Բնապահպանումը` Համակարգային Փոփոխութեան Մեկնակէտ
Խ. ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ
«Ռիօ + 20»-ի հայաստանեան պատուիրակութեան մաս կազմեցին նաեւ բնապաշտպան հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ: Թէ ի՛նչ եղած է Հայաստանի բնապաշտպաններու օրակարգը պրազիլական քաղաքին մէջ, ի՛նչ բնոյթի ելոյթներ ու հանդիպումներ ունեցած են, ի՛նչ կապեր հաստատած կամ վերահաստատած են` մանրամասնութիւնները յայտնի չեն: Այդուհանդերձ, Հայաստանի բնապաշտպաններու մասնակցութիւնը «Ռիօ+20»-ին առիթ կու տայ անհրաժեշտ քանի մը խորհրդածութիւններու:
Հայրենի ժողովուրդի նորագոյն զարթօնքին մէջ, ղարաբաղեան շարժման առաջին օրերուն իսկ, ժողովրդային զօրաշարժի կազմակերպման մէջ բնապահպանական շարժումը կեդրոնական ու կենսական դեր ունեցաւ: Պէտք է յիշել, որ «Նայիրիտ»-ի արտանետումներուն դէմ բողոքներն էին, որոնք կլասնոսթն ու փերեսթրոյքան Հայաստան բերին եւ ուղի հարթեցին նախ ղարաբաղեան շարժման, ապա երկիրի անկախացման գործընթացներուն: Խորհրդային համակարգի լճացման ու անվերադարձ փտութեան ժամանակներուն Հայաստանի մէջ բնապահպանման շարժումը, որուն արմատները անկասկած պէտք է փնտռել խորհրդային տարիներուն իսկ հայրենի բնութեան վրայ գուրգուրացող, զայն երգող ու գովաբանող այնքան արուեստագէտներու ստեղծագործութիւններու ներշնչման մէջ, օրին հանդիսացաւ հասարակութեան վերանորոգման, վերաթարմացման ամէնէն աշխուժ շարժումը:
Յետոյ, սակայն, արցախեան պատերազմի աւարտին, ազատ ու անկախ հայրենիքի օրուան ղեկավարներու ձեռամբ Հայաստան բերուած դրամատիրութեան անցումի ամենավայրագ տարբերակի գրոհին ու դրամատէր սակաւապետական նոր դասակարգի հետ պաշտօնականացած ազատ-շուկայական գաղափարախօսութեան տիրապետութեան տարիներուն, բնապահպանական շարժումը կարծես իր թափը կորսնցուց: Այնքան մը, որ երբ ամէն ինչ աճուրդի կը հանուէր եւ մենաշնորհային դրամագլուխի տէրերը իրարու հետ մրցումի ելած էին միջազգային ներդրումներու ներգրաւումով իրենց պատառները խլելու համար, բնապահպանները չկրցան արգելք հանդիսանալ բնութեան սեփականաշնորհման:
Մինչեւ որ իրարու յաջորդեցին հանքային արտահանումներու գայթակղութիւնները, բնութեան սպանութիւնը` սակաւաթիւ մարդոց շահին համար, եւ բնութեան հետ աշխատաւոր մարդուն շահագործումը` մինչեւ իր առողջութեան վերջին կաթիլը: Այս ահազանգային կացութեան մէջ, ահաւասի՛կ, շահագործող համակարգի յարմարուողական ամէն հոսանքի դէմ ելլելով` Հայաստանի բնապահպանական շարժումը կրկին մէջտեղ ելաւ նորոգուած ուժերով, գաղափարական սերունդով եւ պայքարի ամենաստեղծագործ միջոցներով:
Անցնող երկու տարիներուն, կարելի է ըսել, Հայաստանի մէջ համակարգային փոփոխութիւններու անհրաժեշտութեան ու կարելիութեան ամէնէն առողջ նշանները ի յայտ եկան բնապաշտպաններու հասարակական զօրաշարժով: Թռչկանէն մինչեւ Թեղուտ եւ Երեւանի մէջ Մաշտոցի այգի` հայրենի բնապաշտպանները ձեռք բերին ակնբախ յաջողութիւններ` ընդդէմ տեղական ու միջազգային մեծ դրամագլուխին եւ անոր սատար կանգնող իշխանատիրական համակարգին: Անշուշտ տակաւին կանուխ է այս սկզբնական յաջողութիւնները բանաձեւելու որպէս վերջնական յաղթանակ, սակայն հայրենի իրականութեան մէջ բնապաշտպաններուն զօրաշարժն ու ձեռք բերած այս առաջին յաջողութիւնները, որոնց առիթով նշենք, որ իշխանութիւնները ի վերջոյ առաջնահերթութիւնը տուին հայրենի բնութեան պահպանման եւ ոչ թէ մեծ դրամագլուխի, իրենց մէջ կը կրեն համակարգային փոփոխութեանց անհրաժեշտութեան ամենայեղափոխական սերմերը: Այլ խօսքով` բնապաշտպաններու զօրաշարժը կրնայ մեկնակէտն իսկ հանդիսանալ համակարգային արմատական փոփոխութեան, որ հայրենի երկիրն ու հասարակութիւնը կրնայ ազատագրել մենաշնորհային դրամատիրութեան ամենանախնական տարբերակէն, որ այսօր կը տիրապետէ եւ ինքզինք կը պարտադրէ որպէս տնտեսական զարգացման միակ այլընտրանք, ինչ որ, պարզ է, գաղափարախօսական դիմայարդարում մըն է յաւերժացնելու համար իշխող դասակարգի շահագործումը:
Բնապահպանական շարժման յեղափոխական բնոյթին մասին խօսիլը եւ համակարգային արմատական փոփոխութիւններու հետամուտ ըլլալը պէտք չէ հասարակացուի որպէս պետականացում, կուլակաթափում (խմբ. ունեւոր գիւղացիի ինչքի բռնագրաւում), ինչպէս կը բանաձեւուի առհասարակ, կամ խորհրդային ծրագրաւորուած տնտեսական քաղաքականութեան վերադարձ: Բնապահպանման զօրաշարժը ինքնին կու գայ յուշելու, թէ Հայաստանի մէջ համակարգային արմատական բարեփոխութիւններու ձգտումը այսօր խորհրդային անցեալի ոչ մէկ կարօտաբաղձութիւն կը յուշէ: Ի վերջոյ, ստալինեան սարսափի տարիներուն խորհրդային տնտեսութեան ճարտարարուեստականացման լճացումն էր, որ ոչ միայն Հայաստանի, այլ ամբողջ նախկին խորհրդային տարածքին բացայայտ դարձուց բնորդին ահաւոր բացթողումները: Ընդհակառակը, երբ այսօր կը խօսուի արմատական բարեկարգումներու ու համակարգչային փոփոխութեան մասին, պէտք է ի մտի ունենալ նոր բնորդի ստեղծման անհրաժեշտութիւնը: Աւելի պարզ, բնապաշտպաններուն շարժումը հետամուտ է քաղաքացիական հասարակութեան վերահսկողութեան տակ դնելու եւ մեծ դրամագլուխի շահագործումէն զերծ պահելու այն, ինչ որ հասարակութեան ունեցուածքն է: Եւ եթէ այս հեռանկարով անպայմանօրէն անհրաժեշտ է պետական նոր քաղաքականութիւն, նոյնքա՛ն կարեւոր է նաեւ հասարակական գիտակցութիւնը` տէր կանգնելու անոր, ինչ իր բնական ունեցուածքն է:
Բնապաշտպաններու զօրաշարժը Հայաստանի մէջ, ինչպէս ամէնուրեք, նպատակ չի կրնար ունենալ տնտեսական զարգացումը կասեցնել, չի կրնար խուլականջ ըլլալ աշխատանքի տեղերու ստեղծման անհրաժեշտութեան: Այլ խօսքով` բնապահպաններու զօրաշարժի ներքին տրամաբանութիւնը գրեթէ անխուսափելիօրէն կը յանգի տանելի տնտեսական զարգացման ծրագիրի մը անհրաժեշտութեան, այն ինչ «Ռիօ+20»-ի նպատակն էր, որուն առնուազն ամբողջականօրէն չյանգեցաւ համագումարը, որովհետեւ տագնապի երկարատեւ հանգրուանէ մը անցնող դրամատիրութիւնը եւ համաշխարհային մակարդակով տիրակալութիւն հաստատած մեծ դրամագլուխը շահագրգռուած չեն տանելի զարգացման հեռանկարով, եւ լաւագոյն պարագային այն, ինչին կը ձգտին անոնք, այսպէս կոչուած «կանաչ տնտեսութիւն»-ն է, այսինքն` բնութեան ապրանքացումը, ուր եւ Միլթըն Ֆրիտմըններուն եւ Ֆրիտրիխ Հայեքներու երկրպագուներէն հատուած մը այսօր կը տեսնէ տագնապի ելքերէն մէկը, եթէ ոչ` դրամատիրութեան որպէս համակարգ փրկութեան ուղին: Ահա սիրանուշներու երգի նման քաշողական ու մահացու այս «կանաչ տնտեսութեան» թակարդն է, զոր զարգացող երկիրներու ամենայառաջադիմական շարժումները լաւագոյնս տեսած են: Ափրիկէէն մինչեւ Հնդկաստան ու Հարաւային Ամերիկա` հասարակական զօրաշարժները բազմացած են բաց երկինքի տակ հանքային շահագործման ծրագիրներուն դէմ, եւ ժողովրդային զօրաշարժով իշխանութեան հասած կառավարական համակարգեր ականջալուր են անոնց: Ցարդ ծանօթ որպէս «զարգացման ընթացքի մէջ գտնուող երկիրներ»-ու գործադիր իշխանութիւնները վերահաստատելու սկսած են անցած տասնամեակին նոր-ազատական քաղաքականութիւններու պատճառով ձեռքէ տրուած ազգային գերիշխանութիւնը իրենց երկիրի տարածքին, եւ օրէնսդիր իշխանութիւնները հետամուտ են բնութեան պահպանումն ու հանքային շահագործումը տանելի զարգացման տրամաբանութեան մէջ տեղադրող օրէնքներու բանաձեւման:
Հայաստանի մէջ բնապահպանական շարժումը ծնունդ տուած է արդէն պատմական դէմքերու, եւ այսօր անոր ղեկավարութիւնը կը յատկանշուի բացառապէս երիտասարդ տարրերով:
Ի տարբերութիւն Եւրոպայի, ուր բնապահպանական շարժումը 1970-ական թուականներու ծնունդ տուաւ Կանաչներու կուսակցութեան, Հայաստանի մէջ բնապաշտպանութիւնը կը յատկանշուի հասարակական զօրաշարժով:
Այդ մէկը կը բացատրէ շարժման արմատականութիւնը եւ քաղաքական խաղերու յատուկ զիջումներու չերթալու տրամադրուածութիւնը: Պէտք չէ զարմանալ, որ խորհրդարանական կուսակցութիւններէն ոչ մէկը յաջողած է այս զօրաշարժը բերել իր ոլորտին մէջ եւ իր ծրագրային դրոյթները համակարգել անոր նպատակներուն հետ, այնպէս, ինչպէս, օրինակի համար, Պրազիլի մէջ Աշխատաւորական կուսակցութիւնը թէ Պոլիվիոյ նախագահ Էւօ Մորալեսի կուսակցութիւնը յաջողած են ընել:
Հայաստանի մէջ խորհրդարանական թէ արտախորհրդարանական բոլոր քաղաքական ուժերը ցարդ այնքա՛ն յեղափոխական չեն, որքա՛ն բնապաշտպաններու զօրաշարժը` համակարգային փոփոխութիւններու իր արմատականութեամբ եւ համակարգին այս կամ այն ձեւով չյարմարելու իր վճռակամութեամբ:
Կը մնայ, որ Հայաստանի բնապահպանական զօրաշարժը թերեւս պէտք է քայլեր նետէ օրակարգի իր անմիջական խնդիրներէն անդին` տանելի տնտեսութեան հեռանկարը քաղաքական ծրագիրի վերածելու ուղղութեամբ:
Այս իմաստով, անկասկած, զարգացման ընթացքի մէջ գտնուող երկիրներու կենդանի փորձը ներշնչման կարեւոր աղբիւր է, եւ աւելի քան միջազգային թէ միջպետական կազմակերպութիւններու հետ Հայաստանի բնապաշտպանները պէտք է կապեր հաստատեն Համաշխարհային ընկերային ֆորումի շրջանակներուն հետ եւ բնութեան պահպանման, տնտեսական զարգացման ու ընկերային արդարութեան հիմնախնդիրներու համակարգումը կատարէ որպէս նախաքայլ` համակարգային փոփոխութեան: Յետոյ երեւան պիտի ելլէ, թէ քաղաքական ո՛ր ուժը հասունութիւնը պիտի ունենայ համակարգային արմատական այս փոփոխութեան հեռանկարը իր ծրագրային դրոյթներու կարգին դասելու: