Հայրենի Կեանք

Արեւմտեան Հայաստանի 70 Գաւառները Եւ Արցախը
Ներկայացնող 37 Հատորնոց Գրքաշար Պիտի Հրատարակուի

Հայկական ճարտարապետութիւնը ուսումնասիրող հիմնադրամին աշխատանքը աշխուժացած է. այս տարի լոյս պիտի տեսնէ հայկական ճարտարապետութիւնը ուսումնասիրող գիրքի 15-րդ հատորը: Օգոստոս 30-ին լրագրողներու հետ կայացած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յուշարձանագէտ Սամուէլ Կարապետեան նշեց, որ հրատարակուած է նաեւ «Վարձք» հանդէսի նոր համարը, որուն անուանումն է` Պարտք նախնիներու յիշատակին առջեւ:

«Մշակոյթի եւ Սփիւռքի նախարարութիւններու աջակցութեամբ հիմնադրամը հրատարակած է Անիի նուիրուած գիրք, որուն մէջ կան բազմաթիւ լուսանկարներ, կարճ պատմութիւններ իւրաքանչիւր յուշարձանի մասին: Այդ նախարարութիւններուն հետ կնքած ենք համաձայնագիր, որ կը վերաբերի Հայաստանի տարածքէն դուրս գտնուող յուշարձաններու վաւերագրման», յայտնած է  Ս.Կարապետեան: Խօսելով «Վարձք» հանդէսի կարեւորութեան մասին` յուշարձանագէտը նշեց, որ գոյութիւն ունեցող տեղեկութիւնները բաւարար չէին գիրք մը կազմելու համար, ուստի որոշուեցաւ  իբրեւ հանդէս հրատարակել:

«Իւրաքանչիւր համար կ’ընդգրկէ այնպիսի նիւթ, որ երբեք արծարծուած չեն: Կան նիւթեր, որոնք առանցքային են, օրինակ, տարուան սկիզբը տիեզերքէն առնուած Ագուլիսի լուսանկարները, որոնք համադրուած են խորհրդային տարիներուն կատարուած քարտէսին հետ», ըսաւ Ս. Կարապետեան: Ան կատարուած աշխատանքներուն մէջ նշեց նաեւ Հայ գրատպութեան 500-ամեակին առիթով հրատարակուած քարտէսը, որուն վրայ պատկերուած են բոլոր այն տպարաններու անունները, որոնք ձեւաւորուած են գրատպութեան ձեւաւորման տարիներուն:

«Պիտի հրատարակենք նաեւ 37 հատորէ բաղկացած գրքաշար, որուն մէջ պարփակուած պիտի ըլլայ  Արեւմտեան Հայաստանի 70 գաւառներու մասին տեղեկատուութիւն: Լոյս պիտի տեսնէ նաեւ Արցախի պատմական-մշակութային արժէքները ներկայացնող գրքաշար, որ պիտի ուրուագծէ Արցախի քարտէսը», հաղորդեց Ս.Կարապետեան:

Խորովածի Փառատօն` Հայկական Ամէնէն Հին
Որմնանկարները
Ունեցող Եկեղեցւոյ Մօտ

Լոռիի մարզի Ախթալա քաղաքին մէջ 8 սեպտեմբերին տեղի պիտի ունենայ Խորովածի համահայկական չորրորդ փառատօնը: Այս տարի, նախորդներուն հետ բաղդատած, աւելցած է մասնակիցներուն եւ հիւրերուն թիւը: Փառատօնի ծրագիրը մասնակիցներուն կարելիութիւն կու տայ խորովածը պատրաստելու իրենց ուզած ձեւով: Փառատօնի աւարտին մասնակիցներէն իւրաքանչիւրին կը տրուին պատուոյ գիրեր, իսկ առաջին երեք յաղթողներուն` բաժակներ: Խորովածի համահայկական փառատօնի կազմակերպիչներն են Հայաստանի ելեւմուտքի նախարարութիւնը, «Հայ խորհարարական աւանդոյթներու զարգացումը եւ պահպանումը» հասարակական կազմակերպութիւնը, «Արենի փառատօնը» եւ Լոռիի մարզպետարանը:

«Խորովածի համահայկական փառատօնը ունի  քանի մը կարեւոր նպատակներ: Մենք ունինք ազգային ուտելիքներու լուսաբանման եւ տարածման լուրջ հարց: Կազմակերպիչներուն նպատակերէն մէկն է աշխարհին ցոյց տալ, թէ ինչ տեսակաւոր ուտելիքներով հարուստ է հայկական խոհանոցը: Այլ երկիրներ հայկական ուտեստը կը ներկայացնեն իբրեւ իրենց ազգայինը. պէտք է  աշխարհին տեղեկացնել, որ տուեալ կերակրատեսակը կը պատկանի հայկական խոհանոցին: Այս փառատօնը, կը կարծեմ, լաւ առիթ է զբօսաշրջիկներուն մեր երկիր կանչելու համար, նաեւ կարելիութիւն կ’ընձեռէ մարզերու բնակիչներուն իրարու հետ կապ հաստատելու եւ իրարու ցոյց տալու իրենց խոհարարական հմտութիւնները», նշած է «Հայ խոհարարական աւանդոյթներու զարգացումը եւ պահպանումը» հասարակական կազմակերպութեան նախագահ Սեդրակ Մամուլեան:

«Մշակութային այս փառատօնը կը կազմակերպենք Ախթալայի Մարիամ Աստուածածին վանքի մօտ, որովհետեւ շատեր չեն գիտեր այս եկեղեցւոյ մասին, եւ մենք կը նպատակադրենք աշխարհին ներկայացնել հայկական ամէնէն հին որմնանկարներ ունեցող կոթողներէն մէկը», դիտել տուած է «Տը պիութիֆայտ փրոճեք» հայկական ռոք խումբի հիմնադիր, մեներգիչ Անտրէ Սիմոնեանը:

Փառատօնին պիտի մասնակցին «Սասնայ ծռեր» համոյթը, «Տը պիութիֆայտ փրոճեք» հայկական ռոք խումբը, երգիչներ: Տեղի պիտի ունենան նկարներու, կաւագործութեան ցուցադրութիւններ, պիտի կազմակերպուին տարբեր տեսակի խաղեր:

Խորովածի համահայկական փառատօնի կազմակերպիչները աւելցուցին, որ յառաջիկայ տարի, այս փառատօնէն բացի, նաեւ կը նախատեսուի Գիւմրիի մէջ կազմակերպել «Արհեստի եւ արուեստի» ձեռնարկը, առաջին անգամ ըլլալով Հայաստանի մէջ կայանալիք «Հացի եւ կենացի» փառատօնը:

«Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամը Վերանորոգած Է
Գիւմրիի
«Փոքրիկներու Տուն» Մանկատունը

Վերջերս «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը բացումը կատարեց Գիւմրիի «Փոքրիկներու տուն» մանկատան վերանորոգուած երկու մասնաշէնքերուն: Ծրագիրը իրականացուած է հիմնադրամի Գերմանիոյ տեղական մարմինի նիւթական օժանդակութեամբ: Միջոցները հաւաքագրուած են հիմնադրամի բարերարներ Համօ եւ Թամար Գրիգորեաններու նուիրատուութիւններուն եւ  2011-ի  համաեւրոպական հեռախօսամարաթոնին հաւաքագրուած գումարէն:

Յայտնենք, որ վերանորոգուած են մանկատան երկու մասնաշէնքերը, ներառեալ ննջարանները, մարզանքի սրահը, խոհանոցը, լուացքի սենեակը: Ընդհանուր առմամբ վերանորոգուած է 900 քիլոմեթր տարածութիւն:

Բացման հանդիսութեան ներկայ գտնուած են «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Արա Վարդանեան, Հայաստանի աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարար Արտեմ Ասատրեան, Շիրակի հոգեւոր թեմի առաջնորդ Միքայէլ եպս. Աջապահեան, հիմնադրամի Գերմանիոյ տեղական մարմնի ատենապետ Ժիլպեր Մոմճեան, տեղական մարմնի վարչական անդամ Անդրանիկ Միքայէլեան, ինչպէս նաեւ բարերարները տէր եւ տիկին Գրիգորեանները իրենց զաւակներուն եւ ընտանիքին հետ:

Յիշեցնենք, որ մանկատան շէնքը կառուցուած է 1924-ին եւ մինչեւ 1972 գործած է իբրեւ գիշերօթիկ մանկապարտէզ: 1946 եւ 1993 թուականներուն կառուցուած է եւս երկու մասնաշէնք: Մանկատունը կ’ընդունի մինչեւ 6 տարեկան` աւելի քան 120 փոքրիկ, որոնք ունին մտաւոր եւ ֆիզիքական շեղումներ: Մանկատան սաները հազիւ 6 տարեկանը ամբողջացնեն կը տեղափոխուին դեռահասներու համար նախատեսուած մանկատուներ: Օրինակ, տեսողական հարցեր ունեցող փոքրիկները կը տեղափոխուին ապրելու եւ ուսանելու Երեւանի տեսողական հարցեր ունեցող փոքրիկներու թիւ 14 գիշերօթիկ դպրոցը: Բժշկական անհրաժեշտ միջամտութենէ ետք, բարելաւուած առողջական վիճակ ունեցող փոքրիկները, ըստ իրենց ծնողներուն փափաքին, կրնան վերադառնալ իրենց տուները:

«Մենք որոշած էինք «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամին 20-ամեակը նշել ո՛չ թէ հանդիսութիւններով եւ հրավառութեամբ, այլ` տարբեր ծրագիրներու բացումներով: Այս շարքը սկսանք իրականացնել Արցախէն եւ պիտի շարունակենք իրագործել զանոնք ամբողջ տարուան ընթացքին»: Այս խօսքերը շեշտելով բացման հանդիսութիւնը եզրափակեց «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Արա Վարդանեան:

Թանգարաններու Միջազգային Տարեկան Գիտաժողովը
Պիտի
Իրականացուի Երեւանի Մէջ

Երեւանի մէջ հոկտեմբեր 20-25 Մեսրոպ Մաշտոցի անուան հին ձեռագիրներու հիմնարկին մէջ տեղի պիտի ունենայ Թանգարաններու միջազգային խորհուրդի Կրթութիւն եւ մշակութային գործունէութիւն միջազգային կոմիտէի տարեկան 41-րդ գիտաժողովը: «Թանգարան եւ գրաւոր հաղորդակցութիւն. աւանդութիւն եւ նորարարութիւն» խորագիրով գիտաժողովի նախաձեռնողները եւ կազմակերպիչներն են ԻԿՕՄ-ի Հայաստանի ազգային կոմիտէն եւ «Թանգարաններու աշխատողներու եւ բարեկամներու միութիւն»-ը`  Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան եւ Երեւանի քաղաքապետարանի աջակցութեամբ:

Գիտաժողովը պիտի իրականացուի ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ին կողմէ Երեւանը 2012-ին գիրքի համաշխարհային մայրաքաղաք հռչակուելուն ձեռնարկներու ծիրին մէջ:

«Թանգարանը եւ գրաւոր հաղորդակցութիւնը. աւանդութիւն եւ նորարարութիւն» խորագիրով գիտաժողովը պիտի տեւէ 5 օր եւ պիտի վերածուի  ինքնատիպ մասնագիտական հարթակի, ուր միջազգային մակարդակով պիտի քննարկուին թանգարաններու մէջ ներկայացուող տարաբնոյթ գրութիւններուն առնչուող  հարցեր:

Գիտաժողովի ծիրին մէջ հայ մասնագէտներու համար պիտի իրականացուին վարպետաց դասեր, զորս պիտի վարեն աշխարհի հեղինակաւոր թանգարաններու մասնագէտները:

Գիտաժողովին մասնակցելու համար Երեւան  եկած է նաեւ ԻԿՕՄ–ի նախագահ  Հանս Մարտին Հինզը:Գիտաժողովին համար ստեղծուած է առանձին կայք` ceca12.icom-armenia.org, որուն միջոցով կը տարածուի տեղեկատուութիւնը եւ կ’իրականացուի մասնակիցներուն արձանագրութիւնը: Արդէն 30 երկիրներու 50 թանգարաններէն արձանագրուած է մօտաւորապէս 70 պատուիրակ, որոնց թիւը օրէ օր կ’աւելնայ:

Հայաստանի մէջ այս գիտաժողովին կազմակերպումը ԻԿOՄ-ի Հայաստանի ազգային կոմիտէի վերջին տարիներու աշխուժ գործունէութեան արդիւնքն է: Նախապէս ոլորտին առնչուող այսպիսի կարեւոր ձեռնարկ չէ կազմակերպուած մեր երկրին մէջ: Գիտաժողովին  ծրագիրը կը ներառէ գիտական զեկուցումներ, քննարկումներ, գործնական դասընթացքներ, ինչպէս նաեւ ճանաչողական ուղեւորութիւններ դէպի հայաստանեան թանգարաններ եւ պատմական-մշակութային տեսարժան վայրեր: Գիտաժողովին հիմնական զեկուցողները յայտնի մասնագէտներ են:

Գիտաժողովը պիտի իրականացուի «Մատենադարան» Մեսրոպ Մաշտոցի անուան հին ձեռագիրներու թանգարան հիմնարկին մէջ, իսկ գործնական դասընթացքները եւ քննարկումները, ըստ համապատասխան նիւթերու, պիտի կազմակերպուին Հայաստանի շարք մը թանգարաններու մէջ, նաեւ պիտի հեռարձակուի համացանցի ճամբով, որ կարելիութիւն պիտի ընձեռէ փափաքողներուն`  հեռակայ դրութեամբ մասնակցելու թանգարանային մշակոյթին նուիրուած այս ինքնատիպ նախաձեռնութեան:

Կրթութեան եւ մշակութային գործունէութեան կոմիտէն ԻԿՕՄ-ի կազմի մէջ մտնող ամէնէն հին եւ ամէնէն մեծ  միջազգային  կոմիտէներէն է: Ան ունի մօտաւորապէս 1300 անդամ, որոնք աշխարհի տարբեր թանգարաններու թանգարանային կրթութեան, մանկավարժութեան եւ մշակութային գործունէութեան ակնառու մասնագէտներ են: Կոմիտէի տարեկան գիտաժողովները վերջիններուս համար մասնագիտական հանդիպման առիթ են, որուն ընթացքին թանգարանագիտական ոլորտին մէջ առկայ տարբեր հարցեր կը քննարկուին:

Արցախեան Ազատամարտին Եւ Փիքասոյին Նուիրուած
Քանդակներ
` Մարտունիի Մէջ

Գեղարքունիքի մարզի Մարտունի քաղաքին մէջ վեց քանդակագործներ միասնաբար քանդակներ կը կերտեն: Մօտաւորապէս 2.5 մեթր բարձրութիւն ունեցող պազալթէ քարերը պատկերներու կը վերածուին սիմփոզիումին  մասնակից արուեստագէտներու ձեռքերուն եւ տաղանդին շնորհիւ:

Հայաստանի  վեց նշանաւոր քանդակագործներու` Հայաստանի Նկարիչներու եւ քանդակագործներու միութեան անդամներ Արամայիս Խլղաթեանի, Արտիկ Քոչարեանի, Գարեգին Դաւթեանի, Սամուէլ Մարտիրոսեանի, Արմէն Վարդանեանի եւ Ռաֆիկ Սարգսեանի ստեղծագործական աշխատանքի ընդհանուր վայր ընտրուած է Մարտունիի Գեղարուեստի դպրոցին բակը:

Արամայիս Խլղաթեանի ստեղծագործութեան առանցքը Կատուն է, որ կը քանդակուի արթննալու պահուն: Գարեգին Դաւթեան կը քանդակէ Փիքասոյի յիշատակին նուիրուած համադրական աշխատանք, որուն մէջ պատկերուած է կնոջ սիրաբանող Մինոտաւրոսը: Սամուէլ Մարտիրոսեանի աշխատանքը ունի երկու բաժին, որուն մէկ կողմը կայ քնացած դիցուհի, միւս կողմը` Մուսան խորհրդանշող քանդակագործը: Արմէն Վարդանեան կը քանդակէ խայտացող ձուկեր: Արտիկ Քոչարեան կը քանդակէ գազանը սանձող մարդը, ուր պատկերուած գազանը կը խորհրդանշէ մեր «հողի եւ արեան թշնամիներուն», իսկ գազանին սանձողը` Վահագն Վիշապաքաղը: Իւրայատուկ մտայղացում է նաեւ Ռաֆիկ Սարգսեանի քանդակը, որ կը կրէ «Մարտունեցի Ս. Տիրամայր» անունը: Բայց եւ այնպէս անիկա չի խորհրդանշեր Տիրամայր Մարիամը, այլ աշխատանքային եռուզեռի մէջ եղող մարտունեցի գեղջկուհին:

Քանդակագործութեան սիմփոզիումի նախաձեռնող խումբի ղեկավար Արամայիս Խլղաթեան դիտել տուած է, որ սիմփոզիումի ծիրին մէջ կայ նաեւ աշխատանք մը, որ նուիրուած է Արցախեան ազատամարտի զոհերու յիշատակին: Այդ քանդակը պիտի հեղինակեն Արտիկ Քոչարեանը, Ռաֆիկ Սարգսեանը եւ Արամայիս Խլղաթեանը: Սիմփոզիումը  կ՛աւարտի 5 սեպտեմբերին, ապա ստեղծագործողները պիտի լծուին Արցախեան ազատամարտի մարտունեցի զոհերուն յիշատակը յաւերժացնող կոթողի կերտման:

Արուեստի վեց կոթողները պիտի տեղադրուին Մարտունիի Երեւանեան եւ Մեասնիկեան փողոցներուն մէջ, Արցախեան ազատամարտի զոհերուն նուիրուած յուշակոթողը` քաղաքապետարանի շէնքին դիմաց, Հայրենական մեծ պատերազմի զոհերու յուշարձանի կողքին: Սիմփոզիումի կազմակերպման եւ կայացման աշխատանքներուն նիւթական եւ բարոյական աջակցութիւն ցուցաբերած են Գեղարքունիքի մարզպետ Ռաֆիկ Գրիգորեանը, Գեղհովիտի գիւղապետ Վարդան Պօղոսեանը, Հայաստանի ճատրակի ակադեմիայի տնօրէն Սմբատ Լպուտեանը, մարտունեցի բարերար Իշխան Բարսեղեանը, Մարտունիի համայնքային միաւորումը, այլ կազմակերպութիւններ եւ անհատ քաղաքացիներ:

Միջազգային Աստղագիտական Միութեան
Գիտաժողով
` Հայաստանի Մէջ

Վերջերս Միջազգային աստղագիտական միութեան` Ինթըրնեշընըլ ասթրոնոմիքըլ եունեընի գործադիր կոմիտէն Փարիզի մէջ կայացուցած իր նիստին ընթացքին քննարկեց եւ ներկայացուած բազմաթիւ դիմումներէն  ընտրեց յառաջիկայ տարի կայանալիք Միջազգային աստղագիտական միութեան   պաշտօնական գիտաժողովներուն ցանկը` 9 հատ: Ցանկին մէջ է հայ անուանի աստղագէտ Բենիամին Մարգարեանի 100-ամեակին նուիրուած «Աշխուժ համաստեղութեան միջուկներու բազմալիքային շրջահայութիւններ եւ ուսումնասիրութիւններ» նիւթով գիտաժողովը, որ 7-11 հոկտեմբեր 2013-ին տեղի պիտի ունենայ Հայաստանի մէջ:  Միջազգային աստղագիտական միութեան  միւս գիտաժողովները կը կայանան Միացեալ Նահանգներու, Քանատայի, Ֆրանսայի, Հոլանտայի, Լեհաստանի, Չինաստանի եւ Հնդկաստանի մէջ: Այս տարի երկու գիտաժողով արդէն կայացած է, իսկ 8 ուրիշներ եւս տեղի պիտի ունենան:

Շրջահայութիւնները աստղագիտութեան մէջ երկնքի ծաւալուն ուսումնասիրութիւններ են, որոնց միջոցով կը բացայայտուին տիեզերական նոր եւ հետաքրքրական երեւոյթներ եւ առարկաներ: Մարգարեան աննախադէպ քայլով մը բազմաշերտ լոյսերու ուսումնասիրութեամբ  յայտնաբերեց գերմանիշակագոյն խաւերով 1500 համաստեղութիւններ, որոնք հետագային բազմալիքային ուսումնասիրութիւններու առարկայ դարձան աշխարհի բազմաթիւ աստղադիտարաններու եւ տիեզերական աստղադիտակներու կողմէ: Այդ աշխատանքը օրին կատարուեցաւ համաստեղութեան միջուկներու աշխուժութեան վերաբերող Վ. Ա. Համբարձումեանի կողմէ առաջադրուած գաղափարի դիտողական ապացուցման նպատակով եւ աստղագիտութեան պատմութեան մէջ կը հանդիսանայ ամէնէն արդիւնաւէտ դիտողական ծրագիրներէն մէկը: Յիշեցնենք նաեւ, որ 2011-ին ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ն Մարգարեանի շրջահայութիւնը ընդգրկեց իր «Աշխարհի յիշողութիւն» միջազգային տոմարին մէջ:

Նշենք, որ  Միջազգային աստղագիտական միութեան գիտաժողովները աստղագիտական աշխարհի ամէնէն հեղինակաւոր ձեռնարկներն են, որոնց ընթացքին կը քննարկուին կարեւորագոյն աստղագիտական խնդիրները, եւ որոնց որպէս կանոն կը մասնակցին ոլորտի լաւագոյն մասնագէտները: Հայաստանի մէջ կայանալիք գիտաժողովին իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն նշանաւոր աստղագէտներ` աշխարհի չորս ծագերէն, ինչպէս նաեւ մեծ թիւով երիտասարդ աստղագէտներ, ընդհանուր թիւով` 200 հոգի:

Հայաստանի մէջ նման գիտաժողովներ կայացած են 1966, 1986, 1989 եւ 1998 թուականներուն:

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ

Share this Article
CATEGORIES