Սայիտ Չեթինօղլուին Յօդուածը` Անատոլուի Հողերէն Հայերու Արտաքսումի Մասին

«ՆՈՐ ՄԱՐՄԱՐԱ»

Պատմաբան ու հետազօտող Սայիտ Չեթինօղլու, որ ցարդ հայանպաստ բազմաթիւ ուսումնասիրութիւններ ըրած ու գիրքեր հրատարակած է, համացանցի վրայ ունի նոր յօդուած մը, ուր կը պատմէ, թէ հայերու «տեղահանութենէն» ետք, երբ պատերազմը վերջացաւ, պետութիւնը ամէն ինչ ըրաւ, որպէսզի հայերը չկարենան վերադառնալ, վերադառնալ ուզողներու առջեւ դրուեցան այնպիսի արգելքներ, որոնք անյաղթահարելի էին:

Շատ բան գրուած է այն մասին, թէ հայերը ինչպէ՛ս իրենց հայրենիքէն վտարուեցան ցեղասպանութեան գործադրութեան ընթացքին: Անոնցմէ ոմանք կրցան անշուշտ ողջ մնալ, ճողոպրիլ մահուան ճիրաններէն: Այսօր ցեղասպանութեան գործադրութեան մասին ինչ որ գիտենք, գիտենք այդ վերապրողներուն պատմածներէն: Բնական է, որ պատերազմի աւարտին այս մարդիկը պիտի ուզէին վերադառնալ իրենց հայրենիքը: Ամէն մարդ գիտէ, որ հայերը շատ կապուած էին իրենց հայրենիքին: Եթէ մէկդի ընենք անոնց ազգաբնակչական եւ պատմական կեանքի մասին առկայ գրականութիւնը, անդին` տակաւին կը մնայ շատ ստուար գրականութիւն մը, որուն մէջ հայերը կարօտով կը խօսին ամէնէն անմարդաբնակ շրջաններու իսկ ծաղիկին, միջատին, եւ ինչ-ինչ մանրամասնութիւններու մասին: Այս շատ լայն գրականութեան ուսումնասիրութեամբ է, որ կարելի է երեւան հանել ու վերստին գրել Անատոլուի իրական պատմութիւնը: Անատոլուի ամէնէն հեռաւոր անկիւններուն իսկ պատմութիւնը թաղուած է այս լայն գրականութեան մէջ:

Չեթինօղլու կը պատմէ, որ թրքական կառավարութիւնը ցեղասպանութենէն վերապրող հայերուն մասին հրամանագիր մը հրատարակեց ու զայն ղրկեց բոլոր սահմանադռներուն ու զինուորական հրամանատարութիւններուն: Հրամանագիրը կը բաղկանար 11 յօդուածներէ: Այս յօդուածները այնպէս մը գրուած էին, որ այլեւս հայերու մուտքը մնացած էր սահմանադրան պաշտօնեայի խղճմտանքին ու գնահատանքին: Յօդուածները ծանր էին: Բայց անոնց մէջ կար յօդուած մը, որ այլեւս ծիծաղելիութեան սահմանն ալ կ՛անցնէր: Այդ յօդուածին համաձայն, կը պահանջուէր, որ սահմանէն ներս կրնային ընդունուիլ այն հայերը, որոնք իրենց հետ պիտի ունենային մինչեւ նոր հունձք բաւելու չափ սննդեղէն: Այս խեղճ մարդիկը, որոնք իրենց ամէն ինչը թողլով աքսորուած էին, ղրկուած էին դէպի մահուան ճամբայ, որոնք իրենց հասած տեղերը ապաստանած էին գաղթակայաններու մէջ, կէս ծարաւ, կէս անօթի, վերադարձին ինչպէ՞ս կրնային իրենց հետ ունենալ բաւարար սննդեղէն: Մանաւանդ որ անոնք չէին գիտեր, թէ ինչպիսի՞ պայմաններ իրենց կը սպասէին, եթէ վերադառնային:

Այնուհանդերձ, գտնուեցան փոքրաթիւ հայեր, որոնք յաջողեցան վերադառնալ: Եւ այն ի՞նչ պատահեցաւ: Այս անգամ ալ Անգարայի կառավարութիւնը արգիլեց նախ բոլոր հայերուն, ապա նաեւ միւս փոքրամասնութիւններու տեղափոխութիւնն ու ճամբորդական ազատութիւնը: Հայերը եւ փոքրամասնութիւնները պիտի մնային հո՛ն, ուր էին, չէին կրնար ուրիշ տեղ երթալ:

Չեթինօղլու այս մասին գտած է բազմաթիւ փաստաթուղթեր, որոնց մասին կու տայ փաստացի տուեալներ:

 

 

Share this Article
CATEGORIES