Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերու Սրբոց Հռիփսիմեանց Երկրորդական Վարժարանի Դաստիարակներու Եւ Ուսուցիչներու Ընդհանուր Հանդիպում
Երեքշաբթի, 11 սեպտեմբեր 2012-ին, Անարատ յղութեան հայ քոյրերու Սրբոց Հռիփսիմեանց երկրորդական վարժարանին մէջ, վերամուտի պատրաստութիւններու լոյսին տակ, դաստիարակներու եւ ուսուցիչներու ընդհանուր հաւաք մը կայացաւ:
Վարժարանի տնօրէնուհի քոյր Արմինէ Մակարոսեան ներկաները ողջունեց` մաղթելով անոնց արդիւնաբեր դպրոցական տարեշրջան մը, որպէսզի լաւագոյն պայմաններով աշակերտներուն ջամբուի քրիստոնէական եւ հայաշունչ դաստիարակութիւն: Ապա Եղիա ծ. վրդ. Եղիայեան խօսք առնելով, իր կարգին դաստիարակները ողջունելէ ետք, հակիրճ կերպով ներկայացուց օրուան հիւր դասախօսը` Լիբանանի կաթողիկէ վարժարաններու յանձնախումբի ընդհանուր քարտուղար Անտոնեան միաբանութենէն հայր Պութրոս Ազարը:
Ընդհանուր քարտուղար հայր Պութրոս Ազար շինիչ դասախօսութեամբ շեշտեց կարեւորութիւնը աշակերտի դերին եւ յատկապէս շեշտը դրաւ` կաթողիկէ վարժարաններուն մէջ աշակերտին քրիստոնէական ճշմարիտ դաստիարակութիւն ջամբելու հիմնական պահանջին վրայ` նոր սերունդին շնորհելով իսկական արժէքները, մատուցելով անոնց տիպար քրիստոնեայի եւ բարոյապաշտ մարդու բոլոր տուեալ գիտելիքները եւ օրինակները:
Դասախօսութեան աւարտին վարժարանիս տնօրէնուհի քոյր Արմինէ Մակարոսեան հաստատելով ընդհանուր քարտուղար հ. Պութրոս Ազարին խօսքերը` շնորհակալութիւն յայտնեց անոր, որ ընդառաջած էր տնօրէնութեան հրաւէրին եւ որպէս երախտիք` հայրենիքէն բերուած գեղեցիկ խաչքար մը նուիրեց անոր:
Աւարտին, բոլոր ներկաները հրաւիրուեցան կոկիկ հիւրասիրութեան մը, ապա յիշատակի լուսանկար մը առնուեցաւ:
Բարի վերամուտ:
Ս. Մ.- Փ.

