Բազմաճիւղ Աշխատանքի Կարեւորութեան Եւ Միջոցներուն Մասին Հայագիտական Դասանիւթերու Ուսուցիչներու Միօրեայ Սեմինար

Չորեքշաբթի, 12 սեպտեմբեր 2012-ին, տեղի ունեցաւ Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն եւ արուեստից վարժարաններու հայագիտական դասանիւթերու ուսուցիչներու միօրեայ սեմինարը, որուն նիւթն էր` «Հայերէնի եւ հայոց պատմութեան դասաւանդման մէջ բազմաճիւղ աշխատանքին կարեւորութիւնն ու միջոցները»:

Հաւաքին բացումը կատարեց Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի տնօրէն Կրեկուար Գալուստ, որ շեշտեց, թէ յառաջիկայ տարեշրջանը պիտի կրէ «Պահպանենք մեր հայկականութիւնը» կարգախօսը, նկատի առնելով, որ հայութիւնը սփիւռքի մէջ կը դիմագրաւէ հայոց լեզուի եւ պատմութեան, մշակոյթին եւ արժէքներու պահպանման մարտահրաւէրը: Տնօրէնը շեշտեց, որ հայ դպրոցի առաքելութեան հիմքը հայագիտական դասանիւթերն են եւ այս շրջագիծին մէջ այս օրակարգով սեմինարը վստահաբար էապէս կը ծառայէ իր նպատակին:

Սեմինարի առաջին դասախօս Շաղիկ Խիւտավերտեան ներկայացուց «Բազմաճիւղ աշխատանքին կարեւորութիւնը` հիմնուելով աշակերտներու իւրայատկութիւններուն վրայ» նիւթը: Շ. Խիւտավերտեան ըսաւ, որ բոլոր աշակերտները սորվելու ունակութիւն ունին, եւ ուսուցիչը պէտք է իւրաքանչիւրին համապատասխան միջոց ի գործ դնէ` իրականացնելու ճշդուած նպատակը:

Ապա Արամ Գարատաղլեան ամփոփ կերպով զեկուցեց «Ժամանակի դասաւորումը` աշխատանքի յաջողութեան գրաւական» նիւթին շուրջ: Ան յայտնեց, որ ժամանակի կազմակերպուածութիւնը կը բազմապատկէ արդիւնքը, կը դասաւորէ գործերը եւ կ՛ապահովէ գործին յաջողութիւնը:

Օրուան երկրորդ դասախօսն էր Թալին Օրտողլեան, որ ներկայացուց «Հայոց լեզուի դասաւանդման բազմաճիւղ աշխատանքի միջոցները» նիւթը: Ան գործնական օրինակներով խօսեցաւ լեզուի ուսուցման եղանակներուն մասին եւ շեշտեց, որ ուսուցիչները պէտք է իւրաքանչիւր դասապահի ընթացքին գործածեն բազմաթիւ միջոցներ, որպէսզի դասանիւթը հասանելի դառնայ բոլորին:

Միօրեայ սեմինարի աւարտին խօսք առաւ Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի հայագիտական դասանիւթերու համակարգող Րաֆֆի Տեմիրճեան, որ շնորհակալութիւն յայտնեց դասախօսներուն, որոնց ջանքերուն շնորհիւ իրականացաւ այս նախաձեռնութիւնը: Ր. Տեմիրճեան ըսաւ, որ հայերէնի եւ հայոց պատմութեան դասապահերը լոկ լեզու մը կամ պատմութիւն մը ուսուցանելու առիթներ չեն, այլ` հայեցի դաստիարակութեան ու ազգային գիտակցութեան կերտման եւ հայու նկարագիրի կազմաւորման ամուր կռուաններ:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )