Մերօրեայ Մտորումներ. Քովի Դպրոցը, Դպրոցները (Է.)

ԳԵՂԱՆԻ ԷԹԻԵՄԵԶԵԱՆ

Աւետիս մը հաղորդելու պէս` կարգ մը բարեկամներ, ցաւելով թէ ներկայացնելով բացարձակ իրողութիւն մը, կը յայտնեն, որ «քով»-ի դպրոց կը յաճախեն մեծ թիւով հայ աշակերտներ:

«Քով»-ի դպրոցը հետաքրքրութեանս առարկան է: Մուտքին միշտ կեցած կ՛ըլլայ թերեւս ընդհանուր հսկիչը: Աչքերով կը փորձեմ սահմանագծել բակին տարածքը, որ համապատասխան չէ երբեք ամբողջական համակարգ մը ընդգրկող կրթական հաստատութեան մը: Թերեւս բակին անբաւարարութեան արդիւնք է զբօսանքներուն դէպի փողոց ժայթքող աղմուկը:

Միակ տեղեկութիւնը, որ կրցած եմ քաղել, կրթաթոշակներու մատչելի ըլլալն է: Ինչպիս՞ի ուսուցիչներ կը գործեն, կրթական ի՞նչ մթնոլորտ կը տիրէ, ի՞նչ մակարդակ ունի դպրոցը` իրենց պատասխանները չունին, բայց յանկերգի պէս կը կրկնուի.

– Քովի դպրոցը լեցուն հայ աշակերտներ կան:

Ուսուցչական ասպարէզ մտած տարիներուս «քով»-ի դպրոցները շատ սահմանափակ թիւով էին: Այդ օրերուն նաեւ պետական թուղթերու պատրաստութեան պարտականութիւնը ունենալով` մեծ զարմանքով կ՛ընդունէի կարգ մը թաղականներ, որոնք մանուկի մը ձեռքէն բռնած հեղինակաւոր քայլերով կը մտնէին տեսչարան ու կարճ ու կտրուկ կ՛ըսէին.

«Եազ»:

Այդքան թրքերէն կը հասկնայի: Զիս զարմացնողը ծնողի բացակայութիւնն էր, որմէ պէտք էր քաղէի համապատասխան տեղեկութիւնները: Այսօր զարմանքս վերածուած է հիացումի:

«Քով»-ի դպրոցները կը յաճախեն մեր աշակերտները: Վիճակագրական տախտակները, ժողովուրդին տեղաշարժը, մտայնութիւններու փոփոխութիւնը եւ բազում այլ պատճառներ կը հաստատեն, որ շօշափելի համեմատութիւն մը մեր նորահաս սերունդէն ափ առած է քովի դպրոցներուն մէջ:

Ի՞նչ կ՛ընենք առաջքը առնելու կամ սահմանափակելու համար այս հոսքը: Ամառնային հաճելին օգտակարին միախառնած արձակուրդային դասընթացքները կ՛օժանդակե՞ն դէպի մեզ ներգրաւելու օտար դպրոց յաճախող աշակերտները, թէ մխիթարանք մը կը պարգեւեն նմանօրինակ ծնողներուն: Բարեսիրական թէ հայրենակցական միութիւնները, որոնք բարեբախտաբար լաւ գործակիցներն են:  Հաւատացեալ մարդուժ չե՞ն կրնար գործի լծուիլ եւ իրենց անմիջական միջավայրին մէջ շարժում ստեղծել, հակահոսանք յառաջացնել: Քահանայ հայրերը, վերամուտի յայտարարութենէն ետք, չե՞ն կրնար համոզել իրենց ծխայինները, որ հայ դպրոց ընտրեն: Մեր ծնողները արդեօ՞ք հեղինակազրկման ընթացքին մէջ մտած են:

Հայ դպրոցին մէջ աղմուկը կը նուազի, իսկ քովի դպրոցին ժխոռը փողոց հասած է:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )