Ողջունելի Նախաձեռնութիւն Մը` Քեսապի «Կասիոս» Գրական Լրատուն

Հակառակ Սուրիոյ մէջ տիրող պատերազմական վիճակին եւ զգայուն կացութեան, Քեսապէն խումբ մը գրասէրներ կը շարունակեն լոյս ընծայել յունիսին ծնունդ առած «Կասիոս» գրական լրատուն, որ հիմնականօրէն նաեւ համացանցի միջոցով կը տարածուի ամբողջ աշխարհի մէջ:

Ստորեւ կը ներկայացնենք օգոստոսի թիւին մէջ տեղ գտած խմբագրութեան խօսքը:

Առ ի տեղեկութիւն մեր ընթերցողներուն` կը յայտնենք, որ կիրակի, 2 յուլիսին «Կասիոս Գրական Լրատու» թիւ 1-էն (յունիս 2012) Քեսապի եկեղեցիներու միջոցով խմբագրութիւնս ցրուեց 150 տպուած օրինակ, ինչպէս նաեւ 150 օրինակ ե-նամակներով` Քեսապի մէջ եւ Քեսապէն դուրս: Քաջալերուած ժողովրդային ընդունելութենէն` «Լրատու թիւ 2»-էն (յուլիս) տպեցինք 200 օրինակ, որոնք սպառեցան նոյն օրն իսկ` 29 յուլիս 2012-ին: Ե-նամակներով ցրուեցինք 200 օրինակ: Այսօր, երբ մամուլին կը յանձնենք «Լրատու 3»-ը, արդէն մեր ե-նամակներու հասցէներու ընդհանուր թիւը աւելցած է 30-ով: Կը խնդրենք մեր ընթերցողներէն, որ մեզի հայթայթեն ե-նամակներու հասցէներ, որպէսզի կարենանք «Լրատուն» սեփականութիւն դարձնել մեզի սիրելի այլ բարեկամներու եւ ընկերներու : Խմբագրութիւնս իր երախտագիտութիւնը կը յայտնէ Քեսապի հայ բնակչութեան , որ այս ձեռնարկը գնահատեց իր հետաքրքրութեամբ, քաջալերանքով, դիտողութիւններով եւ քննադատութիւններով: Անգամ մը եւս քեսապցին փաստեց, որ ինք անտարբեր չէ մշակութային աշխատանքի նկատմամբ, գնահատել գիտէ, նաեւ աւելի՛ն կը պահանջէ: Այս մօտեցումը կը խրախուսէ, միեւնոյն ատեն խմբագրութիւնս կը դնէ յաւելեալ պատասխանատուութեան տակ:

Կը հրապարակենք երրորդ` օգոստոսի թիւը: Այս թիւին մէջ, ի միջի այլ նիւթերու, պիտի անդրադառնանք հայ մեծագոյն արձակագիրներէն Ակսել Բակունցի կեանքին ու գրականութեան: Բակունց , Չարենցի նման, 1937-ին զոհ գնաց ստալինեան հալածանքներուն ու «մաքրագործումներուն»: 2012-ը կը զուգադիպի իր, Չարենցի, Զապէլ Եսայեանի եւ այլ մտաւորականներու մահուան 75-ամեակին:

Քեսապահայութեան համար ուրախութիւն է, որ իր զաւակները պետական պըրըվէի քննութեանց արձանագրած են տոկոսային բաւական լաւ համեմատութեամբ յաջողութիւն: Կը շնորհաւորենք յաջողած աշակերտներն ու իրենց ծնողները եւ կը մաղթենք, որ անոնք կարենան նուաճել նորանոր բարձունքներ:

Խմբագրութիւնս իր խորազգած ցաւակցութիւնը կը յայտնէ Քեսապի եւ շրջակայքի նահատակ երիտասարդներու ընտանիքներուն, հարազատներուն եւ ընկերներուն` մաղթելով մեր ասպնջական Սուրիա հայրենիքին խաղաղութիւն:

Ձեր գրական ստեղծագործութիւններն ու նամակները կրնաք յանձնել խմբագրութեանս` հետեւեալ հասցէնով. [email protected]

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )