Աթլեթիզմ. Լիբանանի Խմբային Ախոյեանութիւն. Քըրթպաուի Եւ Սանեհ Լիբանանեան Նոր Մրցանիշներ Հաստատեցին

Սարա Ճօ Քըրթպաուի (աջին)

Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնի կազմակերպութեամբ տեղի ունեցող Լիբանանի աթլեթիզմի խմբային ախոյեանութեան մրցումներուն առաջին օրը լիբանանեան երկու նոր մրցանիշներ հաստատեցին Շանվիլ ակումբին մաս կազմող երկու մարզիկներ:

Աղջկանց 800 մեթր վազքի մրցումներուն, Սարա Ճօ Քըրթպաուի արձանագրեց նոր մրցանիշ մը` արձանագրելով 2’18”78 արդիւնք մը:

Իսկ Քրիսթել Սանեհ իր մրցանիշը հաստատեց ձողով բարձրութիւն ցատկելու մէջ` արձանագրելով 5,55 մեթր արդիւնք մը:

Աղջկանց 100 մեթր վազքի մրցումներուն, Կրեթթա Թասլաքեան (Ինթըր Լիպանոն) հանդիսացաւ առաջին` արձանագրելով 12”11 արդիւնք մը:

Իսկ տղոց 800 մեթր վազքի մրցումներուն, Զոհրապ Կարապետեան (Ժամհուր) հանդիսացաւ երրորդ` արձանագրելով 2’00”80 արդիւնք մը:

Share this Article
CATEGORIES