Տեսակէտ. Հայաստանի Անկախութեան Վերականգնումին Առիթով. Որպէսզի Հայ Պետականութեան Առագաստը Տատանումի Հակամէտ Չըլլայ (21 Սեպտեմբեր 1991)

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ   

Անսեթեւեթ հաւատացողն ենք, որ տարուէ տարի, վերանկախ հայրենիքի երկնակամարին տակ հայ պետական համակարգն ու քաղաքական մտածողութիւնը կ՛ապրի վերելքի, ինքնահաստատման եւ ամրակայման ժամանակներ, հակառակ գոյութիւն ունեցող բազմաբնոյթ ու բազմաբեւեռ տեղատուութիւններու եւ տխրադէմ երեւոյթներու:

Հաւանաբար որոշակի հանգրուաններ են պէտք, գալիքի հաշուոյն, որպէսզի ազգային մակարդակի համահունչ վարքագիծերու վայելքն ու հրապոյրը ըմբոշխնելի, շօշափելի եւ իրաւութեամբ թաթաւուն խայծեր դառնան` հայ մտքի ու հոգիի անդաստանի ուռճացումին նպաստող:

Յայտնապէս, զգացականի եւ ակնկալութիւններով առլցուն վերոնշեալ  մտածումներու ամբողջ պաստառին առընթեր, խորքին մէջ ըսել ուզուածը այն է, որ իշխանութիւններու ինքնանպատակ ուղղութիւնն ու ինքնավերարտադրումի տարաբնոյթ գործընթացները միայն պատուհաս կրնան դառնալ եւ ե՛ն ազգի, պետական մակարդակի եւ հայրենիքի ծաղկումին, բարօրութեան եւ անվտանգութեան հաշուոյն:

Այնուամենայնիւ, սովոր է, որ տարեդարձներ, որոնք արմատապէս կ՛առնչուին ժողովուրդներու կեանքին ու պատմական յիշողութիւններուն, պատեհ առիթը հանդիսանան նաեւ ինքնասրբագրումի, խոհական քննարկումի, առարկայական եւ շինիչ քննադատութեան եւ առհասարակ նպատակակէտային հարցերու վերլուծութեան:

Մանրամասնենք:

Եթէ երբեք հայրենի պետական այրերու կողմէ ամէն առիթի արձակուող շողշողուն բարեմաղթանքներն ու կարգախօսային յորդորները սեւեռակէտ դարձնենք, ինչպէս նաեւ` իրենց քաղաքական կեցուածքներն ու այսպէս ասած ժողովրդական մօտեցումները խոր քննութեան ենթարկենք, ապա, տեսանելի կը դառնան իշխանատենչ, սնափառ,  ապազգային ու սակաւապետական միտումներ ու աշխատելաոճեր,  որոնց մասին թէեւ կարգ մը հայ զանգուածային լրատուամիջոցներ թէ հայրենի ընդդիմութիւնը առհասարակ ուժգնօրէն կ՛արձագանգեն` լոյսին բերելով վատահամբաւ արարքներու եւ դշխեմ երեւոյթներու տեսականին այդուհանդերձ, հայ իրականութեան համար միանշանակ դատապարտելին կը մնայ այն, որ ազգապահպանման եւ պետականաշինութեան գործընթացներու առաւել պայծառացումին փոխարէն, ազգը ականատես կ՛ըլլայ գայթակղիչ եւ ապաբարոյ վերաբերումներու, նիւթականացած ախորժակներու եւ խորթութիւններու:

Այս առումով բաւարար է երկու եղելութիւններու ընդմէջէն պարզել առկայ քաղաքական համակարգին ամլութիւնը:

Ընթացիկ տարուան մայիսին տեղի ունեցան Ազգային ժողովի ընտրութիւններ, որոնք եթէ մէկ կողմէ առիթ էին աշխարհին ցոյց տալու ժողովրդավարական կարգեր ունենալու մեր հակամէտութիւնն ու քաղաքացիական հասունացման աստիճանաչափը, միւս կողմէ` անոնք պատճառ դարձան համատարած հիասթափութեան եւ հոգելլկումի:

Այլապէս ալ, մասնագիտութեամբ բժիշկ հայ սպայ Վահէ Աւետեանի անարգ սպանութիւնն ու անոր ընկերներուն խոշտանգումը Ազգային ժողովի նախկին  անդամ սակաւապետի մը սեփականութիւնը եղող հանրային վայրի մը մէջ, անոր համհարզներուն կողմէ, պերճ վկայութիւն մըն է հայրենիքին մէջ գոյութիւն ունեցող մարդկային իրաւանց խենեշօրէն բռնաբարումի,  քաղաքացիական պաշտպանուածութեան բացակայութեան, ազատօրէն շնչելու եւ ապրելու տարրական իրաւունքին ու մանաւանդ` դատական եւ իրաւական համակարգի ամլութեան:

Տակաւին ի՞նչ ըսել հայ նահատակ սպայ Գուրգէն Մարգարեանի հարցով վերջին օրերուն ի յայտ եկած տարբեր տեսակի գայթակղութեան մասին, որուն արձագանգները դեր երկա՜ր պիտի ղօղանջեն իւրաքանչիւր հայու սրտի տրոփին հետ:

Ա՛լ չենք խօսիր հայրենի կեանքին ու ժողովուրդին հետ սերտօրէն կապ ունեցող ընկերային, տնտեսական, քաղաքական, մշակութային եւ բազում բնագաւառներու մասին, որոնք եթէ մէկ կողմէ բարելաւումի ընթացքին մէջ կը գտնուին, ապա միւս կողմէ` ականատես կը դառնանք հասարակական միջավայրի ու մթնոլորտի շիկացումին, առաւել աղքատացման ու մանաւանդ` հայրենիքի պարպումին:

Բարեբախտաբար, հայ սրտցաւ գրիչներ, մտաւորականներ եւ ազգային գործիչներ կրնկակոխ կը հետեւին ընդգծուած հարցերուն, ըստ էութեան կը քննարկեն եւ լոյսին կը բերեն առկայ մտահոգութիւններն ու դժուարութիւնները:

Ճիշդ է, որ Հայաստանի վերանկախացման տարիքը տակաւին իր նորափթիթ հանգրուանին կը գտնուի, այդուամենայնիւ, ուժգնօրէն պնդել է պէտք, որ ներկայ դարու ամէնէն հզօր հրամայականն է` արագընթաց աշխատելաոճերու որդեգրումը, բացառաբար գիտութեամբ զինուելու եւ անով զօրանալու անհրաժեշտութիւնը, ընկերութեան կեանքի եւ  տնտեսական համակարգին մարդկայնացումը, մշակութային ոլորտներու խարսխումն ու ազգային ինքնութեան առաւել շեշտադրումը:

Աւելի՛ն. մեր պարագային վերոնշեալներու առընթեր նաեւ` ազգային արժեհամակարգի ու բարոյահոգեբանական հասկացողութիւններու նուիրականացումը:

Անցնինք:

Պիտի ըսուի հաւանաբար, որ կարելի՞ է անհատական հարցերն ու անարգ ոճիրները, ինչքան ալ քստմնելի ու դատապարտելի ըլլան անոնք ամպհովանիի մը տակ «ժողվել»-ն ու պետական հասկացողութիւններու հետ առնչելը:

Պիտի գտնուին ուրիշներ ալ, որոնք ըստ ամենայնի յստակացնելէ ետք առկայ բացթողումներու յատակագիծը, փորձ պիտի կատարեն շրջանցել պատահարներն ու խոցելի երեւոյթները` մնալով տարբեր տիպի հայրենասէրի կերպարին մէջ. նմանները մեղմօրէն վարուելու շպարին ներքեւ պիտի փառաբանեն սեւն ու ճերմակը, մուգն ու պայծառը, իրաւն ու կոպիտը, եւ մասամբ նորին:

Հարցադրումներ:

Եթէ երբեք փորձ մը ուզենք կատարել եւ մենք մեզ բաղդատել այլ ազգերու ու ժողովուրդներու հետ, պետական համակարգի թէ ընկերային հասարակական ոլորտներու կարելիութեանց հետ, երկու հիմնական շփոթներու տեղիք տուած կ՛ըլլանք:

Ընդունի՞լ համաշխարհայնացումի պարտադրած իրավիճակները (դրական ու բացասական առումով) եւ լծուի՞լ ինքնափճցման սայլին, որով կ՛ուզեն մեզ առաջնորդել մեծ պետութիւններ ու որոշումի կեդրոններ, եւ կամ ընթացք տալէ ետք հրամցուածին` քաղաքական, տնտեսական ու ընկերային մերօրեայ մտածողութիւններու, կարմրախայտ թուշերու ներքեւ փափաք յայտնել պահպանելու ազգայինն ու հարազատ պատկանելիութիւնը:

Ընդգծենք:

Ըստ երեւոյթին, հայոց պատմութիւնը իր փառահեղ անցեալով եւ տեղատուութիւններով աւելի ծանօթ է աշխարհին, քան նոյնինքն հայուն, որուն հայրենիքը, գիրն ու գրականութիւնը, ինքնութիւնն ու մշակոյթը, քաղաքական համակարգն ու ազգային պատկանելիութիւնը տակաւ շիջումի ընթացքին մէջ կը գտնուի` բազմերանգ պատճառներու առկայութեան:

Ի՛նչ արժէք կ՛ունենան հայրենիքներ, երբ անոր պաշտպանութեան եւ պահպանումին լծուելու փոխարէն, երիտասարդ սերունդներ կը գաղթեն դէպի օտարութիւն` ստամոքսի ու մաշկի փրկութեան համար:

Ինչի՛ կը ծառայէ հայրենի երկնակամարը, երբ սեփական ժողովուրդի մը ազգային երազանքներուն, յոյսերուն, յոյզերուն, տառապանքին ու յաղթանակներուն փայլքն ու հպարտութիւնը սնուցանելու փոխարէն կը դառնայ սովորական տարածք մը` անգոյն ու անդէմ:

Ինչպիսի՛ ուժ, կորով, կարեկցանք, խանդաղատանք ու արարելու կամեցողութիւնը պիտի ժառանգուի նորահաս սերունդներու, երբ հայ պետական մտածողութիւնն ու համակարգը ինքնասիրութեան եւ շահամոլական նկրտումներու հարսանիքը կ՛ապրի:

Ինչո՞վ պիտի խրախուսուի հայ զինուորը, երբ օրուան մը ընթացքին ականատես կ՛ըլլայ իր հրամանատարին զազիր վերաբերումին եւ խոշտանգումին, նոյնիսկ սպանութեան, փողոցային սակաւապետներու իսկ ձեռամբ:

Ուրկէ՞ իր քաջալերանքն ու ներուժը պիտի ստանայ հայ գիւղացին ու մշակը, ուսուցիչն ու արհեստաւորը, արուեստագէտն ու ազնիւ գործարարը, մշակութանուէր ու ազգասէր հայորդին, երբ հայ քաղաքական մտքի պաստառին վրայ կը տողանցեն տժգոյն դէմքեր:

Միթէ ազգային արժանապատութիւն հասկացողութի՞ւնն անգամ ա՛լ նետելու ենք պատմութեան աղբանոցը եւ հագուելու ենք աղանդաւորներու պսպղուն զգեստները:

Հայ  դիւանագիտութիւնը փոխանակ վերելք ապրելու, ինչո՞ւ տակաւ կը մխրճուի ապիկարութիւններու տիղմին մէջ եւ պատճառ կը դառնայ ազգային կամքի ու դիմագիծի աղաւաղումին:

Կարելի՞ է ազգ մը առաջնորդել (իր սփիւռքներով), կողմնորոշել եւ կողմնորոշուիլ ի տես բազում առկայ դժուարութիւններու եւ մարտահրաւէրներու` միշտ բարձր պահելով իւրաքանչիւր հայու արժանապատուութիւնն ու անվտանգութիւնը:

Թուրք ազերի հորդաններ պետական մակարդակի ահաբեկչութիւն կը կիրարկեն, բացայայտ ոճիրի մը մասնակցութեամբ ամբողջ աշխարհին ասպարէզ կը կարդան, հայատեաց ու ցեղապաշտ վարքագիծերու կառչած իրենց առօրեան կը հունաւորեն, անդին, հայ պետական աւագանին` փոխանակ ստեղծուած կացութեան դէմ ըստ արժանւոյն եւ համապատասխան հակազդեցութիւն ցուցաբերելու, ներքին քարոզչութեան ծառայող երեւոյթներու հանդէսներ կը սարքէ:

Փաստօրէն, հայ պետական համակարգին գագաթին բազմած նախագահը ողջունելի քանի մը գործընթացներ կատարելու կողքին, ամբողջ աշխարհին երեսին գոռաց, որ հայ նահատակ սպայ Գուրգէն Մարգարեանի սուրբ արիւնն ու անոր զինուորական մոյկերը աշխարհին հետ չենք փոխեր` իբրեւ հայոց բանակի ու ազգային պաշտպանութեան նուիրական արժանիքներ:

Հայ դիւանագիտական համակարգը զօրակոչի ենթարկուեցաւ ի տես Հունգարիոյ կողմէ կատարուած տխեղծ ու ապաբարոյ կեցուածքին, երբ եւրոպական արժէքներու խոշտանգում մըն ալ գործադրուեցաւ` ազերի բարբարոսի մը յանձնումով իր երկրին:

Արդեօք նշեալ հարցերն ու մտահոգութիւնները համահունչ են արցախեան հերոսամարտի սխրանքներուն եւ պանծալի պատմութեան, երբ հայ ֆետային ու ազատամարտիկը ոգի ի բռին մարտնչեցաւ թուրք ազերի զազրութեան դէմ եւ կերտեց արդի հայոց պատմութեան ամէնէն պանծալի պատուանդանն ու ոսկեմատեանը:

Արարատին հասնելու ամբողջ հայութեան երազանքը նման ոչ պիտանի եւ թախիծ պատճառող վարքագիծերու շռայլութեամբ պիտի համակենք մեր շրջապատն ու հետագայ սերունդներու հոգիները..

Ինչո՞ւ կը յամենան ամբողջ հայութիւնը սրբազան լերան հովանիին տակ հաւաքագրելու, միասնական ուժի վերածուելու եւ իրարմով զօրանալու կենդանի աշխատանքները` ի տես Միջին արեւելեան երկիրներու մէջ առկայ թէժ պայմաններուն եւ հետագայ ոչ լաւատեսական տրամադրութիւններուն:

Դժբախտաբար, ազգովին հինցած ու մաշած յանկերգներու եւ օդի մէջ արձակուած փուջիկներու կրկներեւոյթը կ՛ապրինք, գիտակցելով հանդերձ օրուան հրամայականին եւ ընելիքին, այդուհանդերձ մնալով մեր այսպէս ասած աւանդական մտայնութեան եւ անհեռանկար աշխատելաոճին, կաղապարուած համոզումներուն եւ խաղկութեամբ բնորոշ մօտեցումներուն:

Ինչպէս ազգը համայն, իր կարգին հայրենի ղեկավարութիւնը պարտաւոր է անսալ իւրաքանչիւր հայու կանչին ու մտորումին` եւ անյապաղ լծուիլ հայաստանակեդրոն առաջադրանքներու գործադրումին` առանց պէս-պէս հաշուարկներու:

Յայտնապէս, ինքնասրբագրումի եւ ինքնաճանաչման իբրեւ նախաքայլ, հայրենի առաջնորդներ, աւելի քան երբեք այսօր, Երեւանի սրտին պէտք է կառուցեն հայ երկու նահատակ սպաներու` Գուրգէն Մարգարեանի եւ Վահէ Աւետեանի յիշատակը յաւերժացնող կոթողն ու պատուանդանը, ուրկէ պիտի ճառագայթեն հայոց նոր ժամանակներու յաղթերգները:

Յաղթերգ` գիտակից հայրենասիրութեան, ժողովրդանուէր ապրումներու խարսխումին, հայոց բանակի արժանապատուութեան առաւել ամրապնդումին, բարբարոս թուրք ազերիին դէմ զգաստութեան, արութեամբ յորդառատ աշխատանքներու ընդգծումին, հայաբորբ զգացումներու բոցավառումին, Արարատին, Արեւմտեան Հայաստանին հասնելու կամքին ու երազանքին շեշտադրումին ու մանաւանդ` հայօրէն ապրելու կեանքի մը յանձանձումին:

Այլապէս ինչի՛ կը ծառայեն այն բոլոր տարեդարձերը, որոնց սնուցումին համար ազգը նուիրաբերած է իր թանկագին երիտասարդութիւնն անգամ` յանուն ազգային պատկանելիութեան ու ցեղային առանձնայատկութիւններու պահպանումին:

Խորապէս պահանջուածը` արիութեամբ լեցուն կամքի ու նախանձախնդիր մօտեցումներու հրայրքն է, այո՛, հաւատամքը ապրելու եւ ապրեցնելու հայրենիքը` մեր Հայաստանը:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )