Հայրենի Կեանք

«Հայաստանի Փոքրիկ Երգիչները»`
Ճափոնի Մէջ

Վերջերս տեղի ունեցաւ «Հայաստանի փոքրիկ երգիչներ» մանկական երգչախումբին եզակի համերգային շրջագայութիւնը Ճափոնի մէջ: 40 օրերու ընթացքին երգչախումբը ելոյթ ունեցաւ 18 քաղաքներու մէջ` ներկայացնելով հայ եւ համաշխարհային երգարուեստի գոհարներ: Երգչախումբը Ճափոնի մէջ համերգային շրջագայութեան հրաւէրը ստացած էր ճափոնական անուանի «Մին օն» կազմակերպութեան կողմէ, որ Ճափոնի մէջ տարեկան 1000-է աւելի համերգներ կը կազմակերպէ, որոնց մէկ երրորդը` հրաւիրուած խումբեր եւ մենակատարներ են աշխարհի տարբեր երկիրներէ: Հրաւիրուած խումբերը եւ երաժիշտները, համապատասխան համբաւէ եւ ճանաչումէ բացի, պէտք է կարգով աւելի բարձր ըլլան, քան` նմանատիպ ճափոնական խումբերը:

«Հայաստանի փոքրիկ երգիչներ»-ուն այս  քառասնօրեայ շրջագայութիւնը իր մեծութեամբ, նշանակալիութեամբ եւ կազմակերպուածութեան բարձր մակարդակով կրնայ համեմատուիլ թերեւս միայն 1995 թուականին Եւրոպայի քանի մը երկիրներու եւ Ամերիկայի 20 նահանգներու մէջ երգչախումբին ունեցած յիսնօրեայ յաղթարշաւին հետ: «Հայաստանի փոքրիկ երգիչներ» երաժշտախումբը արդէն իսկ ելոյթ ունեցած է Եամաքաթա, Եոքոհամա, Սանօ, Թոչիկի, Քիտաքէուսեու, Մարուքամէ քաղաքներուն ամէնէն մեծ` 1400-2000 հոգի պարփակող սրահներուն մէջ: Անոնք այցելած են նաեւ վերջերս աղէտի ենթարկուած Քեուսեւու կղզին եւ երգած են ողողումէն տուժած ճափոնական ընտանիքներուն համար:

Նշենք, որ այս շրջագայութիւնը նուիրուած էր հայ-ճափոնական դիւանագիտական յարաբերութիւններուն 20-ամեակին եւ հայ գրատպութեան 500-ամեակին: Իսկ երգչախումբը Հայաստան վերադարձած է 14 օգոստոսին:

 «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամը Հադրութի Մէջ
Կը Կառուցէ Ըմպելի Ջուրի Ներքին Ցանց

«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Միացեալ Նահանգներու արեւմտեան շրջանի տեղական մարմինը Լոս Անճելըս բնակող բարերարներու Ճերըրտ եւ Փաթրիշիա Թրփանճեաններու հովանաւորութեամբ կը կառուցէ Լեռնային Ղարաբաղի Հադրութ քաղաքին մէջ ըմպելի ջուրի ներքին ցանց: Ծրագիրը կը համաֆինանսաւորէ Լեռնային Ղարաբաղի կառավարութիւնը:

Հադրութի վարչակազմի ղեկավարի տեղակալ Էդիկ Դաւթեան նշած է, որ քաղաքը կ՛օգտուի 1976 թուականին կառուցուած ներքին ցանցէն. «Ջրագիծերը հին եւ մաշած են, յաճախ վթարներ կ՛ըլլան եւ մարդիկ օրերով կը զրկուին ջուրէ», յայտնած է ան:

Ծրագրին մէջ նախատեսուած 33 քիլոմեթր երկարութիւն ունեցող ներքին ցանցէն կէսէն աւելին արդէն կառուցուած է: Ջրամատակարարման բաշխիչ եւ կարգաւորիչ հորերուն տեղադրման աշխատանքներէն բացի, պիտի կառուցուին նաեւ ջրմուղ կայան եւ 2 ջրամբար: Արդէն յառաջիկայ տարուան գարնան աւելի քան 3200 բնակիչ պիտի ունենան կանոնաւոր ջրամատակարարում:

«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Արա Վարդանեան տեղեկացուցած է, որ` «2008-ին հիմնադրամին կառուցած Արջաղբիւր-Հադրութ 22 քիլոմեթր երկարութեամբ ջրագծին շնորհիւ ըմպելի ջուրը հասաւ քաղաք, իսկ անցեալ տարի Ճերըրտ եւ Փաթրիշիա Թրփանճեանները ստանձնեցին ներքին ցանցի կառուցման հովանաւորութիւնը»: Տնօրէնը նաեւ շեշտած է, որ կանոնաւոր ջրամատակարարումը զգալիօրէն պիտի դիւրացնէ իրենց կեանքը:

Բնակիչներուն կենցաղը դիւրացնելու ուղղութեամբ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը Հադրութի մէջ ծրագիրներ կ՛իրականացնէ 2008-էն սկսեալ: Հիմնադրամին կառուցած Տող-Հադրութ 20 քիլոմեթր երկարութեամբ կազատարը կազով կ՛ապահովէ քաղաքը եւ անոր յարակից եօթը գիւղերուն 5200 բնակիչները, իսկ վերակառուցած եռայարկ շրջանային հիւանդանոցը կը ծառայէ շրջանի 12 հազար բնակիչներուն բժշկական կարիքներուն:

«Սփիւռք» Ամառնային Դպրոց– 2012-ը Աւարտեց
Իր
Աշխատանքները

Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան հիմնած «Սփիւռք» ամառնային դպրոց 2012-ի ազգային երգի եւ պարի դասընթացքները հասան իրենց աւարտին:

Փակման հանդիսութեան ամփոփիչ խօսքով ներկայացաւ Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան աշխատակազմի համահայկական ծրագիրներու վարչութեան նախագահ Ա. Մխիթարեան: Ան շեշտելով ծրագրին կարեւորութիւնը` նշեց, որ «հայրենիք-սփիւռք գործակցութեան դիտանկիւնէն շատ կարեւոր է «Սփիւռք» ամառնային դպրոցի հիմնադրութիւնը եւ գործունէութիւնը, եւ պատահական չէ, որ անիկա կը հանդիսանայ Հայաստանի կառավարութեան գերակայ ուղղութիւններէն մէկը»:

Երեւանի պետական համալսարանի փոխնախագահ Ա. Գրիգորեան եւ Երեւանի պետական համալսարանի մշակութային կեդրոնի ղեկավար Գ. Դաւթեան իրենց շնորհակալութիւնը յայտնեցին Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան եւ մասնաւորաբար նախարար Հ. Յակոբեանին` այսքան կարեւոր եւ լաւ մտածուած ծրագիրը իրականացնելուն համար:

«Սփիւռք» ամառնային դպրոցի մասնակցողներուն Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան կողմէ յանձնուեցան հաւաստագրեր եւ նուէրներ, իսկ Երեւանի պետական համալսարանի մշակոյթի կեդրոնի ղեկավար Գ. Դաւթեանին շնորհակալագիր` ծրագրին գործօն աջակցութեան համար:

Յիշեցնենք, որ Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ եւ Երեւանի պետական համալսարանի հենքին վրայ ստեղծուած «Սփիւռք» ամառնային դպրոց ծրագիրը շարունակական եւ ամէնամեայ է:

Շուշիի Մէջ Յայտնաբերուած Է Կանուխ
Քրիստոնէական
Դամբարան

Արցախի Տիգրանակերտի պեղումներուն ընթացքին բաւական արժէքաւոր գտածոներ յայտնաբերուած են: Արցախի հնագիտական արշաւախումբի ղեկավար Համլեթ Պետրոսեանի համաձայն, պազիլիք եկեղեցւոյ կից` հիւսիսային բակին մէջ տեղի ունեցող պեղումներուն ընթացքին շատ մեծ կոթողական կառոյց բացուած է իրենց դիմաց եւ ներկայիս զայն ամբողջովին բացայայտելու աշխատանք կը տարուի: Հնագէտը կը նշէ, որ հնագիտական արժէք ունեցող թաղամասին մէջ տեղի ունեցող պեղումներուն ընթացքին մեծ եւ բնակելի տնտեսական համալիր նկատուած է շատ հետաքրքրական նիւթերով, որոնք ցոյց կու տան քրիստոնէութենէ առաջ եւ անկէ ետք առաջին դարերուն Տիգրանակերտի միջազգային կապերը: «Տիգրանակերտի պեղումներուն հիմնական նպատակներէն է հիւսիսային պարսպապատին ամրացուած թաղամասին ընդարձակումը, որովհետեւ մինչեւ հիմա չեն գիտեր, թէ ամրացուած թաղամասին մուտքը ուրկէ է», հաղորդած է ան: Նաեւ հնագէտը դիտել տուած է, որ այս տարի Տիգրանակերտի հնավայրէն գտնուած են բազմաթիւ զարդեր, խեցեղէնի զանազան տեսակներ, ինչպէս նաեւ` գութանի 3-րդ խուփը: Գտածոները նախ կ՛ուսումնասիրուին Երեւանի պետական համալսարանի հնագիտութեան տարրալուծարանին մէջ, ապա մշակուելէ, վերականգնուելէ ետք կը յանձնուին Լեռնային Ղարաբաղի կառավարութեան կից զբօսաշրջութեան վարչութեան յատուկ պահեստանոց:

Ըստ հնագէտին, արշաւախումբը նիւթական հարցեր ունեցած է, այդ պատճառով ալ այս տարի Տիգրանակերտի մէջ պեղումները, նախորդ տարուան 80-ին փոխարէն` միայն 50 օր պիտի տեւեն:

Տիգրանակերտի արշաւախումբի հնագէտներէն Վարդգէս Սաֆարեան նշած է, որ Շուշիի մէջ կանուխ քրիստոնէական դամբարանադաշտ յայտնաբերուած է: Յիշեցնենք, որ Տիգրանակերտի պեղումները, որոնք վերսկսած են 25 յունիսէն, պիտի շարունակուին մինչեւ 21-22 օգոստոս. կը նախատեսուի, որ օգոստոսին աշխատանքներ տարուին նաեւ Շուշիի մէջ:

«Անուշ» Օփերան Գիւմրիի Մէջ

Գիւմրիի Վ. Աճեմեանի անուան պետական թատրոնին մէջ 30 օգոստոսին պիտի բեմադրուի Ա. Տիգրանեանի «Անուշ» օփերան: Բեմականացումը նուիրուած է ճիշդ 100 տարի առաջ 4 օգոստոսին այն ատեն տակաւին Ալեքսանդրապոլ կոչուող քաղաքին մէջ «Անուշ»-ի բեմադրութեան 100-ամեակին: «Անուշ»-ի նոր բեմականացման նախաձեռնած է Հայաստանի մշակոյթի վաստակաւոր գործիչ Յովհաննէս Յովհաննիսեան, գլխաւոր նկարիչը` Գարիկ Մանուկեան: Բեմականացման ամէնէն հիմնական բաժինը վստահուած  է Գիւմրիի սիմֆոնիք նուագախումբին` գեղարուեստական ղեկավարութեամբ Երուանդ Վարոսեանի:

«Անուշ» օփերայի բեմականացման պիտի մասնակցին Գիւմրիի երաժշտական քոլեճի երգչախումբը, ինչպէս նաեւ հրաւիրուած երգիչներ, որոնց գլխաւոր խմբավարը պիտի ըլլայ Է. Քաղցրիկեան: Պարային կատարումները վստահուած են Յովհաննէս Վարդեւանեանի ղեկավարած պարախումբին: Արեւիկ Գրիգորեան, Միհրան Գալոյեան, Կարապետ Մանուկեան, Նազան Ղազարեան եւ Անուշ Բեկջանեան հնգեակը մենակատարներու խումբը կը ներկայացնեն:

Բեմականացման մասնակից բոլոր արուեստագէտները գիւմրեցիներ են, հպարտութեամբ յայտնած է Յասմիկ Կիրակոսեան: Թէեւ կան անակնկալներ, սակայն հիմնական բնագիրը հարազատութեամբ պահուած է: Արդէն իսկ փորձերը սկսած են, բեմայարդարումը գրեթէ ամբողջացած է, հագուստներն ալ պատրաստ են: Գիւմրիի մէջ Տիգրանեանի «Անուշ» օփերան առաջին անգամ բեմադրուած է 1912 թուականի 4 օգոստոսին, հետագային տեղի ունեցած են օփերայի 75, 80 եւ 90-ամեակները, սակայն այս ներկայացումը, ըստ Յ. Կիրակոսեանի, կը տարբերի նախորդներէն:

Յայտարարուած Են «ՎիվասելԷմ. Թի. Էս.»-ի
Իրականացուցած
Խաղարկութեան Շահողներուն Անունները

«Վիվասել-Էմ. Թի. Էս.»-ը ուրախութեամբ տեղեկացուցած է, որ մայիս 14-էն մինչեւ յունիս 10 «Վիվասել-Էմ. Թի. Էս.»-ի սպասարկման կեդրոններէն հեռախօս  գնողներուն միջեւ իրականացուած խաղարկութեան շահողները, որոնք թիւով 288 հոգի են, ստացած են իրենց նուէրները: Նշենք, որ գլխաւոր մրցանակակիրը ստացած է 2012 թուականի Եւրոպայի ֆութպոլի ախոյեան դարձած` Սպանիա երթալու տոմս: Իսկ մնացեալ 287 շահողները «Վիվասել-Էմ. Թի. Էս.»-էն ստացած են հաղորդակցութեան արդիական գործիքներ, ինչպէս` պլաքպըրի, կուկըլ, Նէքսըզ Էս., Էմ. Թի. Էս. Էքօ, Էմ. Թի. Էս. համակարգիչ եւ այլն:

Մրցումին կրնային մասնակցիլ բոլոր անոնք, որոնք մայիս 14-էն մինչեւ յունիս 10 «Վիվասել-Էմ. Թի. Էս.»-ի սպասարկման կեդրոններէն գնած են հեռախօսներ: Մրցումին շահողները որոշուած են համակարգչային յատուկ ծրագիրի օգնութեամբ, նշուած ժամանակահատուածին մէջ գնուած կապի միջոցներուն նոյնականացման քոտերուն պատահական ընտրութեամբ:

Նշենք, որ մրցանակակիրները իրենց նուէրները ստացած են «Վիվասել-Էմ. Թի. Էս.»-ի գլխաւոր գրասենեակէն:

«Արջերու» Քարանձաւը Կրնայ Խթանել
Հայկական
Զբօսաշրջութիւնը

Վայոց Ձորի մարզի «Արջերու քարանձաւ»-ը Հայաստանի մէջ գտնուող ամէնէն երկար ստորերկրեայ քարանձաւն է. եթէ անիկա ճիշդ եւ լաւ կերպով պահպանուի, կրնայ դառնալ հայկական զբօսաշրջութեան վաճառանիշը:

1 օգոստոսին տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին այս մասին խօսած է «Թռչական» քաղաքացիական նախաձեռնութեան անդամ աշխարհագէտ Լեւոն Գալստեան: «Քարանձաւներուն հետ առնչուող հիմնական հարցը կը վերաբերի զբօսաշրջիկներուն մուտքին, որ պէտք է կանոնակարգուի»:

«Արջերու քարանձաւ»-ը, ըստ անոր, լուրջ ներուժ ունի յառաջիկային օգտագործուելու իբրեւ զբօսաշրջութեան վայր, եթէ մշակուի քարանձաւները օգտագործելու համար յատուկ կարգ»:

Պատմական-մշակութային արգելոց-թանգարաններու եւ պատմական միջավայրի պահպանութեան ծառայութեան յուշարձաններու պահպանութեան բաժինի ղեկավար Արտաւազդ Զաքեան վստահեցուցած է, որ Հայաստանի պետական ցանկին վրայ արձանագրուած մօտաւորապէս 19 հազար պատմամշակութային յուշարձաններէն իւրաքանչիւրին ունեցած հարցերուն մասին լաւատեղեակ է կազմակերպութիւնը: «Արդէն իսկ մշակուած է ձեռնարկներու ցանկ, պետական սեփականութիւն հանդիսացող արգելոց-թանգարաններու պահպանութեան համար», նշած է Զաքարեան: Ան դիտել տուած է, որ իրենք աշխուժութեամբ եւ մօտէն կը հետեւին յուշարձաններու պահպանութեան, անոնց առնչուող իրաւական խախտումներուն եւ համապատասխան քայլերու կը դիմեն: Բանախօսները նշեցին, որ քարանձաւները բնապահպանական այնպիսի համակարգեր են, որոնց օգտագործումը եւ պահպանումը յատուկ ուշադրութեան կը կարօտին:

«Արջերու» քարանձաւը զբօսաշրջական խումբերուն համար հասանելի վայր պիտի ըլլայ միայն այն պարագային, եթէ ապահովուի զբօսաշրջիկներուն անվտանգութիւնը եւ քարանձաւի լիարժէք պահպանութիւնը: Քարանձաւը կը գտնուի Վայոց Ձորի մարզին մէջ` Երեւանէն 150 քիլոմեթր հարաւ-արեւելք, Նորավանքի վանային համալիրի մօտ: Հոն կարելի է հասնիլ միայն հետիոտն, Նորավանքէն 30 վայրկեան քալելէ ետք, խիստ լեռնային պայմաններու մէջ, նեղ արահետներով: Բայց այս դժուարութիւնները կը մոռցուին` ի տես բնութեան այդ անձեռակերտ հրաշքին:

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )