Լրագրողին Օրագիրէն. Բարեւագիր Ռ. Հատտէճեանին
ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ
Պոլսահայ գրագէտ, «Մարմարա» օրաթերթի խմբագրապետ, հարիւրաւոր հատորներու հեղինակ Ռոպէր Հատտէճեան կը շարունակէ ծաղկեցնել իր «Յուշատետր»-ը` նորայայտ մտածումներով: «Ազդակ» իր 29 օգոստոսի թիւով արձագանգած էր մեր սիրելի գրչեղբօր մէկ յօդուածին` «Օրուան լուրերը» խորագիրով: Ան շեշտը դրած էր օրուան լուրերը լսելու ընկերութեան հետաքրքրութեան վրայ, որ խոցելի բնոյթ ունի: Ունկնդիր կամ ակնդիր, կամ` մամուլի ընթերցող կը հետեւի հաղորդուած լուրերուն, մանաւանդ երբ երկրի մը քաղաքական-ապահովական կեանքը խախտած է: Կայ նաեւ բնութեան քմայքը, որ կը դրսեւորուի յաճախ փոթորիկներով, երկրաշարժով, ծովաշարժով (այս ալ նոր բառ մը), հողի սահանքով: Կը լսուին նաեւ նաւու, օդանաւի, շոգեկառքի եւ այլ արկածներ` աղիտալի հետեւանքներով: Լրատուական միջոցները օրը օրին կը հաղորդեն լուրերը, բայց եթէ ասոնք ունկնդիրը չեն հետաքրքրեր, ան կը մնայ անտարբեր:
Այս պարագային Ռ. Հատտէճեան կ՛արծարծէ իրաւունքի եւ պարտականութեան թեման: Այսինքն` ոեւէ քաղաքացի կամ ոեւէ երկրի բնակիչ իրաւունք ունի իմանալու իր երկրին կամ աշխարհի մէջ տեղի ունեցող անցուդարձերուն մասին: Լուրերը փոխանցելու պարտականութիւնը կը պատկանի լրատուական միջոցառումներու պատասխանատուներուն: Այսուհանդերձ, իրաւունք եւ պարտականութիւն կը միանան, կը նոյնանան իր առօրեայով եւ իր երկրին ճակատագիրով հետաքրքրուած, մտահոգուած քաղաքացիին համար: Կայ մետալին միւս կողմը եւս. եթէ անձ մը անտարբեր է եւ չ՛ուզեր հետեւիլ իրեն չվերաբերող հարցի մը, ուս կը թօթուէ` «ինծի ինչ» արտայայտութեամբ, ո՞վ ըլլայ մեղաւորը, լուրերը իմանալու հրաւիրո՞ղը, թէ՞ հրաւիրեալը: «Խօսքը խօսք կը բանայ», կ՛ըսէ ժողովրդային առածը: Ռ. Հատտէճեան բացաւ խօսքը եւ դրաւ մեր գրիչին վրայ եւ ոչ` լեզուին: Մեր կարգին կը ձայնակցինք մեր վարպետին, նոյն ատեն յաւելում մը կատարելով` ներկայացուած լրատուութեան սուտ, անհիմն, սխալ ըլլլալու գծով, օրինակ` Միջին Արեւելքի, արաբական աշխարհի խաղաղութիւնը խռովեցաւ լիբանանեան քաղաքացիական պատերազմով (1975-1990): Իբրեւ թէ խաղաղութիւն հաստատուած է Մայրիներու այս երկրին մէջ, բայց տակաւին խաղաղութիւնը չի տիրեր հոս: Աշխարհը գիտէ յաջորդած խռովութիւններու առկայութիւնը, մենք մնանք Լիբանանի սահմաններուն մէջ, ուրկէ կը հետեւինք մեր դրացի երկրին մէջ բռնկած աղիտալի կռիւներու, ծանր ու «թեթեւ» զէնքերով իրագործուած չարիքին:
Դամասկոս մայրաքաղաքէն մինչեւ Հալէպ` պատմական եւ ծաղկուն քաղաքը, Տէր Զօրէն մինչեւ յետին գիւղերը, Համա եւ Հոմս քաղաքները արիւնեցան, արագ կերպով սկսաւ երկրէն փախուստը, գաղթը, «Սուրիոյ անմիջական դրացիները» բացին իրենց սահմանները գաղթականներու ընդառաջ: Թուրքիան… Ի՜նչ մարդասէր, խաղաղասէր դրացի: Ցարդ ընդունած է 80.000 սուրիացի գաղթական, այժմ դժգոհ է եւ կը յայտարարէ, թէ աւելի թիւով գաղթական չ՛ընդունիր: Լիբանան, Յորդանան բացած են դռները եւ ապաստան կու տան աղէտեալներուն:
Բարգաւաճ գաղութներ ունինք Սուրիոյ մէջ. Դամասկոս, Հալէպ, Լաթաքիա, Քեսապ, մինչեւ Գամիշլի եւ շրջակայքը: Մտահոգ ենք, որովհետեւ վատ փորձառութիւնը ունեցած ենք լիբանանեան մեր ոդիսականին ընթացքին:
Հեռացայ Ռ. Հատտէճեանին խոհերէն, խորհրդածութիւններէն, «իրաւունք» եւ «պարտականութիւն» ունենալու հարցադրումներէն, կ՛անդրադառնամ լիբանանեան լրատուական մեր կացութեան, պատկերասփիւռի, ձայնասփիւռի, օրաթերթերու առատ տեղեկութիւններուն, իրարու հակասող լուրերուն: Ամէնէն ցաւալին առեւանգեալ 10 լիբանանցիներուն անորոշ վիճակն է: Տեղ մը կը փրկուին, յաջորդ լրատուն զանոնք սպաննուած կը նկատէ:
Անհամբեր ենք Հալէպէն լուրեր ստանալու: Սա «մեր Հալէպն է»` միշտ մտերիմ եւ միշտ սրտամօտ: Օգնութեան կը հասնի Հալէպի ազգայիններէն Ժիրայր Ռեյիսեան: Անոր տեղեկութիւնները մխիթարական են, կը մեղմացնէ մեր մտահոգութիւնը: Երկու օր ետք հայուհիի մը մահը կը գուժէ` Մխճեան մականունով: Շատ կը ցաւինք զոհուած հայուհիին համար: Կը վերյիշենք լիբանանեան մեր աղէտը, անմեղներու նահատակութիւնը, «մեր տղաքը», ինքնապաշտպանութեան մեր նուիրումը: Տարիներով անլոյս եւ անհեռաձայն մեր տառապանքը, ստորերկրեայ նկուղներու մէջ մեր սրսփուն սարսափը: Ռումբերու, հրթիռներու ահարկու անցքերը մեր տուներուն վրայէն: Արդեօք հալէպահայ երիտասարդներ հայկական թաղերուն մէջ հսկողութիւն կը կատարե՞ն…
Կը յիշեմ մեր աշխատակիցները, Էօժենի Դանիէլեանը, Լեւոն Շառոյեանը, Լալա Միսկարեան-Մինասեան, որ կը յաջողի օրագրութիւն առաքել «Ազդակ»-ին:
Հայաստան ուղեւորուած մանուկներու մասին կը տեղեկացնէ Հ1-ը` Հայաստանէն: Օդանաւային երթեւեկը կարելիութիւն կը ստեղծէ բարեբախտաբար: Ազգային Առաջնորդարանը կը հովանաւորէ կարիքաւոր ընտանիքներու օժանդակութիւնը:
***
Ներողութիւն պրն. Ռ. Հատտէճեան: Մեր իրաւունքն է լուրեր լսել մեր սիրելի գաղութէն` Հալէպէն, որ դրացին է թուրքին: Այս է մտահոգիչը: Լիբանանահայ մեր լրատուները լուռ չեն: Խօսնակ հայորդին կ՛ըսէ պարզութեամբ. «Յաւելեալ 3 հայեր սպաննուած Դամասկոսի մէջ»: Այս ի՛նչ հայերէն… կարծես գումարած են մահացածներու թիւը եւ այս անգամ` «յաւելեալ» զոհեր: Կ՛ողբամ մեր լեզուին… «Իրաւունքի» հարց կարելի է դնել հայոց լեզուին` այս աղճատման համար:
***
Հայը լաւատես է: Դէպի Հայաստան զբօսաշրջիկներ կը մեկնին Լիբանանէն: Հայուն պատկերասփիւռը կը հաղորդէ Արարատ բարձրացած խումբ մը հայորդիներու քաջութիւնը: Արարատին գագաթը նուաճած երիտասարդը ոգեւորութեամբ կը պատմէ յաղթանակին մանրամասնութիւնները:
– Ի՞նչ զգացում ունեցաք, երբ մեր սուրբ եւ որբ լերան գագաթը հասաք:
– Հիացանք անոր սփռած շուքին, արեւելեան եւ արեւմտեան Հայաստանին վրայ: Յուզիչ էր լալու չափ, եւ լացինք…
Կը զարմանամ Արարատը նուաճած երիտասարդին դիմաց նստած խօսակից խօսնակին «պարտականութեան»: Ան պարզապէս կ՛ըսէ.
– Շնորհակալութիւն… Վերջ զրոյցին:
Ականջդ խօսի Ռ. Հատտէճեան:
***
Այլազան են լրատուական աշխարհին փոխանցած լուրերը: Այս օրերուն աշխարհը հանգիստ չէ: Տասնամեակներ առաջ լրատուութեան վարպետները կ՛ըսէին Քիսինճըր կոչուած ամերիկացի դիւանագէտ-քաղաքագէտին ծրագիրը, «քայլ առ քայլ» յառաջդիմելու Միջինարեւելեան քարտէսը մասնատելու: Կը թուի, թէ այս ծրագիրը իր հասունութեան տարերքին մէջն է: Լիբանան, Իրաք, Պաղեստին, Լիպիա, Թունուզ, մինչեւ հեռաւոր սահմաններ կ՛ապրին իրենց նոր ծնունդը, որ ունեցաւ իր արդիւնքը: Թուրքիան իր երազը ունի: «Արաբական գարուն»-ը հապա… Սփիւռքով տարածուած հայը կը գոյատեւէ աչքերը յառած Հայաստանին: Գաղութէ գաղութ տեղափոխութիւններ: Ո՞ւր է ամէնէն հաստատ եւ անվտանգ երկիրը: Ո՞վ պիտի փոխանցէ «օրուան լուրը»: Որո՞նք պիտի հետեւին այդ նոր լուրերուն: Հայուն ճակատագիրին համար մտահոգուո՞ղը, հայուն պահանջատիրութեան հաւատացող երիտասարդ սերո՞ւնդը: Արարատին գագաթը նուաճած հայորդի՞ք: Ո՞վ պիտի հաղորդէ երեւանցի վաճառորդին հաւաստումը.
– Գնէ՛ տիկի՛ն, լաւ ապրանք է: Չինական արտադրութիւն չէ, թրքական արտադրութիւն է, շատ գեղեցիկ:
***
Օրուան լուրերը մեզի հետ են` լսենք կամ չլսենք: Ողջ մնան Հայաստանն ալ, սփիւռքն ալ: Մաղթենք, որ օր առաջ խաղաղի Սուրիան, Հալէպը, եւ մեր աշխատակիցներէն իմանանք ուրախ լուրեր: Ցտեսութիւն պրն. Ռ. Հատտէճեան:
30 օգոստոս, 2012

