Վահէ Աւետեանի Ոճիրը ` Ապտակ

ԽԱՉԻԿ ՀՐԱԿ ՏԵՄԻՐՃԵԱՆ

Հարսնաքարի դէպքը, հակառակ իր եղերական ու ողբերգական բնոյթին, շատերու կողմէ կրնայ դիտուիլ իբրեւ ապահովական խախտում, որ որոշ չափով սովորական դարձած է մեր աշխարհին մէջ: Արդարեւ, անոնք կրնան նկատել, թէ նոյնիսկ ամէնէն յառաջադէմ երկիրներուն մէջ ալ այդպիսի դէպքեր կը պատահին: (Նոյնինքն Հայաստանի Հանրապետութիւնը իր գոյութեան կարճ շրջանին ականատես եղած է Ազգային ժողովի զինեալ արարքին): Սակայն կարգ մը կէտեր կու գան այս ոճրային արարքը առանձնացնելու մնացեալ բոլոր ոճրային արարքներէն: Յօդուածին նպատակն է ներկայացնել այս կէտերն ու հանգամանքները, որոնք թէեւ այդքան ալ բարդ վերլուծելի չեն, բայց անպայման պէտք է անդրադառնալ անոնց, չբաւարարուիլ միայն ընդվզումով եւ ըստ այնմ վարուիլ:

Ոճիրը

Առաջին հերթին պէտք է անդրադառնալ ոճրագործներուն եւ ողբացեալին: ՀՀ Ազգային ժողովի պատգամաւոր, Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահին թիկնապահները ծեծամահ կ՛ընեն ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութեան բժիշկ սպայ Վահէ Աւետեանը: Ուրեմն պետական պաշտօնեայի մը թիկնապահները ծեծամահ կ՛ընեն այլ պետական պաշտօնեայ մը: Այստեղ փակագիծ մը բանալով` պէտք է անդրադառնալ այն խորթ երեւոյթին, թէ այս անգամ ծեծամահ ընողը պարզապէս ռուս, թուրք կամ քիւրտ պետական պաշտօնեայ մը չէ, այնպէս` ինչպէս կ՛ըլլար նախորդ դարերուն, այլ հայ պաշտօնեայի մը թիկնապահներն են:  Դէպքը տեղի ունեցաւ Հարսնաքարի ճաշարանին մէջ, որուն սեփականատէրն է Ռուբէն Հայրապետեան: Ուրեմն յստակ է Ռուբէն Հայրապետեանի ուղղակի կամ անուղղակի առնչութիւնը այս արարքին հետ:

Միւս կողմէ, զոհը` Վահէ Աւետեան իր դիրքով ու հանգամանքով առիթ կու տայ կարգ մը խորհրդածութիւններու: Պէտք է նկատել, որ եթէ այս դիրքով բժիշկ սպայ մը ծեծամահ կ՛ըլլայ, կարելի է մտածել, թէ խեղճ բանուորը կամ խեղճ գիւղացին ի՜նչ ի՛նչ հալածանքներու կրնայ ենթարկուիլ, եթէ չյարգէ այսպէս կոչուած պետական պաշտօնեայի մը կամ պատգամաւորի մէկ անօրինական հրահանգը: Անոնք ինչերո՜ւ կրնան ենթարկուիլ կամ կ՛ենթարկուին, եթէ մերժեն ընտրակաշառք. ասիկա կու գայ հաստատելու մեր կարգ մը ենթադրութիւնները: Գիտենք վերջին ընտրութիւններուն կամ որեւէ ընտրութիւններու օգտագործուած միջոցները, սակաւապետներու բիրտ քաղաքականութիւնը հայրենիքի մէջ: Սակայն անոնք եղած են լսուած խօսքեր կամ ենթադրութիւններ եւ ահա կու գայ դէպք մը, որ կը դառնայ առարկայական օրինակ, թերեւս նոյնիսկ յենակէտ` մնացեալ բոլոր ենթադրութիւններուն: Մէկ բան անհերքելի է: Այդ դէպքը մէկ օրէն միւսը կատարուած անակնկալ դէպք մը չէր, այլ պարզապէս յստակ ախտանշան մըն էր, որ մատնեց մնացեալ բոլոր տրամադրութիւններն ու հայ քաղաքական բեմին վրայ տիրող մթնոլորտը:

Հակազդեցութիւններ

Այստեղ պէտք է անդրադառնալ դէպքին իբրեւ արդիւնք եղած հակազդեցութիւններուն: Պաշտպանութեան նախարարութիւնը խստօրէն կը դատապարտէ եղած արարքը եւ կը կարծէ, թէ պէտք եղած պատժամիջոցներուն պէտք է արժանանան ոճրագործները: Բնականաբար այս հաստատումները ընելու համար պէտք չկայ պաշտպանութեան նախարարութեան կողմէն խօսելու համար, ոեւէ մարդ այդպէս կը կարծէ կամ առնուազն պէտք է այդպէս կարծէ: Այսպէս, ուրեմն, նոյնիսկ նախարարութիւնը, որուն անդամն է սպաննուողը ի՜նչ ի՛նչ հաշիւներով կ՛ունենայ զուսպ կեցուածք: Պաշտպանութեան նախարարութեան կողմէ կը սպասուէր քիչ մը աւելի սաստող եւ ուժեղ որոշում, նկատի ունենալով, որ թէ՛ ոճրագործները յստակ են, թէ՛ անոնց ետեւ կանգնած ուժերը: (Թէեւ այս հանգամանքն էր հաւանաբար, որ պաշտպանութեան նախարարութիւնը մղեց իր զուսպ կեցուածքին):  Ոճիրին բացայայտ բնոյթը անել կացութեան մատնեց Ռուբէն Հայրապետեանը: Այսպէս, ան ունեցաւ հետաքրքրական հակազդեցութիւն: Խորապէս ցաւիլ կատարուածին համար, ԱԺ-էն հրաժարիլ, ներողութիւն խնդրել հայ ժողովուրդէն եւ Աւետեան ընտանիքէն, յուսալով, որ օր մը անոնք զինք կը ներեն, նեղանալ եւ յանցաւոր զգալ, թէ ինք ինչու հոն չէր կանխելու համար պատահածը, հասկնալ, թէ շատեր զինք պիտի ամբաստանեն հակառակ իր անմեղութեան, յուսալ, որ ճշմարտութիւնը վերահաստատուի: Բաւական յուզիչ հակազդեցութիւն, որ կարելի է նկատել իբրեւ վերջին փորձ` իր յանցանքը մեղմելու համար: Հայ ազգը այնքան ալ ապուշ չէ հաւատալու համար անոր անուշ լեզուին:

Հայոց Քաղաքացիական Գիտակցութիւն

Յօդուածին նպատակը բնականաբար ոստիկանական նորավէպ մը պատմելը չէր: Ինչպէս արդէն ըսինք, Աւետեանի ոճիրը քաղաքական տրամադրութեան իբրեւ հետեւանք տեղի ունեցած էր: Անիկա որոշ չափով հետեւանք էր հայոց քաղաքացիական գիտակցութեան անդամալոյծ վիճակին: Նախ պէտք է սահմանել «հայոց քաղաքացիական գիտակցութիւն» եզրը: Այս եզրով կը հասկնանք այն գիտակցութիւնը, որ հայ քաղաքացին կը դարձնէ լիիրաւ քաղաքացի, որ մասնակից է երկրի քաղաքականութեան եւ պատասխանատու է քաղաքական որոշումներուն նկատմամբ: Բնականաբար այս անհատը կը գիտակցի իր այս դերին կարեւորութեան: Այժմ պէտք է անդրադառնալ հայոց քաղաքացիական գիտակցութեան հոլովոյթին:

Այն շրջանին, երբ Հայաստանը ազատ չէր, հայութիւնը յաճախ կ՛ենթարկուէր պետական պաշտօնեաներու վայրագութիւններուն: Այդ պաշտօնեաները եղած էին թուրքեր, չերքեզներ, քիւրտեր, ռուսեր եւ յաճախ` հայեր: Ասիկա դարերու վրայ երկարող երեւոյթ էր: Կեղեքելը, կողոպտելը, սպաննելը արդէն այդ շրջանին կենցաղին անբաժան մասը դարձած էին: Ասոր վրայ, պատմութեան մէջ յառաջանալով, պէտք է աւելցնել եօթանասուն տարուան խորհրդային լուծը եւ կեղեքումներու շարունակութիւնը եւ ԽՍՀՄ-ի քայքայումէն ետք սովն ու համատարած քաոսը եկած էին անդամալուծելու հայոց քաղաքացիական գիտակցութիւնը: Հակառակ կարգ մը փորձերու` այս վիճակէն առողջ եւ հեզասահ ձեւով դուրս գալու, արտաքին ճնշումն ու ներքին պաշտօնեաներու տրամադրութիւնը եկաւ սկիզբը դնելու հայ քաղաքական եւ տնտեսական սակաւապետութեան, եւ այս անգամ հայութիւնը  անցաւ այս սակաւապետներու լուծին տակ:

Այս սակաւապետները ստեղծած են իրենց յարմարող համակարգ եւ կ՛իշխեն` անոր համեմատ ձգտելով առաւելագոյն շահին: Այս բոլորը կարելի կը դառնայ միայն բնականաբար քաղաքացիական գիտակցութեան բացակայութեան: Այսօր կացութիւնը այնպէս մըն է, որ որքան ժամանակը յառաջանայ, այնքան պիտի շեշտուի սակաւապետութեան դրութիւնը, եւ հայ քաղաքացիին կացութիւնը աւելի ու աւելի պիտի դժուարանայ: Բնականաբար այս կացութեան մէջ ան աւելի պիտի անտեսէ քաղաքացիական գիտակցութեան անհրաժեշտութիւնը եւ այս իր կարգին յաւելեալ առիթ պիտի ըլլայ սակաւապետներուն` իրենց բացարձակ իշխանութիւնը տարածելու: Եւ այս իսկ շրջանակի վիճակը պիտի շարունակուի: Ընդհանրապէս այս կացութիւնները կը հասնին այն աստիճանի, որ յեղափոխութիւնը միայն կրնայ զանոնք շրջել: Այդպէս եղած էր բոլոր հսկայ պետութիւններուն մէջ: Սակայն հայոց պարագային յեղափոխութիւնը հայոց գոյութեան համար կրնայ ճակատագրական ըլլալ` նկատի ունենալով հայոց քիչ թիւը, պաշարուած վիճակը եւ շրջանային լարուածութիւնը:

Ուրեմն այս բոլորին առաջքը պէտք է առնուի: Ասիկա կարելի կ՛ըլլայ միայն հայուն քաղաքացիական գիտակցութեան աշխուժացումով: Այս միտքն է, որ կրնայ սանձել սակաւապետներու անարդարութիւններն ու ոտնձգութիւնները, այս միտքն է, որ կ՛երաշխաւորէ ժողովրդավարութիւնը, այս միտքն է, որ վայել է հայոց նման քաղաքակիրթ ազգերուն: Չի բաւեր խուսափիլ սխալելէ, չի բաւեր արդար ըլլալ, այլ պէտք է որեւէ անարդարութեան պարագային պէտք եղած քայլերը առնել: Արդարը չ՛ընդունիր անարդարութիւնը, ոչ միայն երբ այդ անարդարութիւնը իրեն կը վերաբերի: Ուրեմն սթափինք եւ սթափեցնենք վերջապէս լիովին վայելելու համար մեր այդքան սպասած պետականութեան բարիքները: Այս իմաստով քուէն ուժ է եւ Վահէ Աւետեանին զօրակցող շարժումները ողջունելի են: Սակայն այս շարժումները պէտք է շատնան, եւ Հայաստանի մէջ պէտք է  քաղաքացիական գիտակցութեան աշխուժացման մթնոլորտ տիրէ` պետութեան կամ կուսակցութիւններու շնորհիւ, որովհետեւ ատիկա է հայ պետականութեան գոյատեւման երաշխիքը:

Ուրեմն յոյսով ենք, որ Վահէ Աւետեանի ոճիրը կու գայ դառնալու այն ծանր ապտակը, որ պիտի սթափեցնէ կամ առնուազն արագացնէ հայոց քաղաքացիական գիտակցութեան զարթնումը, որուն շնորհիւ կարելի կ՛ըլլայ ունենալ լիիրաւ ժողովրդավարութիւն, արդար ընտրութիւն եւ պետականութեան հզօրացում:

 

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )