Ցեղախումբերու Պետերը Հարուածել. Զինեալ Ընդդիմութեանց Այս Մարտավարութիւնը Կը Հասնի Սինայի

ԱՇԼԻ ԼԻՆԾԻ

Սինայի թերակղզին եւ անապատը

Զինեալ խմբաւորումներու անդամներ օգոստոս 13-ին սպաննեցին եգիպտական ցեղախումբերէն մէկուն պետը` Խալաֆ Մենահին եւ անոր որդին, երբ անոնք կը վերադառնային արեւելեան Սինայի մէջ գումարուած խորհրդաժողովէ մը. ժողովը կազմակերպած ու գումարած էին թերակղզիի ցեղախումբերու պետերը` դատապարտելու համար զինեալ խմբաւորումներու գործունէութիւնը, յայտնեցին շրջանի ապահովական աղբիւրներ: Մենահի գլխաւոր առաջադիրն էր Եգիպտոսի խորհրդարանին մէջ թերակղզիի ներկայացուցչութեան բարելաւման եւ շրջանին մէջ ապահովական վիճակի բարեփոխման: Ան նաեւ Սաուարքա ցեղախումբի (Սինայի մեծագոյն ցեղախումբը) ամէնէն ազդեցիկ շէյխերէն մէկն էր: Իր թաղումէն ետք ցեղախումբը յայտարարեց, թէ ուխտած է վրէժ լուծել:

Մենահի սպանութիւնը

Ասիկա Սինայի մէջ ցեղախումբերու պետեր թիրախ դարձնելու նպատակով արձանագրուած  առաջին պարագան է: Անիկա կը յաջորդէ օգոստոս 5-ին շրջանին մէջ եգիպտական ապահովական ուժերուն վրայ յարձակումին եւ օգոստոս 8-ին հիւսիսային Սինայի մէջ զինուորական անցարգելներու վրայ յարձակումին:

Թէեւ ընդդիմադիր զինեալ խմբաւորումներու կողմէ ցեղախումբերու պետեր թիրախ դարձնելը նորութիւն մըն է Սինայի մէջ, սակայն այս մարտավարութիւնը սովորական ու ընդհանրացած է Միջին Արեւելքի եւ հարաւային Ասիոյ հակամարտութեանց շրջաններուն մէջ (օրինակ` Եմէն, Իրաք, Աֆղանիստան, Փաքիստան եւ այլն): Թէեւ այս մարտավարութիւնը որոշ առաւելութիւններ կը շնորհէ զինեալ խմբաւորումներուն (օրինակի համար կը տկարացնէ արարքին թիրախ ցեղախումբը եւ երբեմն անոր կը պարտադրէ համակերպիլ կամ միանալ խմբաւորումին), սակայն այսպիսի յարձակումներ իրենց նպատակներուն կը հասնին միայն այնպիսի շրջաններու մէջ, ուր կառավարութեանց հակակշիռը տկար է, եւ այնպիսի ցեղախումբերու դէմ, որոնք ազդու հակահարուած տալու կարողութիւն չունին:

Բանակի սահմանային կէտի վրայ յարձակում

Այս մարտավարութեան կիրարկման տարբեր օրինակներու քննութիւնը կարելիութիւնը կ՛ընձեռէ քննարկելու Սինայի եւ այլ շրջաններուն մէջ այս մարտավարութեան ունենալիք հետեւանքները:

Լայնատարած Կիրարկում

Եմէն.

«Քայիտան` Արաբական թերակղզիին մէջ» կազմակերպութիւնը տարիներէ ի վեր բացայայտօրէն կը գործէ Եմէնի ցեղախումբերու ազդեցութեան գօտիին` հարաւային եւ արեւելեան նահանգներուն մէջ: Ան հետամուտ էր սիրաշահելու տեղական ցեղախումբերը` օգտագործելով զանազան մարտավարութիւններ, ներառեալ` «ռազմավարական ամուսնութիւններ»-ը:

ցեղախումբը ուխտեց վրէժ լուծել եւ միլիս կազմեց

Վերջին շրջանին կը թուի, թէ այդ կազմակերպութիւնը ինքզինք բաւականաչափ ուժեղ կը զգայ` ցեղախումբերու պետերուն հետ սիրաբանելու փոխարէն զանոնք վախցնելու ոճին դիմելու: Վերջերս այդ կազմակերպութիւնը ձախող մահափորձ մը կատարեց Պայտա նահանգի Ռատտա քաղաքին մէջ, շրջանի ցեղախումբի պետ Մաժէտ Տահապի դէմ: Յունուարին Քայիտա իր հակակշիռին տակ առած էր քաղաքը, իսկ Տահապ մասնակցած էր զինուորական արշաւի մը, հոնկէ վտարելու կազմակերպութիւնն ու անոր տեղական ղեկավարը, որ նաեւ իր զարմիկն է: Օգոստոս 4-ին, Տահապի որդին ստանձնեց իր հօր ուղղուած ծրար մը, բայց զայն յանձնելէ առաջ իր ձեռքերուն մէջ պայթեցաւ ու սպաննեց զինք: Պայթումէն անմիջապէս ետք Տահապ ստացաւ հեռաձայն մը, ուր խօսակիցը զգուշացուց, որ խմբակը պիտի սպաննէ ոեւէ մէկը, որ իրեն կ՛ընդդիմանայ:

Խմբակը անխոնջ կերպով շարունակեց արշաւը եւ յաջորդ օրը` օգոստոս 5-ին, այլ յարձակում մը գործեց ցեղախումբերուն վրայ: Անձնասպանական մը ինքզինք պայթեցուց Ժաարի մէջ` սգահանդէսի մը ընթացքին` սպաննելով 45 հոգի: Զոհերէն շատերը ցեղախումբերու զինեալներ էին, որոնք մասնակցած էին յունիսին Եմէնի կառավարութեան Քայիտայի դէմ յարձակումներուն: Ցեղախումբի պետն ալ վիրաւորուեցաւ:

Շրջանի ցեղախումբերը զինեալ խմբակին դէմ վրէժխնդրութեան ուխտ չյայտարարեցին: Եթէ անոնք կարողութիւնը ունին, հաւանաբար հակահարուած պիտի տան: Բայց կը թուի, թէ անոնք տկար են կամ բաւարար ուժ չունին ազդու պատասխան տալու, մանաւանդ իրենց ղեկավար կառոյցին տրուած հարուածներուն լոյսին տակ: Ասիկա պատճառ կը դառնայ, որ ցեղախումբերէն ոմանք դուրս գան հակամարտութենէն`  կարելիութիւն տալով զինեալներուն իրենց գործունէութեան վերսկսելու շրջանին քաղաքներուն մէջ:

Իրաք Եւ ԱֆղանիստանՓաքիստան
Սահմանագիծը

Եգիպտական դիրքերու վրայ օդային յարձակումները

Եթէ Եմէնի համար այս մարտավարութիւնը նորութիւն մըն է, ապա զինեալ խմբաւորումները յաճախակիօրէն գործածած են զայն Միացեալ Նահանգներու Իրաքի եւ Աֆղանիստանի մէջ զինուորական ներկայութեան շրջանին: Ցեղախումբերու պետերուն վրայ յարձակումներ գործելու մարտավարութիւնը կը շարունակէ յաճախակիօրէն գործածուիլ, մանաւանդ` Աֆղանիստան-Փաքիստան սահմանային գօտիին մէջ:

Յատկանշական պարագայ մը եղած է Իրաքի մէկ նմանօրինակ դէպքը: 2007-ին «Քայիտան Իրաքի մէջ» կազմակերպութիւնը սպաննեց հանրածանօթ սիւննի ցեղախումբի պետ շէյխ Ապտուլ Աթթար Ապու Ռիշա, որ ղեկավարն էր «Անպարի զարթօնքի խորհուրդ»-ին: Միացեալ Նահանգներու դաշնակից Ապու Ռիշան կազմած էր խորհուրդը, որ Անպար նահանգի տասնեակներով ցեղախումբեր միացուցած էր «Քայիտան Իրաքի մէջ» կազմակերպութեան դէմ: Ապու Ռիշայի սպանութիւնը հակառակ արդիւնքը տուաւ անոր համար, եւ Ապու Ռիշաներուն հետ սրտակցութեան վիթխարի ալիք մը նահանգի բոլոր ցեղախումբերը մղեց միանալու եւ ուխտելու մինչեւ մահ կռուիլ` «Քայիտա»-ի դէմ: Հարաւային Աֆղանիստանի եւ Փաքիստանի մէջ աֆղան թալեպանները թափանցած են ցեղախմբային համակարգին խորերը. անոնք ազդու եւ արդիւնաւէտ ձեւով գործածեցին ցեղախումբերու պետերը սպաննելու մարտավարութիւնը չէզոքացնելու իրենց գործունէութեան եւ աճին դէմ ելած ամէն արգելք: Այս ծիրին մէջ անոնք կանոնաւոր հերթականութեամբ անձնասպանական գործողութիւններ, զինեալ յարձակումներ եւ ճամբեզրին զետեղուած ականներ կը գործածեն հակաթալեպան միլիսներուն (ծանօթ` «լաշքար»-ներ անունով) եւ հիւսիսարեւելեան Փաքիստանի ցեղախումբերու պետերուն դէմ:

Այսպիսի գործունէութեան թատերաբեմ դարձած գլխաւոր շրջաններէն է Պաժաուրը, որ Աֆղանիստանի Քունար նահանգի սահմանակից փաքիստանեան նահանգ մըն է: Հոն ցեղախումբերու պետերու եւ «խաղաղութեան յանձնախումբ»-երու վրայ բազմաթիւ յարձակումներէ ետք Մամոնտ ցեղախումբը յայտարարեց, որ կազմուած է «լաշքար» մը (ցեղախմբային զինեալ միլիս), կանխարգիլելու համար անդրսահմանեան յարձակումները: Այս նորակազմ միլիսին զօրակցութիւն խոստացան հարիւրաւոր «երէց»-ներ, ղեկավարներ, կրօնաւորներ, որոնք կը ներկայացնէին բոլոր «ենթացեղախումբ»-երը, եւ «խաղաղութեան յանձնախումբ»-երը: Ապու Ռիշայի սպանութեան պէս, աֆղան թալեպաններու այդ շրջանի ցեղախումբերուն ու ղեկավարութեան վրայ յարձակումները խթանեցին մոլեգին միացեալ պատասխան` զանազան ցեղախումբերէ, եւ նորակազմ միլիսը պատրաստակամութիւն յայտնեց ներթափանցելու Աֆղանիստան, հարուածելու համար թալեպան ղեկավարները:

Զինեալներու Մարտավարութեան Դրական
Եւ
Բացասական Կողմերը

Քայիտայի դիրքերու վրայ օդային յարձակումները

Զինեալ խմբակները ցեղախումբերու պետերուն վրայ յարձակումներ կը գործեն աւելցնելու համար իրենց ազդեցութիւնն ու գործունէութեան տարածքը: Զինեալներու դիտանկիւնէն, ցեղախումբի պետի մը ոչնչացումը իտէալ պարագային պիտի տկարացնէ թիրախ ցեղախումբը: Ասիկա կրնայ վերջ դնել ցեղախումբի ընդդիմութեան կամ նոյնիսկ զայն ներգրաւել զինեալ խմբակին մէջ` լեցնելով ղեկավարութեան ոչնչացումէն ետք ստեղծուած դատարկութիւնը: Յոռեգոյն պարագային (միշտ զինեալին դիտանկիւնէն) ցեղախումբի տկարացումով վերջինին այլընտրանք պիտի չմնայ բացի թոյլ տալ, որ զինեալ խմբաւորումը անարգել գործէ իր տարածքին մէջ: Թէեւ ցեղախումբերու սպաննուած պետերը կը փոխարինուին ուրիշներով, եւ ղեկավարման համակարգը կը մնայ անվթար, սակայն ընդհանրապէս այդ շրջանի ցեղախումբերու ղեկավարները աւելի դիւրին կը դառնայ համոզել, որ միլիսներու ներկայութիւնը հանդուրժող կեցուածք որդեգրեն:

Երկար տեւողութեան վրայ զինեալ խմբակի այս տիպի գործունէութեան յաջողութիւնը կախեալ է երկու պայմանէ:

Առաջին հերթին ան պէտք է գործէ շրջանի մը մէջ, ուր գոյութիւն ունի ցեղախմբային հովանաւորչութեան ցանց մը, բայց սահմանափակ կառավարական վերահսկողութիւն: Եթէ հովանաւորչական ցանց չկայ, ցեղախումբը ներգրաւելու կամ վախցնելու համար անոր պետերուն վրայ յարձակիլը նշանակալից շահ չ՛ապահովեր: Օրինակի համար հարաւային եւ արեւելեան Եմէնի մէջ ցեղախմբային հովանաւորչական ցանցը շատ ուժեղ է, եւ ընդհանրապէս աւելի օրինական կը նկատուի եւ աւելի մեծ իշխանութիւն ունի, քան` կառավարութիւնը: Հոն ցեղախումբերու պետերու վրայ յարձակումը համազօր է տեղական կառավարութեան վրայ յարձակումի: Ատիկա կը նշանակէ, որ մէկ կողմէ ցեղախմբային ցանցերը կրնան միանալ եւ որպէս մէկ հաւաքականութիւն խորշիլ օտար զինեալ տարրերէն: Միւս կողմէ, սակայն, եթէ «Քայիտան` Արաբական թերակղզիին մէջ» յաջողի բռնադատել ու ցեղախումբի մը պարտադրել, որ ենթարկուի իր ուղեգիծին, ապա այդ զինեալ խմբակը իր տրամադրութեան տակ պիտի ունենայ այդ ցեղախումբին միջոցները, հնարաւորութիւն պիտի շահի այդ շրջանին մէջ յարձակումներ ծրագրելու եւ գործադրելու, եւ նոյնիսկ կրնայ հաղորդակցութեան նոր գիծեր բանալ այլ ցեղախումբերու հետ:

Երկրորդ. զինեալ խմբակը պէտք է զինուորապէս կարող ըլլայ պարտութեան մատնելու թիրախ ցեղախումբը կամ առնուազն ձեռք ձգելու որոշ առաւելութիւն: Իրաքեան օրինակը ցոյց կու տայ, որ Ապու Ռիշայի սպանութիւնը հակառակ ազդեցութիւնը տուաւ, որովհետեւ անոր ցեղախումբը շատ մեծ էր, անդամները` յանձնառու, եւ զինուորապէս` ուժեղ. ասոր կողքին այդ ցեղախումբը կը վայելէր «Անպարի զարթօնքի խորհուրդ»-ին անդամ բազմաթիւ սիւննի ցեղախումբերու զօրակցութիւնը:

Ցեղախումբի պետ մը թիրախ դարձնելու մարտավարութիւնը, ինչպէս երեւան կու գայ, որոշ վտանգներ ունի: Եթէ վերոյիշեալ երկու պայմանները ապահովուած չեն, զինեալ խմբակը ինքզինք մեծ վտանգներու կ՛ենթարկէ, երբ թիրախ կը դարձնէ ցեղախումբերու ղեկավարները:

Սինայի Սպանութեան Հետեւանքները

Սինայի թերակղզին կը համապատասխանէ այն նախապայմանին, թէ պէտք է սահմանափակ կառավարական հակակշիռ եւ ուժեղ ցեղախմբային հովանաւորչութեան ցանց ըլլայ: Արդ, հարցումը կը դառնայ այն, թէ Սինայի ցեղախումբերը պիտի կարենա՞ն բաւարար ուժ հաւաքել դէմ դնելու միլիսներուն, թէ՞ ոչ: Յառաջիկայ շաբաթներուն պէտք է ուշադիր հետեւիլ տեսնելու համար Մենահիի Սաուարքա ցեղախումբին եւ անոր դաշնակիցներուն խոստացած հակահարուածը:

Այս հակահարուածը տարբեր ձեւեր կրնայ ստանալ. անիկա կրնայ զինեալ յարձակում ըլլալ Սաուարքա կամ դաշնակից ցեղախումբի տարածքէն անցնող զինեալներու դէմ: Ան կրնայ նուազ յարձակողապաշտ, բայց նոյնքան ազդու ձեւ ստանալ. այսինքն` Եգիպտոսի կառավարութեան գումակային, բայց մանաւանդ` հետախուզական նեցուկ հայթայթելով: Զէնքերու պահեստներու գրաւումն ու զինեալներու բանալի ղեկավարներու ձերբակալութիւնը կռահել կու տայ, որ գետնի վրայ գտնուող ցեղախմբային աղբիւրներ հետախուզական տեղեկութիւններ կը փոխանցեն Գահիրէի: Սինայի մէջ իսլամական զինեալ խմբաւորումները թիրախ դարձան արդէն շղթայազերծուած պետական արշաւին: Եգիպտական զինուորական օդանաւեր օգոստոս 15-ին ռմբակոծեցին Սինայի Էլ Արիշ լեռները: Այդ թիրախները գտնելու համար հետախուզական տուեալները հաւանաբար հայթայթուեցան տեղական ցեղախումբերէն:

Զինեալներուն դէմ Եգիպտոսի ապահովական ուժերու եւ ցեղախումբերուն ճիգերուն յաջողութենէն կամ ձախողութենէն պիտի յստականայ, թէ զինեալ միլիսները սխալ հաշուարկնե՞ր ըրած են սպաննելէ առաջ ցեղախումբի մը կարեւոր ղեկավարը: Այդ յարձակումներուն դիմաց իսլամական զինեալ խմբաւորումներու ընկրկումէն կամ տոկունութենէն կախեալ պիտի ըլլայ նաեւ այն, թէ անոնք պիտի կարենա՞ն շարունակել Եգիպտոսի եւ Իսրայէլի վրայ յարձակումները, թէ` ոչ:

«Սթրաթֆոր»

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )