«Անտիոքը` Լարուածութեան Վտանգաւոր Կիզակէտ»

ՀԻՒՍՆԻ ՄԱՀԱԼԼԻ

Ասատի հետ զօրակցութեան ցոյց՝ Ալեքսանտրեթի մէջ

Վերջին օրերուն Թուրքիոյ մէջ կ՛ընթանայ կրքոտ բանավէճ մը գլխաւոր ընդդիմադիր կուսակցութեան` «Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան» փոխնախագահներ Օմութ Օրանի եւ Էրտողան Թոփրաքի պատրաստած զեկոյցին շուրջ: Անոնք Անտիոքի մէջ շրջապտոյտ մը կատարեցին` այցելելով սուրիացի գաղթականներու վրանաքաղաքները: Թրքական լրատուամիջոցներն ու քաղաքական շրջանակները, ինչպէս նաեւ ընկերային հաղորդակցութեան ցանցերը մեծ կարեւորութիւն ընծայեցին տեղեկագիրին, մանաւանդ` շրջանի առաւելաբար ալեւի բնակչութեան սպառնալիք դարձած գաղթականներու վիճակին շուրջ անոր հաղորդած կարեւոր տեղեկութիւններուն պատճառով:

Զեկուցագիրները շրջանի քաղաքացիներէն քաղելով` հաղորդեցին, որ «սուրիացի գաղթականներէն ոմանք փողոցներուն մէջ կը շրջագային իրենց երկար մօրուքներով եւ սեւ տաբատներով, ճաշարաններ կը մտնեն, կ՛ուտեն եւ հաշիւը չեն վճարեր, եւ նեղութիւն կու տան լաչակ չկրող աղջիկներուն»: Շրջանի երեսփոխաններէն մին պատմած է, որ անգամ մը այդ գաղթականներէն խումբ մը ճաշարանի մը մէջ կերուխումէ ետք հաշիւի պահանջին պատասխանած են. «Հաշիւը վարչապետ Էրտողանի ուղարկեցէք. ա՛ն է, որ մեզ հոս հրաւիրեց»:

Տեղեկագիրին ամէնէն ցնցիչ հաստատումը այն էր, որ սուրիացի գաղթականներէն ոմանք նեղութիւն կու տան շրջանի ալեւի թուրք քաղաքացիներուն, եւ անոնց կ՛ըսեն, որ` «Սուրիոյ մէջ ձեր ալեւի ազգականներու ոչնչացումէն ետք հերթը ձեզի պիտի գայ»:

Թուրքիոյ լրատուամիջոցներուն մեծամասնութիւնը լուսարձակը կեդրոնացուց այս սպառնալիքներուն վրայ` հաստատելով, որ անոնք երկրի անվտանգութեան, կայունութեան եւ ազգային միասնութեան ուղղուած լուրջ սպառնալիքներ են:

Ընդդիմադիր կուսակցութեան փոխնախագահները իրենց զեկոյցին մէջ նաեւ դատապարտեցին տեղական իշխանութիւնները, որոնք իրենց չեն թոյլատրած այցելել կարգ մը գաղթակայաններ: Անոնք յայտնեցին, որ մուտքը արգիլուած գաղթակայանները ենթակայ են «Սուրիոյ ազատ բանակ»-ին, որ հոն գաղտնի եւ շատ վտանգաւոր գործունէութիւն կը տանի:

Տեղեկագիրը նաեւ զգուշացուց, որ շրջանին մէջ կացութիւնը հետզհետէ աւելի վտանգաւոր եւ պայթուցիկ կը դառնայ, նկատի առած, որ սուրիացի գաղթականներուն թիւը մեծ աճ կ՛արձանագրէ Անտիոքի եւ անոր շրջակայքին մէջ. անոնք նկատել կու տան, որ թրքական իշխանութիւնները նոր գաղթակայաններ կը հաստատեն Այնթապի, Մարաշի, Մալաթիոյ եւ Ուրֆայի մէջ, եւ բոլոր այդ քաղաքներուն բնակչութիւնը սիւննիներու եւ ալեւիներու, արաբներու, քիւրտերու եւ թուրքերու խառնուրդ է:

Այս տեղեկագիրը եկաւ հաստատելու մամլոյ այն հաղորդումները, որոնք Սուրիոյ դէպքերու սկիզբէն եւ սուրիացի գաղթականներու Թուրքիա մուտքի առաջին օրերէն իսկ կը խօսէին Անտիոքի մէջ լուրջ լարուածութեան մասին: Այդ հաղորդումները կը հաստատէին, որ Սուրիոյ դէպքերը տնտեսական եւ ընկերային շատ վտանգաւոր հետեւանքներ կ՛ունենան Անտիոքի եւ միւս սահմանամերձ քաղաքներուն վրայ: Այդ քաղաքները առաւելագոյն օգտուողներն էին Սուրիա-Թուրքիա յարաբերութիւններուն ջերմացումէն, որուն գագաթնակէտն էր 2009-ին երկու երկիրներու միջեւ այցագրային դրութեան ջնջումը: Անկէ առաջ Անատոլուի կարգ մը քաղաքներ, յատկապէս` Մալաթիան ու Երզնկան, բեմ դարձած էին ալեւիներու դէմ գրգռիչ արարքներու:

 

«Ախպար»

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )