ՀՄԸՄ Պէյրութի Մասնաճիւղի Տարեկան Բանակումին Առիթով. Յաղթանակի Երկու Կանչ (Տպաւորութիւններ)

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ

Երբեմն մենք մեզի հարց կու տանք, թէ արդեօք բաւարա՞ր են քաջալերական խօսքի ու գնահատանքի արտայայտութիւններ` ի տես միութենական կեանքին մէջ արձանագրուած յաջողութիւններուն եւ խանդաղատանքով լեցուն աշխատանքներու:

Աւելի՛ն. սովորակա՞ն պէտք է նկատել ծառայական ամէն աշխատանք, որ սերտօրէն կ՛առնչուի հաւաքական մեր կեանքին եւ սերունդներու դաստիարակութեան:

Եւ կամ` ինչպիսի՞ բացատրութիւն տալ, այս պարագային սկաուտական կեանքին վերաբերող այն զոյգ մը ողջունելի աշխատանքներուն, որոնց ականատես եղան ծնողներ, բարեկամներ եւ հիւրեր ՀՄԸՄ Պէյրութի մասնաճիւղի կազմակերպած տարեկան բանակումին առիթով եւ փակման հանդիսութեան ընթացքին մատուցուած համեստ ու կոկիկ յայտագիրին ընդմէջէն:

Բացատրենք:

Գաղութահայ մեր կեանքին խանդ ու եռանդ մատակարարող, շունչ ու ոգի փոխանցող, հայաբորբ զգացումներու թէ մթնոլորտի ստեղծումին նպաստող եզակի միջավայրեր կը հանդիսանան սկաուտական, մարզական եւ մշակութային միութիւնները, որոնց վիճակուած է ըլլալ հայապահպանումի առաքելութիւնը սնուցող անփոխարինելի կռուաններ:

Այս առումով` սկաուտական բանակումի մը կայացումը եւ անոր յաջողութեամբ աւարտը, մանաւանդ այս օրերուն, ինքնին ցուցանիշեր են գաղութի կենսունակութեան պահպանումին եւ առհասարակ` խիզախ որոշումի մը ընդգծումին եւ գործնականացումին:

Այլ ասած, երբ սկաուտական միաւոր մը` իրեն աջակից ունենալով վարչական պատասխանատուներու թէ ծնողներու փաղանգ մը, յանձն կ՛առնէ, կը ծրագրէ ու իր լրումին կը հասցնէ սկաուտական կեանքի ամէնէն յատկանշական իրադարձութիւնը` բանակումը, արդէն իսկ անով հպարտանալու եւ զօրանալու պատեհութիւն մը շնորհած կ՛ըլլայ իր շրջապատին:

Անցնինք:

Տարբեր առիթներու այլազան տպաւորութիւններ սեւով ճերմակին յանձնուած են ՀՄԸՄ Պէյրութի մասնաճիւղի գործունէութեան մասին` իբրեւ գորովագութի ու երախտիքի արտայայտութիւն:

Հաւանաբար, կրկին անգամ յիշեցնել է պէտք, որ տարուէ տարի ու բանակումէ բանակում եւ ընդհանրապէս սկաուտական կեանքին առնչուող աշխատանքներու որոշակի թարմութեան եւ ջերմութեան ականատես կ՛ըլլանք հաւաքաբար, թէեւ խոստովանիլ է պէտք, որ առկայ դժուարութիւններու առընթեր տակաւին յամեցող են բացթողումներ եւ տեղատուութիւններ` ինչ կը վերաբերի սկաուտական կեանքի ընդհանուր աշխուժութեան, առաջադրանքներու առաւել պայծառացումին եւ հեռանկարային ծրագրաւորումներու արդիւնաւէտութեան:

Յայտնապէս, գաղութահայ մեր իրականութեան եւ ընդհանրապէս սփիւռքի տարածքին ապրող հայ նորահաս սերունդներու հայեցի դաստիարակութեան ի նպաստ տարուող աշխատանքները ձեւով մը կը գտնուին անել կացութիւններու մէջ եւ խոչընդոտներու դէմ յանդիման, եւ անպայման անհրաժեշտութիւնը կը զգացուի վերաթարմացման եւ վերանորոգման:

Թէեւ հաստատ գիտենք, որ նման արժեւորումներու մասին կը կազմակերպուին պատշաճ հանդիպումներ ու միջոցառումներ, բայց եւ այնպէս, անոնք դարձած են սոսկ կարգախօսներ` տեսակ մը համեմներ, առօրեայ մտահոգութիւններու եւ հարցերու սեղանին:

Անցնելով բանակումին, չափազանցած չենք ըլլար, եթէ երբեք ընդգծենք, որ, սկաուտական բանակումները եթէ մէկ կողմէ կը միտին պատանիին ու պարմանուհիին մէջ վառ պահել բնութենապաշտ զգացողութիւնն ու ինքնավստահօրէն ընկերական կեանք մը վարելու ունակութիւնը, ապա միւս կողմէ անոնք հետամուտ պէտք է ըլլան նաեւ հանդիսանալու իւրաքանչիւր սկաուտի (կրտսեր ու երէց) նախասիրութիւններուն եւ արժանիքներուն հնոցը, ուր պատեհութիւն պիտի տրուի բացայայտելու ստեղծագործական ամէն կիրք ու տաղանդ:

Այս առումով, բանակումի փակման օրը` խարուկահանդէսին, երբ տարբեր միաւորներ ցուցադրեցին իրենց շնորհներն ու գիտելիքները, արդէն յաղթանակի մը առաջին կանչին արժանացան իրենց շրջապատին կողմէ:

Յիշատակելի այլ յաջողութիւններու կարգին զգալի էին մարդկային ու ընկերավայել վերաբերումներու փայլքը, գուրգուրանքի եւ նուիրումի յոյժ գնահատելի երեւոյթները, որոնք անպարագծելիօրէն պէտք է որ համակեն իրերայաջորդ սերունդներ` յանուն հայ սկաուտական կեանքի առաւել ուժեղացման եւ պայծառացումին:

Այս ծիրին մէջ, որոշակիօրէն իրենց ներդրումը ունեցած են երէց սերունդի տղաքն ու աղջիկները, որոնց ներկայութիւնը նմանատիպ աշխատանքներու լոկ մասնակցութենէ աւելին են` անպայման գիտակից իրենց պատասխանատուութեան եւ համոզումներուն:

Ընդգծենք նաեւ, որ բանակումի յաջողութեան եւ կենսունակութեան լրացուցիչ գործօններ են բանակավայրի ընտրութիւնը, ձեռային աշխատանքներու շողշողուն ցայտքը, դասախօսական նիւթերու ընտրութիւնն ու տարբեր միաւոր-խմբակներու «վրանաքաղաք»¬ին  մէջ լաւագոյնս տեղադրումը:

Սրտի յատուկ խօսք աւելի քան հարիւր յիսուն բանակողներու ճաշի պատրաստութեան ու յարակից աշխատանքները ստանձնած հայորդիներուն, որոնք առանց երկմտանքի եւ սիրայօժար կերպով իրենց թանկագին ժամանակն ու նուիրումը ի սպաս դրած էին` մեր զաւակներուն համեղ ճաշի եւ սնունդի ապահովման համար:

Արդարօրէն, յաղթանակի երկրորդ կանչի մը մատնանշումը կը կատարենք արձանագրելով, որ, հակառակ երկրին մէջ տիրող որոշակի կացութիւններուն եւ դժուարութիւններուն, ՀՄԸՄ¬ի ընտանիքին պատկանող մասնաճիւղ մը, ինչպէս ուրիշներ, հայավայել քաջութեամբ եւ յանդգնութեամբ կ՛որոշեն ու իր աւարտին կը հասցնեն ամբողջ տարուան մը հաշուետուութեան արտայայտութիւնը հանդիսացող սկաուտական բանակումի կայացումը` յաւելեալ ուժ, կորով, կիրք, ինքնավստահութիւն եւ հաւատամքի իրաւութիւն բաշխելով ամբողջ շրջապատի մը:

Թող նման արութեամբ յագեցած ծրագիրներ եւ աշխատանքներ խայծ հանդիսանան գաղութահայ կեանքի տարբեր մարզերու առաւել ուռճացումին եւ զարգացման:

Բարի երթ:

 

 

Share this Article
CATEGORIES