան, հեղինակը կ՛ըսէ, թէ շաբաթ, 20 ապրիլ 1986 թուականը ծառատնկումի օրն է: Թէ` այդ օր, Երեւանի մէջ, իր ուսանողութեան առաջին տարին, բազմաթիւ ուսանողներու նման, ի՛նք եւս ծառ կը տնկէ հայրենի հողին վրայ:
Մարիանա երախտագիտութեամբ կը յիշէ Հալէպի երկրորդական վարժարանի հայոց լեզուի իր ուսուցիչներէն Ալեքսան Աթթարեանն ու Յակոբ Միքայէլեանը, որոնք քաջալերական խօսքերով գործնականացուցին Երեւանի պետական համալսարանի մէջ ուսանելու իր փափաքը: Մարիանա նոյնպէս լոյսի առաքեալներ եւ բարի հրեշտակներ կը կոչէ Երեւանի համալսարանի դասախօսներէն Էդուարդ Ջրբաշեանը, Վազգէն Գէորգեանը, Ռաֆայէլ Իշխանեանը եւ ուրիշներ, որոնք իրականացուցին բանասիրութեան հետեւելու իր երազը:
Հեղինակը պահ մը կը տարուի Արեւմտահայաստանի պատմական բարքերով: Յատուկ արժանաւորութեամբ կը յիշէ Մշոյ դաշտի Վարդօ գիւղը, ուր դարեր առաջ կը կատարուէին Վարդավառի տօնակատարութիւնները, երբ վարդերու փունջերով կը զարդարէին Աստղիկ դիցուհին:
Այլ առիթով Մարիանա կ՛անդրադառնայ այն տխուր իրականութեան, թէ Տերսիմի, Համամաշէնի, սեւծովեան` պոնտական ափերուն, Կիլիկիոյ եւ Արեւմտահայաստանի մէջ կան օտարացած բազմաթիւ հայեր, որոնք մեր օգնութեան կը սպասեն: Հեղինակը կը թելադրէ, որ մեր հովանիին ներքեւ պահենք յիշեալ այլասերած հայերը, կերտենք եկեղեցիներ անոնց համար եւ վերամկրտենք զանոնք հայկական անուններով:
Արդարեւ, կ՛ուզենք հաստատել, թէ «Լոյսի ճամբորդներ» հատորի հեղինակին` Մարիանա Պերթիզլեան-Ղազարեանի անձին մէջ ներկայ է բարեպաշտ հաւատացեալը, անկեղծ հայրենասէրը եւ աւանդապահ հայուհին, որ կը սիրէ հայրենիքը, հայ եկեղեցին, հայոց լեզուն եւ դպրութիւնը եւ հայ ժողովուրդի պատմական անցեալը:
ՅԱԿՈԲ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ
Յուլիս 2012