Հայրենի Կեանք

Հանրայայտ «Էյ.Պի.Պի.Ուայ.Ուայ.Լինկվօ Էքս. 5 Հայերէն»
Ելեկտրոնային
Բառարանը Բացառաբար`
«
ՎիվասելԷմ.Թի.Էս.»-ի Սպասարկման Կեդրոններուն Մէջ

«Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-էն տեղեկացուցին, որ «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի եւ «Էյ.Պի.Պի.Ուայ.Ուայ.» ընկերութեան բացառիկ համագործակցութեան շնորհիւ, հանրայայտ «Էյ.Պի.Պի.Ուայ.Ուայ. Լինկվօ Էքս.5» ելեկտրոնային բառարանը համալրուած է նաեւ` հայերէնէ-անգլերէն, անգլերէնէ-հայերէն, ինչպէս նաեւ հայերէնէ-ֆրանսերէն եւ ֆրանսերէնէ-հայերէն բառարաններով:

Վերջերս «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի մէջ կազմակերպուած միացեալ  մամլոյ ասուլիսի ընթացքին համագործակցութեան մանրամասնութիւնները ներկայացուցին «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Երիկեանը եւ «Էյ.Պի.Պի.Ուայ.Ուայ.» ընկերութեան փոխնախագահ Արամ Փախչանեանը:

Պաշտօնական վաճառքի առաջին օրէն ի վեր մէկ տարուան ընթացքին «Էյ.Պի.Պի.Ուայ.Ուայ. Լինկվօ Էքս.5 հայերէն» Տի.Վի.Տի. սկաւառակը պիտի վաճառուի բացառաբար «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի սպասարկման շարք մը կեդրոններուն մէջ:

«Էյ.Պի.Պի.Ուայ.Ուայ. Լինկվօ Էքս.5 հայերէն» բազմալեզու բառարանը յարմար է յատկապէս անոնց, որոնք կ’ուսումնասիրեն եւրոպական լեզուներ` անգլերէն, ֆրանսերէն, ռուսերէն, գերմաներէն, իտալերէն, սպաներէն, յունարէն ‘ այլն:

«Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ը ինչպէս միշտ, մնայուն կերպով իր յաճախորդներուն բացառիկ հիմունքներով կ’առաջարկէ` ամէնէն արդի ապրանքները եւ ծառայութիւնները: «Էյ.Պի.Պի.Ուայ.Ուայ.» ընկերութեան հետ մեր համագործակցութեան շնորհիւ` հայախօսերը եւս պիտի կարենան այս ելեկտրոնային բառարանին միջոցով ուսումնասիրել օտար լեզուներ», նշած է «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Երիկեան:

Արմաւիր Մարզի Լեռնագոգի Դպրոցին Մէջ Բացուած Է
Հայաստանի Առաջին Ստեղծագործարանը

7 սեպտեմբերին Հայաստանի մանուկներ հիմնադրամի աջակցութեամբ, Արմաւիր մարզի Լեռնագոգ համայնքի դպրոցին մէջ բացումը կատարուեցաւ ժամանակակից կրթական կեանքի բոլոր պահանջներուն համապատասխանող դասասենեակին` ստեղծագործարանին: Ստեղծագործարանը 40-50 աշակերտի համար նախատեսուած մեծ լուսաւոր սենեակ մըն է, ուր յատուկ շարժական կահոյքը կարելիութիւն կու տայ աշակերտներուն կատարելու անհատական, ինչպէս նաեւ զոյգերով կամ փոքր ու մեծ խումբերով աշխատանք: Այս նորատիպ դասասենեակին մէջ տեղադրուած են  նաեւ 16 նոր համակարգիչ եւ ժամանակակից ձեւաւորում ունեցող դարաններ: Ստեղծուած է բազմանպատակ գործունէութեան համար անհրաժեշտ միջավայր, ուր կարելի է  կատարել քննարկում եւ դասախօսութիւն, ընթերցանութիւն եւ խաղ,  բեմադրութիւն եւ հանգիստ:

Բացման արարողութեան ներկայ գտնուեցաւ եւ իր ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Արմաւիրի մարզպետ Աշոտ Ղահրամանեան: Կրթական արհեստագիտութիւններու ազգային կեդրոնի ներկայացուցիչը պարգեւատրեց Լեռնագոգի դպրոցի աշակերտ Յասմիկ Ստեփանեանը, որ լուսանկարչական հանրապետական մրցումին յաղթանակ ապահոված էր:

Ներկայացնելով ստեղծագործարանի գաղափարը` Հայաստանի մանուկներու հիմնադրամի տնօրէն Սերոբ Խաչատրեան ըսաւ. «Մերօրեայ աշակերտները չեն սիրեր միապաղաղ եւ միօրինակ դասեր. դպրոցական գրաւիչ միջավայրը կրնայ մեծապէս խթանել ուսման գործընթացին եւ բազմատեսակ աշխատանքներու կատարման»:

Լեռնագոգի դպրոցի տնօրէնը աւելցուց, որ այսպիսի ազատ եւ ստեղծագործ միջավայր ունենալու գաղափարը ծագած է դպրոցի ուսուցիչներուն մօտ եւ շնորհակալութիւն յայտնեց Հայաստանի մանուկներ հիմնադրամին` այդ մէկը իրականութիւն դարձնելու իմաստով կարելիութիւն ստեղծելուն համար:

Ստեղծագործարանի գաղափարը իրականացնելու համար յատկացուած է մօտաւորապէս 20 հազար տոլար, որ ներդրուած է հիմնադրամին եւ քանի մը բարերարներու կողմէ, որոնց կարգին` Դանիէլ եւ Միլա Սահակեանները եւ Գրիգորի եւ Մարիա Սերայտարեանները: Վերջիններս ներկայ էին իրենց անունը կրող  դասասենեակի բացման արարողութեան: Ստեղծագործարանին մէջ տեղադրուած համակարգիչները եւ ուսուցողական ցուցանակները տրամադրած էր «Էյչ.Էս.Պի.Սի.» դրամատունը:

Հաղորդենք, որ Հայաստանի մանուկներ հիմնադրամը բարեսիրական կազմակերպութիւն է, որուն նպատակն է գիւղական աղքատութիւնը թեթեւցնել` համայնքային զարգացման մանուկներու յատուկ ծրագիրներու միջոցով: Հիմնադրամին աշխատանքները սկսած են 2004 թուականին, եւ ան իրականացուցած է կրթական, առողջապահական, ընկերային եւ տնտեսական ծրագիրներ, ինչպէս նաեւ հիմնովին նորոգած  է համայնքի համար կենսական նշանակութիւն ունեցող ենթակառուցուածքներ: Այս ծրագիրներէն կ՛օգտուին Հայաստանի Արմաւիր եւ Արագածոտն մարզերու Բաղրամեանի եւ Թալինի շրջաններու 11 գիւղական համայնքներու աւելի քան 27 հազար բնակիչները:

Գիտաժողով` Նուիրուած Մովսէս Սիլիկեանի
Ծննդեան
150-ամեակին

Զօր. Մովսէս Սիլիկեանի ծննդեան 150-ամեակին առիթով, 14 սեպտեմբերին «Սարդարապատ» յուշահամալիրին մէջ տեղի ունեցաւ «Մովսէս Սիլիկեան զօրավարը» խորագիրով գիտաժողով:

Գիտաժողովին բացման խօսքով հանդէս եկաւ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար, յոբելենական յանձնախումբի նախագահ Սէյրան Օհանեան: Պաշտպանութեան նախարարը ներկայացնելով Մովսէս Սիլիկեանի անցած ուղին` ընդգծեց, որ ան արժէքաւոր անուն է ո՛չ միայն իբրեւ Սարդարապատի դարձակէտային ճակատամարտի հրամանատար, այլեւ իբրեւ, յիրաւի, օրինակելի հրամանատարի կերպար: Ըստ նախարարին, Մովսէս Սիլիկեան կը պատկանի այն տոհմիկ զինուորականներու շառաւիղին, որ երբեք չանջատուեցաւ հայ իրականութենէն, պահպանեց իր հայեցի կերպարը, տեսաւ իր ժողովուրդին տառապանքները եւ միշտ հաղորդակից եղաւ անոր ձգտումներուն: Թէ՛ քաղաքական, թէ՛ ռազմական տեսանկիւնէ չափազանց բարդ իրավիճակի մէջ այդ զօրավարը տուաւ ճիշդ, համակողմանիօրէն կշռադատուած եւ առանց չափազանցութեան, տաղանդաւոր որոշում մը` ոտքի հանել զօրքը եւ բոլոր անոնք, որոնք ունակ էին զէնք կրելու` հայոց բազմադարեան պետականութիւնը պաշտպանելու թուրքերու բարբարոս ներխուժումէն:

Ելոյթներով եւ դասախօսութիւններով հանդէս եկան կարգ մը պատմաբաններ, որոնք աւելի մանրամասն կերպով անդրադարձան զօրավարին տոհմի պատմութեան, ինչպէս նաեւ ռազմական գործիչի կեանքի հերոսական դրուագներուն:

Տեղեկացնենք, որ այս առիթին նուիրուած ձեռնարկները պիտի շարունակուին նաեւ յառաջիկայ շաբաթներուն: Պիտի կազմակերպուին ուսանողներու եւ աշակերտներու բազմաթիւ այցելութիւններ դէպի «Սարդարապատ» յուշահամալիր, պիտի հրատարակուին ծաւալուն յօդուածներ պաշտպանութեան նախարարութեան «Հայ զինուոր» պաշտօնաթերթին մէջ, ինչպէս նաեւ լոյս պիտի տեսնէ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան պատրաստած` «Սարդարապատի հերոսը. զօրավար Մովսէս Սիլիկեան» գրքոյկը:

«Արարատ»… Հայ Ժողովուրդը Եւ Հայկական
Եկեղեցին
` Հոլանտացի Գրողին Աչքերով

Քանի մը օրեր առաջ Մատենադարանի նոր մասնաշէնքի գիտական նիստերու դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ հոլանտացի գրող Ֆրանք Վեսթերմընի «Արարատ» գիրքին հայերէնի թարգմանութեան շնորհահանդէսը, որ կազմակերպուած էր Հոլանտայի դեսպանատան աջակցութեամբ եւ Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան հովանաւորութեան տակ: Այս մասին տեղեկացուց Մատենադարանի մամլոյ ծառայութիւնը:

Գիրքը հրատարակած է «Ալֆա փրինթ օմեկա» հրատարակչութիւնը` «Երեւանը 2012 թուականին գիրքի համաշխարհային մայրաքաղաք» հռչակուելուն ծրագրի շրջանակներուն մէջ:

Ֆ. Վեսթերմընի գիրքի բովանդակութեան առանցքը կը կազմէ  Արարատ լերան եւ Նոյեան տապանի որոնումներուն մասին հեղինակին մտորումները, ուղեգրութիւնները, բանականութեան եւ կրօնի վերաբերող վերլուծութիւնները: Գիրքը առաջին անգամ տպագրուած է 2007-ին եւ արդէն թարգմանուած է մէկ տասնեակէ աւելի լեզուներով: Հոլանտացի մտաւորականը ոգեշնչուելով աստուածաբանական Արարատի կերպարով եւ Նոյեան տապանի որոնումով` եւրոպացի ընթերցողին կը ներկայացնէ հնամեայ հայ ժողովուրդը եւ անոր եկեղեցին:

Յայտնենք, որ Ֆ. Վեսթերմընի «Արարատ» գիրքին թարգմանիչն է Վաչագան Ղռաթեանը, իսկ խմբագիրը` բանասիրութեան տոքթոր Հենրիկ Բախչինեանը: Գիրքի շնորհահանդէսին ներկայ գտնուեցան հեղինակը եւ Հայաստանի եւ Վրաստանի մէջ Հոլանտայի դեսպան Փիթըր Լանկենպըրկը:

5-րդ Համահայկական Եւ Նկարչական
Մրցոյթը
Հայրենիքի Մէջ

«Վայրի բնութեան եւ մշակութային արժէքներու պահպանման հիմնադրամին, գեղագիտութեան ազգային կեդրոնին եւ «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.» ընկերութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած է նկարչական մրցում:

Համահայկական նկարչական 5-րդ մրցոյթը կը հրաւիրէ Հայաստանի եւ սփիւռքի բոլոր հայ փոքրիկները եւ պատանիները մասնակցելու` բնութեան եւ մշակութային նկարչական մրցոյթին: Այս մէկը նախաձեռնութիւն մըն է, որ կոչ կ’ուղղէ ամբողջ աշխարհի երիտասարդ հայերուն միանալու եւ իրենց ձայնը բարձրացնելու հայրենիքի բացառիկ բնութեան եւ մշակութային ժառանգութեան պահպանման համար:

Մրցոյթին շահողները պիտի ընտրուին դատական կազմի կողմէ եւ պիտի պարգեւատրուին տարբեր մրցանակներով` լուսանկարելու սարքեր, հեծանիւ, համակարգիչ եւ այլն: Ամէն տարի յաւելեալ մրցանակներ կը տրուին` մրցոյթի գործընկերներու կողմէ եւս: 5-16 տարեկան փոքրիկները եւ պատանիները 5-րդ համահայկական նկարչական մրցոյթին կրնան մասնակցիլ օգոստոս 15-է հոկտեմբեր 30: Մրցումին նիւթերն են`

1.- Հայկական լեռնաշխարհի էնդեմիկներ *
2.- Հայաստանի մշակութային գանձեր
3.- Վտանգուած բնութիւն

Համահայկական նկարչական մրցոյթին մասնակցելու համար պետք է`

1.- Ըլլալ` ազգութեամբ կամ ոգիով հայ
2.- Ըլլալ հոգատար բնութեան եւ մշակութային արժէքներու նկատմամբ
3.- Ըլլալ ստեղծագործող:

Այն երիտասարդ նկարիչները, որոնք կը փափաքին մասնակցիլ 5-րդ Համահայկական նկարչական մրցոյթին, պէտք է այցելեն մեր կայքը` www.paintingday.sunchild.am-ին եւ լրացնեն արձանագրութեան հարցաթերթիկը: Մասնակցութեան մասին տեղեկութիւնները ամբողջացնելէ ետք, պէտք է ուղարկել նախ անձնական աշխատանք մը, ապա` մրցոյթին նկարը: Իւրաքանչիւր մասնակից կրնայ ուղարկել մինչեւ 3 նկար` ըստ համապատասխան անուանակարգերու: Ուղարկուած նկարները պիտի ստուգուին կայքի համակարգողներուն կողմէ, ապա պիտի զետեղուին այլ կայքի մը մէջ, որպէսզի դատական կազմի անդամները կարենան տեսնել զանոնք եւ կայացնել իրենց վերջնական վճիռը:

Ուղարկուող նկարներուն թեքնիք պահանջները.

1.- Նկարը պետք չէ գերազանցէ 2 մպ.
2.- Նկարին չափերը պետք չէ գերազանցեն 1280X1280 փիքսելը
3. Ուղարկուող աշխատանքին ֆորմաթը պէտք է ըլլայ JPG-ով:

Մրցումը տեղի պիտի ունենայ հոկտեմբեր 21-ին, Երեւան: Այդ օրը հազարաւոր փոքրիկներ եւ պատանիներ քաղաքը պիտի վերածեն  մեծ նկարչական արուեստանոցի: Ամէն տարի Նկարչական օրուան ընթացքին մօտաւորապէս 1000 փոքրիկներ եւ պատանիներ Հայաստանի զանազան շրջաններէն կը գծեն բնութեան, շրջակայ միջավայրի եւ մշակոյթի պահպանման վերաբերող նկարներ: Սփիւռքի փոքրիկներէն ստացուած նկարները պիտի ցուցադրուին Նկարչական օրուան կայքին մէջ:

* Էնդեմիկ, էնդեմ (յունարէն` endemos-տեղական) – տեղական տեսակներ կամ այլ կարգաբանական միաւորներ, որոնք տարածուած են միայն տուեալ տարածաշրջանին մէջ, եւ որոնց այլ տեղ կարելի չէ հանդիպիլ:

Հրատարակուեցան Նոր Գիրքեր`
Հոգեւոր
Նիւթերով

Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսին օրհնութեամբ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հրատարակչական բաժինը լոյս ընծայած է «Պատկերազարդ տօնացոյց» եւ Անտրէ Ժիտի «Հովուերգական սիմֆոնիան» գիրքերը:

«Պատկերազարդ տօնացոյց»-ի ստեղծման համար հիմք ծառայած է  Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի «Շողակաթ» պատկերասփիւռի կայանին «Մանուկներու Աստուածաշունչ» հաղորդաշարը: Գիրքին օգնութեամբ մանուկները կրնան տեղեկանալ եկեղեցական տարբեր տօներու, բարեպաշտ սովորութիւններու, ինչպէս նաեւ եկեղեցական տօներու առնչուող ժողովրդական աւանդութիւններուն մասին:

Աշխատութեան մէջ օգտագործուած են  պատկերներ, որոնց նախատիպերը ստեղծուած են հարիւրաւոր տարիներ առաջ հայոց վանքերուն, գրչութեան կեդրոններուն մէջ` նկարազարդող մանրանկարիչներու ձեռքով: Վերահրատարակուած տօնացոյցին մէջ նաեւ աւելցած են հայ եկեղեցւոյ շարժական տօներու ցանկը` մինչեւ 2021:

19-րդ դարու աւարտին տասնամեակի եւ քսաներորդ դարու առաջին կիսուն ֆրանսացի մեծանուն գրող Անտրէ Ժիտի «Հովուերգական սիմֆոնիան» վէպը ֆրանսերէնէ թարգմանած է Պարգեւ Շահպազեան: Այս աշխատութեան հրատարակութիւնը հովանաւորած է Եզնիկ արք. Պետրոսեան:

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )