«Արգէոսը` Հօրս Արարատը` Յիշողութեան Հանգոյցներով» (Հեղինակ` Զաւէն Խտըշեան)

2012-ին Հալէպի «Ոսկետառ» տպարանէն լոյս տեսաւ լիբանանահայ քանդակագործ Զաւէն Խտըշեանի «Արգէոսը` հօրս Արարատը` յիշողութեան հանգոյցներով» խորագրեալ գրքոյկը, զոր հրատարակութեան պատրաստեց հալէպահայ գրող Թորոս Թորանեան:

Իր յառաջաբանին մէջ հրատարակիչը կը բացատրէ, թէ ի՛նչ պայմաններու տակ լոյս ընծայած է վերոյիշեալ գրքոյկը: Կ՛ըսէ, թէ 2012 տարուան մարտ-ապրիլ ամիսներուն հաճոյքով կարդացած է Պէյրութի «Զարթօնք» օրաթերթին մէջ լոյս տեսած Զաւէն Խտըշեանի «Արգէոսը` հօրս Արարատը` յիշողութեան հանգոյցներով» խորագրեալ գրութիւնը, զոր տարբեր գլուխներով եւ յարմար վերնագիրներով գրքոյկի վերածած է:

Սոյն գործին սկիզբը Թորոս Թորանեան հրատարակած է լուսանկարչական պատճէնները քանդակագործ Զաւէն Խտըշեանի, հեղինակին ստեղծած Ժըպրան Խալիլ Ժըպրանի քանդակի եւ Պիքֆայայի մէջ, Մեծ եղեռնին նուիրուած յուշարձանին:

«Պարուրողը եւ պարուրուածը» խորագրեալ իր գրութեամբ, գեղանկարչական արուեստի տեսաբան Ժոզեֆ Թարրապ բարձրօրէն կը գնահատէ քանդակագործ Զաւէն Խտըշեանին քանդակները, որոնք, կ՛ըսէ, «կը ստեղծագործուին բազմահանգրուան գործընթացի մը աւարտին»: Ժոզեֆ Թարրապ կը բացայայտէ, թէ ինչպէ՛ս կաւի եւ գաճի օգտագործումով Զաւէն Խտըշեան կատարեալ կերպարներու կը վերածէ իր քանդակները:

Սոյն գրքոյկը կը բաղկանայ 72 էջերէ եւ կ՛ընդգրկէ հետեւեալ երկու ենթախորագիրները.

Ա.- Ուխտագնացութեան ճամբուն վրայ:
Բ.- Արգէոսը` հօրս Արարատը:

Սոյն գործով Զաւէն Խտըշեան կ՛ըսէ, թէ 1958-ի կէսերուն, աւարտելէ ետք Փարիզի Գեղարուեստի դպրոցը, կը ծրագրէ ճամբորդել դէպի Թոմարզա` իր հօր եւ մօր ծննդավայրը եւ վերադառնալ Պէյրութ, երբ վերջ գտնէ լիբանանեան քաղաքացիական պատերազմը:

Արդարեւ, Զաւէն Խտըշեան «Օրիանթ էքսփրես» ճեպընթացով ճամբայ կ՛ելլէ Փարիզէն դէպի Պոլիս` իր ընկերուհիին ուղեկցութեամբ: Կ՛անցնին Գերմանիոյ սեւ անտառէն եւ հերթաբար կ՛այցելեն Վիեննա, Սալզպուրկ եւ Զուիցերիա, ուր կ՛ըմբոշխնեն Լեման լիճին գեղեցկութիւնը: Ապա կու գան Եուկոսլաւիա, Յունաստան եւ, ի վերջոյ, կը հասնին Պոլսոյ ամէնէն յետամնաց մէկ շրջանը` Սիրքեճիի կայարանը:

Պոլսոյ մէջ կը հիւրընկալուին հայ ընտանիքի մը կողմէ, ուր տարեց մարդ մը իմանալէ ետք Խտըշեանին ճամբորդութեան նպատակը, կը թելադրէ անոր, որ Կեսարիա եւ Թոմարզա չերթայ, որովհետեւ դեռ քանի մը օր առաջ չորս հայեր սպաննուած են այնտեղ թուրքերու կողմէ:

Պոլսոյ մէջ կ՛այցելէ թուրքերու թանգարանը, ուր կը դիտէ Մարի անունով աղջկան մը գեղանկարչական գործերը: Հետաքրքրութեամբ կը քննէ նաեւ գեղանկար մը` Փիեռ Պոնարէն:

Անգարան կ՛ըլլայ Խտըշեանին ուղեւորութեան յաջորդ հանգրուանը, ուր ան կը շրջագայի բանջարեղէնի շուկան, իր ընկերուհիին Փարիզ մեկնելէն ետք: Կ՛այցելէ զբօսայգի մը, ուր կը նկատէ Թուրքիոյ հսկայ քարտէսը, որուն վրայ կը գտնէ Կեսարիան եւ Թոմարզան:

Յաջորդ օր կը ճամբորդէ միակառք գնացքով դէպի իր ծնողներուն ծննդավայրը` Թոմարզա: Երկար ճամբայ կտրելէ ետք, մայրամուտին կը հասնի Կեսարիա եւ կ՛իջեւանի «Թուրիսթ» պանդոկը:

Առաւօտուն, անցագիրը պանդոկ ձգելէ ետք, կ՛երթայ հրապարակ ու կը բարձրանայ դէպի Թոմարզա ուղղուող բեռնակառք մը, ուր կը բազմի վարորդին եւ թուրքի մը միջեւ:

Երբ բեռնակառքը կը հասնի Թալաս գիւղը, թուրք ճամբորդ կ՛ըսէ, թէ այդ գիւղը հայերու ժամանակ փոքրիկ Փարիզ մըն էր, սակայն 1915 թուի պատերազմին թուրք ժողովուրդը ջարդեց, քանդեց եւ աւերակ վիճակի հասցուց զայն:

Երկար ճամբորդութենէ մը ետք բեռնակառքը կանգ կ՛առնէ Թոմարզայի հրապարակը: Հեռուէն կը տեսնէ իր հօրը սիրած Արգէոս լեռը եւ շուտով կը ձեռնարկէ զայն գծելու աշխատանքին:

Թոմարզայի մէջ Զաւէն Խտըշեան կը ծանօթանայ թուրք երիտասարդի մը, որուն կը յայտնէ իր հայկական ծագումն ու թոմարզացի ըլլալը:

Թուրք երիտասարդը կը ներկայացնէ Խտըշեանը ծերունի Ալի Չաւուշին, որպէսզի ցոյց տայ իրեն իր հօր տունը: Խտըշեան, Ալի Չաւուշին ընկերակցութեամբ, կ՛երթայ չորպաճի Սիրուն Մանամ Անային տունը, որ երկար տարիներու ընթացքին կորսնցնելէ ետք իր գերդաստանի բոլոր անդամները, կը մնայ Թոմարզայի միակ հայ բնակիչը:

Այս արկածախնդրական ուղեւորութեան աւարտին Խտըշեան մնաք բարով կ՛ըսէ Մանամ Անային, Թոմարզայէն վերադարձին կը շրջապատուի թուրք լակոտներու կողմէ, որոնք կը շփոթեն իր անձը` եւրոպացիի հետ: Թուրք լակոտները կը շշմին, սակայն, երբ կ՛իմանան, որ Խտըշեանի ծնողքը թոմարզացիներ են, որոնք ծագումով հայ ըլլալնուն պատճառով սուրով եւ զէնքով վտարուած են Թոմարզայէն 1915 թուին, նոյն ինքն այդ թուրք լակոտներու մեծ հայրերուն կողմէ:

Մինչ այդ խաղող ծախող 30 տարեկան թուրք երիտասարդ մը, որ կը հետեւէր վերոյիշեալ խօսակցութեան, ողկոյզ մը խաղող երկարելով Խտըշեանին` կ՛ըսէ. «Հրամմէ, այս քու իրաւունքդ է»: Եւ դատապարտելով հայերու հանդէպ թուրքերուն ցուցաբերած անմարդկային արարքը` կ՛ըսէ, թէ հայերը երբ պարտադրաբար հեռացան Թոմարզայէն, օրհնութիւնն ալ տարին իրենց հետ եւ, ապա, կը յարէ. «Դուք մեր ժողովուրդը չէք ճանչնար, ծոյլ, քանդող, եղածը կ՛ուտէ եւ չի մտածեր ետքի մասին»:

Խտըշեան մնաք բարով ըսելէ ետք Թոմարզային եւ Արգէոս լերան, ողկոյզ ծախող թուրք երիտասարդին կարգադրութեամբ բեռնակառք մը կը նստի եւ կ՛ուղղուի դէպի Կեսարիա:

Այդ միջոցին ճիփի մը մէջ նստած չորս զինեալ ոստիկաններ կը խափանեն իր ճամբան` հրամայելով, որ իջնէ բեռնակառքէն եւ հետեւի իրենց: Խտըշեան կը գործադրէ անոնց հրահանգը` զարմանք պատճառող անտարբերութեամբ: Ոստիկանները կը տանին զինք ամայի ծառաստան մը, ուր կը գտնուէր ոստիկանապետին գրասենեակը: Ճերմակ մազերով ոստիկանապետը կ՛ենթարկէ զինք խիստ հարցաքննութեան: Պատասխանելով ոստիկանապետին հարցումներուն` Խտըշեան կ՛ըսէ, թէ ինք «թուրիսթ» մըն է, որ Փարիզէն եկած է Թուրքիա օրինաւոր վիզայով, այցելելու համար կարգ մը տեսարժան վայրեր: Թէ` ինք արտօնագիր ունի պտտելու «Օրիանթ էքսփրես»-ով ամբողջ Եւրոպան եւ Թուրքիան: Թէ` այս առիթով փափաքած է այցելել նաեւ Թոմարզա` իր ծնողքին ծննդավայրը:

Երկար հարցուփորձէ ետք Խտըշեան անպարտ կ՛արձակուի ոստիկանապետին արտօնութեամբ, երբ կը պարզուի այն իրողութիւնը, թէ Թոմարզայի տգէտ բնակիչները սխալ տեղեկութիւն փոխանցած են թրքական կառավարութեան` այն զրպարտութեամբ, թէ Խտըշեան կը պտտի ազատ-համարձակ Թոմարզայի մէջ, ուրուագիծեր կը պատրաստէ, թէ եկած է, որպէսզի 1915 թուի գաղթականութեան օրերուն իր հօրը թաղած ոսկիները փնտռէ եւ, այս պատճառով, Խտըշեանի անձին մէջ լրտես մը գուշակած են:

Պատասխանելով Զաւէն Խտըշեանի այն հարցումին, թէ արգիլուա՞ծ է պտտիլ Թոմարզայի մէջ, թուրք ոստիկանապետը կ՛ըսէ. «Արգիլուած չէ, բայց նախապէս լուր պիտի տայիր մեզի: Եթէ գլխուդ բան մը գայ, մենք, ես պատասխանատու պիտի ըլլայի»:

Այս փորձանքը վերջ կը գտնէ, երբ յաջորդ օր Զաւէն Խտըշեան միակառք ճեպընթացով կը մեկնի Ատանա եւ Կիլիկիա:

ՅԱԿՈԲ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ

Յուլիս 2012
Պէյրութ

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )