ՀՄԸՄ-ի Պէյրութ Մասնաճիւղի 2011-2012 Տարեշրջանի Բանակում
Կիրակի, 26 օգոստոս 2012-ի յետմիջօրէին վերջ գտաւ ՀՄԸՄ-ի Պէյրութ մասնաճիւղի 2011-2012 տարեշրջանի բանակումը` Ռաս Մեթն գիւղին մէջ:
Բանակումին նպատակն էր վերանորոգել մասնաճիւղային սկաուտական ոգին եւ խրախուսել սկաուտներն ու խմբապետները` միաժամանակ անոնց մէջ ամրապնդելով սկաուտական սկզբունքները եւ աւելի ու աւելի կապելով զանոնք ՀՄԸՄ-ին:
Ինը օրերու վրայ երկարող այս բանակումը եղաւ շատ յատկանշական` բանակումի բնաբանով, որ «Ողիմպիական խաղեր»-ն էր, եւ բանակավայրը վերածուած էր յունական Օլիմփիա քաղաքին` հետեւեալ դասաւորումով. երէց` «Քաղաքի բաղնիքներ», պարմանուհի` «Արձագանգներու սրահը», արի` «Ծանրաբարձրութեան մարզադաշտ», արենուշ` «Քաղաքի շուկաները», գայլիկ` «Փորձերու մարզասրահ» արծուիկ` «Տաճար», մոկլի` «Իրաւարարներու իջեւան», նաեւ` իր կազմակերպութեամբ, որ յատուկ սկաուտական էր` հետեւելով տարեշրջանի «Մարմնակրթական» թեմային:
Բանակումը նախորդող շաբաթներուն, մասնաճիւղին Սկաուտ խորհուրդն ու խմբապետական կազմը կատարեցին կազմակերպական անհրաժեշտ աշխատանքը, ինչպէս նաեւ սկաուտական խմբաւորումները հերթական հաւաքներով պատրաստեցին բանակումին անհրաժեշտ գոյքերը:
Ուրբաթ, 17 օգոստոսի յետմիջօրէին բանակավայր հասաւ երէցներու «Զարեհեան» փաղանգը եւ անցաւ անհրաժեշտ մատակարարման աշխատանքներուն, փաղանգը իր խմբային աշխատանքներուն կողքին, ստանձնած էր բանակավայրի յարդարումն ու զայն բնակելի տարածքի մը վերածելու առաքելութիւնը` զայն օժտելով լոգարանով եւ այլ անհրաժեշտ բաժանմունքներով:
Շաբաթ, 18 օգոստոսի առաւօտեան ժամը 7:00-ին, պարմանուհիներու «Մեղրի» փաղանգները, արիներու Ա. խումբն ու արենուշներու Բ. խումբը մեկնեցան բանակավայր եւ անմիջապէս պատրաստելու սկսան բանակավայրին մուտքն ու դրօշակի կայմին շինութիւնը:
Աստիճանաւոր գայլիկ-արծուիկները բանակումին միացան երկուշաբթի, 20 օգոստոսի առաւօտեան, եւ տեղի ունեցաւ բանակումին պաշտօնական բացումը:
Յաջորդող 2 օրերը յատկացուած էին բանակավայրերու յարդարման:
Երէցները պատրաստեցին իրենց լոգարանները: Պարմանուհիները շինեցին արձագանգող պատերով բանակավայր մը: Արիները իրենց «լաւագոյն» բանակավայր շինեցին ծանրաբարձութիւն ընող հսկայի ձեռային` մուտք ու խմբակային բանակավայրեր:
Արենուշները իրենց բանակավայրը վերածեր էին «քաղաք»-ի շուկային, ուր կարելի էր ապահովել մարզիկներու անհրաժեշտ պէտքերը:
Արծուիկները ունէին իրենց տաճարը, իսկ գայլիկները իրենց մարզիկներու փորձի վայրը` լեցուն պատմութեան մէջ յայտնի մարզիկներու մասին պատի թերթերով:
Չորեքշաբթի, 22 օգոստոսին, բանակավայր ժամանեցին նաեւ փոքր գայլիկներն ու արծուիկները, եւ սկսաւ բոլոր խումբերուն յայտագիրը: Գայլիկներն ու արծուիկները իրենց աշխուժութեամբ կեանք տուին բանակավայրին:
Բանակումին տեղի ունեցան յատկապէս տարբեր տեսակի արշաւներ դէպի մօտակայ գիւղերը, խումբերը կատարեցին նաեւ մարզական չարքաշ խաղեր, զրոյցներ, ձեռայիններ եւ տարբեր տեսակի սկաուտական աշխատանքներ:
Խարուկահանդէսի պատրաստութեան եւ աւանդութիւններու մասին դասախօսեց Գէորգ Գազանճեան` պատկանելիութեան նիւթին շուրջ, Արմէն Արեւեան` Միջին Արեւելքի ներկայ իրավիճակին, Լութֆիկ Այվազեան` Լիբանանի ապահովական ուժերու մասին, Էլի Մալեան եւ «Հորիզոն» նախազգուշական կեդրոնէն` Արա Գաւլաքեան:
Չորեքշաբթի երեկոյեան բանակավայր այցելեցին ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային սկաուտական խորհուրդն ու խմբապետական կազմը եւ հինգշաբթի` նաեւ մասնաճիւղին վարչութիւնը:
Օգոստոս 23-ը յատկացուած էր խաղերուն: Այդ օրը նաեւ տեղի ունեցան մասնաճիւղային հանգրուանային խաղերը` բանակավայրին մէջ, բոլորին մասնակցութեամբ:
Օգոստոս 25-ին բանակավայր ժամանեցին մասնաճիւղին մոկլիները` 3-6 տարեկան, բանակողներուն թիւը բարձրացնելով 155-ի. աննախընթաց թիւ մը:
Նոյն օրը տեղի ունեցաւ պաշտօնական խարուկահանդէսը: Ժամը 5:00-էն բանակավայր սկսան ժամանել ծնողները եւ հիւրերը: Սկաուտները կը կրէին ՀՄԸՄ-ի Պէյրութի մասնաճիւղի յատուկ թի. շըրթ-ները: Բազմաթիւ ծնողներ, հիւրեր եւ այլ մասնաճիւղերէ սկաուտներ, ինչպէս նաեւ մասնաճիւղին վարչութիւնը, Սկաուտական խորհուրդը, ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային սկաուտական խորհուրդն ու խմբապետական կազմը ներկայ գտնուեցան փակման արարողութեան եւ մրցանակներու բաշխման: Դրօշակի արարողութեամբ վերջ գտաւ բանակումը, «Յառաջ նահատակ»-ի, որուն մասնակցեցան ներկաները, թնդացուց բանակավայրը:
Խարուկահանդէսը իր յատուկ նախաձեռնութեամբ եւ ոճով, որ կապուած էր բանակումի բնաբանին, տարբեր էր այլ տարիներու խարուկահանդէսներէն` իր մուտքերով, յայտագիրներով, պարերով, բուրգերով, ներկայացումներով եւ տեսերիզներու ու սահիկներու ցուցադրութեամբ, որոնք ներկայացուցին բանակումի 9 օրերու խանդավառութիւնը եւ մթնոլորտը ամբողջութեամբ: Խարուկահանդէսը աւարտեցաւ աւանդական «Ցտեսութիւն» երգով, մարդկային շղթան կազմուեցաւ եւ ներկաները խոստացան «դարձեալ հանդիպիլ»:
Ուրախ մթնոլորտէն եւ երգ ու պարէն ետք, կիրակի, սկաուտները հաւաքեցին բանակավայրը եւ վերադարձան Պէյրութ:
Այս բանակումը լաւապէս ծառայեց իր նպատակին, ան ՀՄԸՄ-ի նշանաբանը վերածեց գործի, սկաուտներուն միջեւ կապերը սերտացուց, զանոնք վարժեցուց չարքաշ կեանք ապրելու` բնութեան գիրկը:
ՍԿԱՈՒՏ

