Եւրոպական Ֆութպոլ. Մարսէյ, Պարսելոնա, Պայէրն Միւնիխ, Այնթրախթ Ֆրանքֆորթ Եւ Եուվենթուս` Ցարդ Անսխալական. Լիվըրփուլ Մանչեսթըր Եունայթըտ` 1-2

Մարսէյի յաղթական մարզիկները

Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցած եւրոպական ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն հինգ խումբեր` Մարսէյ, Պարսելոնա, Պայէրն Միւնիխ, Այնթրախթ Ֆրանքֆորթ եւ Եուվենթուս հանդիսացան այն միակ կազմերը, որոնք մնալով անսխալական, ապահովեցին առաւելագոյն կէտերը:

Աւելի քան յիսուն տարուան մէջ, Մարսէյ հանդիսացաւ ֆրանսական այն միակ խումբը, որ արձանագրեց իր 6-րդ յաջորդական յաղթանակը եւ բնականաբար ապահովեց առաւելագոյն 18 կէտը` 1-0 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Էվիանը:

Սպանիոյ մէջ Պարսելոնա արձանագրեց իր 5-րդ յաջորդական յաղթանակը` 2-0 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Կրանատան: Զաւի Հեռնանտես (87-րդ) եւ Կոմես (90-րդ` սխալմամբ իր բերդին մէջ) նշանակեցին Պարսայի կոլերը:

Գերմանիոյ մէջ իրենց կարգին յաջորդական իրենց 4-րդ յաղթանակը արձանագրեցին Պայէրն Միւնիխ եւ Այնթրախթ Ֆրանքֆորթ` յաջորդաբար պարտութեան մատնելով Շալքէն (2-0) եւ Նիւրեմպերկը (2-1):

Ռոպին Վան Փերսի

Իտալիոյ մէջ, իր կարգին իր 4-րդ յաջորդական յաղթանակը արձանագրեց Եուվենթուս` 2-0 արդիւնքով յաղթելով Քիեւոյի: Ֆապիօ Քուակլիարելլա նշանակեց Եուվէի երկու կոլերը (63-րդ եւ 68-րդ):

Ա. Սէ. Միլան, որ արձանագրած է միայն մէկ յաղթանակ, Ուտինեզէէն կրեց իր երրորդ պարտութիւնը` 2-1 արդիւնքով: Իր կարգին Սիենայէն պարտութիւն կրեց նաեւ Ինթեր Միլան` 2-0 արդիւնքով:

Անգլիոյ մէջ, 5-րդ հանգրուանի գագաթի ճակատումին, Լիվըրփուլ իր դաշտին վրայ աւելի քան 44 հազար հանդիսատեսներու ներկայութեան 2-1 արդիւնքով պարտուեցաւ Մանչեսթըր Եունայթըտէն: Ռաֆայէլ տա Սիլվա (51-րդ) եւ Ռոպին Վան Փերսի (81-րդ` փենալթիով) նշանակեցին Մանչեսթըրի կոլերը, իսկ Սթիւըն Ժերար` Լիվըրփուլի կոլը (46-րդ):

Մանչեսթըր Սիթի – Արսենալ մրցումը աւարտեցաւ 1-1 արդիւնքով, մինչ պարագլուխի դիրքին վրայ Չելսի 1-0 արդիւնքով յաղթեց Սթոք Սիթիի` շնորհիւ Էշլի Քոլի նշանակած կոլին (85-րդ):

Share this Article
CATEGORIES