Ցտեսութի՜ւն…

Հ. ՅՈՎՍԷՓ Ծ. Վ. ԹՈՓԱԼԵԱՆ ԿՄ.

Դեռ երէկ
ժպիտո՛վ եւ համբոյրո՛վ
հրաժեշտ կ՛առնէինք Քեզմէ,
Սրբազան գերապայծառ Աշգարեան,
Վիեննա մեկնելուդ առիթով…
Այո՛, դեռ երէկ…
Իսկ այսօր,
դարձեալ հրաժեշտ կ՛առնենք,
սակայն ո՛չ Վիեննա մեկնելուդ,
այլ` դէպի յաւերժականը բռնած
Քու անմահական երթիդ համար…

Ո՜վ հայորդիներ,
Սրբազան գերապայծառը
իբր պատանի ղրկուեցաւ Վիեննա,
իբր ժառանգաւոր կերտուեցաւ
Մխիթարեան դպրեվանքին մէջ,
իբր երիտասարդ զգեստաւորուեցաւ
եւ անդամակցեցաւ կրօնաւորական ուխտերով
ու դարձաւ կուսակրօն քահանայ Բարձրեալին`
ապագային հանդիսանալու համար մեծութիւն…

Այո՛,
եղաւ մեծութիւն Մխիթարեան միաբանութեան,
եղաւ մեծութիւն Հայկազեան ազգին,
եղաւ մեծութիւն Այնճար մուսատաղեան հայաւանին,
եղաւ միաբան երանաշնորհ Մխիթար Սեբաստացիին,
եղաւ Սրբազան գերապայծառ Հայ կաթողիկէ եկեղեցիին
եւ եղաւ այն մեծ անձնաւորութիւնը,
որով մենք հպարտ ենք,
քանի եղաւ եւ մնաց քարոզիչն ու հռետորը
Աստուածաշունչի խօսքին,
Վարդանանց հերոսներուն,
Ապրիլեան նահատակներուն,
ինչպէս նաեւ բեղուն գրիչը
համամարդկային օրէնքներուն,
համազգային սկզբունքներուն,
աստուածային կանոններուն:

Յիսո՛ւն տարիներ շարունակ
սորվեցուց եւ ջամբեց հաւատքը:
Հաւատքը հանդէպ
մարդուն, ընկերոջ եւ ազգակիցին:
Հաւատքը Յիսուս Քրիստոսի հանդէպ:

Սրբազա՛ն գերապայծառ,
Դուն սորվեցուցիր,
բիւրիցս կրկնեցիր
ու հաստատեցիր,
թէ մարդուն հաւատքը
է ընկալումը ընկեր մարդուն,
է համոզումը կեանքին մէջ,
է երկրպագու սէրը Աստուած Ամենաբարիին,
է խաչապաշտութիւնը Քրիստոս Յարուցեալին:

Այո՛,
Սրբազա՛ն գերապայծառ,
Դուն սորվեցուցիր
հաւատքն այս
մարդասէր:
Դուն ապրեցար
հաւատքն այս
եղբայրասէր:
Դուն ապրեցար
հաւատքն այս
ազգասէր:
Դուն ապրեցար
հաւատքն այս
աստուածասէր:

Այո՛, այս հաւատքը,
որ էութեանդ կորիզն է,
ամէնուրեք եւ բոլորին
Դուն սերմանեցիր ու ցանեցիր
խօսքո՛վ` քու բազմահարիւր քարոզներուդ մէջ,
տառո՛վ` քու բազմաթիւ գիրքերուդ մէջ:

Այո՛, այս հաւատքով,
այս հրեշտակներու երգով
Դուն կը հասնիս երկնային օթեւանին,
Դուն կ՛անմահանաս
Աստուածամարդ Յարուցեալին քով:

Գիտեմ, այո՛, գիտեմ,
եւ դուք ալ, ո՜վ հայորդիներ,
գիտնալու էք լաւագոյնս,
թէ այժմ, այսօր, վաղը եւ միշտ
Սրբազան գերապայծառը
իր երկնաւոր երջանկութեան մէջ
իր բնական ու գերբնական ժպիտը
ոչ միայն կը պահէ,
այլ նաեւ մեզի կը ներշնչէ այդ ժպիտը,
որպէս զի մենք եւս մխիթարուինք
իր երկրային բաժանումով…

Սրբազա՛ն գերապայծառ,
Դուն հզօր էիր ու շքեղ.
եւ եթէ մենք սիգապանծ ենք Քեզմով,
կը նշանակէ,
սիգապանծ ենք
Քու ուսուցումովդ,
Քու խօսքովդ,
Քու տառովդ,
զոր պիտի կատարենք եւ ապրինք,
ինչպէս դուն կատարեցիր եւ ապրեցար,
այլապէս
մեր կեանքը կը դառնայ
ունայնութիւն
ու ստութիւն…

Ո՜վ հայորդիներ,
եթէ կ՛ուզէք,
որ դուք եւս ըլլաք միշտ թարմ,
ժպտուն ու մշտանորոգ
ձեր ամէնօրեայ կեանքին մէջ,
ապա պարտիք կենցաղավարիլ
Սրբազան գերապայծառ Աշգարեանի
ապրած հաւատքով
եւ սորվեցուցած համոզումով,
որ կը նշանակէ`
ընկերոջ եւ մարդուն հանդէպ
ունենալ անկեղծ ու գործնական սէրը,
որ ձեզ պիտի առաջնորդէ
Աստուծոյ սիրոյն
եւ երջանկութեան…

– Ցտեսութի՜ւն,
սիրելի եւ անմոռանալի
Սրբազա՛ն գերապայծառ…

Այնճար, 6 օգոստոս 2012

Share this Article
CATEGORIES