Քաշաթաղը Ժամանակաւոր Բնակարա՞ն, Թէ՞ Տուն
ՄՀԵՐ ԳԱՎԼԱՔԵԱՆ
Երբ «Արցախ» կը լսենք, կ՛երեւակայենք երազային կանաչ աշխարհ, արծուեբոյն դրախտային երկիր, որ հայութեան հպարտութիւնն է: Տասը զաւարեանական ընկերներով ուղղուեցանք Արցախի Քաշաթաղ մարզին հարաւը գտնուող Կովսական գիւղը, ուր հաւաքեցինք շրջանի հինգ գիւղերու երեխաներն ու երիտասարդները եւ կազմակերպեցինք ծրագիր մը` «Քաշաթաղը իմ տունն է. 2012» վերնագրով:
Գիւղացիները գրկաբաց կ’ընդունէին մեզ իրենց բնակարաններէն ներս… բնակարան, եւ ոչ թէ տուն: Վերաբնակեցուած այս գիւղացիները տասը տարիէ աւելի է, որ կը բնակին այդ գիւղերուն մէջ, սակայն անոնք տակաւին պատկանելիութեան զգացումը չունին այդ հողին հանդէպ, ուր զաւակներ ունեցած են, եւ որուն բերքէն կ’օգտուին: Իրենց բնակարաններուն վիճակը կարծէք կը յուշէ, թէ անոնք ժամանակաւոր այդտեղ են միայն:
Վերաբնակեցման աշխատանքը այս շրջաններուն մէջ սկսած է մօտ տասնչորս տարիներ առաջ: Ազատագրումին յաջորդող վեց տարիներուն ընթացքին շրջանը մնացած է դատարկ: Ապա պետութիւնը գիտակցելով այդ շրջաններուն ռազմավարական կարեւորութեան` որոշած ու սկսած է գործադրել վերաբնակեցման այս աշխատանքը: Ներկայի բնակիչները Հայաստանի տարբեր շրջաններէն եկած ընտանիքներ են, որոնք հասած եւ վերակառուցած են կիսաքանդ տուներ` շինանիւթը ստանալով պետութենէն: Հողագործութիւն կ՛ընեն պետութեան կողմէ իրենց համար հայթայթուած հողերու վրայ, իրենց համար հայթայթուած հունտեր օգտագործելով: Սակայն վերաբնակեցման ծրագիրները չեն ամբողջանար, երբ պետութիւնը ենթակառոյցի զարգացման համար բաւարար աշխատանք չի տանիր: Կովսականի ժողովուրդը տակաւին կը գործածէ այն ճամբաները, որ ազերին կառուցած է մօտ երեսուն տարիներ առաջ, ճամբաներ, որոնք ո՛չ նորոգութիւն տեսած են, ո՛չ ալ խնամք, եւ այսօր քարուքանդ վիճակ մը ունին: Աւելի՛ն. հաղորդակցական միջոցներ գրեթէ չկան այս շրջանին մէջ, բջիջային հեռախօսները հազուագիւտ վայրերու մէջ միայն կը գործեն:
Բնակարանները նմանապէս ոչ խրախուսիչ վիճակ մը կը ներկայացնեն: Ժողովուրդն ալ կարծէք զանոնք բարելաւելու հիմնական ճիգ չի կատարեր: Հասարակ օրինակով` տեղացիք սալայատակի ծակերէն ներս սողոսկող օձերէն պաշտպանուելու համար բահը պատրաստ կը պահեն որպէս զէնք` փոխանակ ծակերը փակելու, նորոգութիւն տեսնելու:
Այն տպաւորութիւնը կ՛ունենանք, որ գիւղացիները կ՛ապրին հանգրուանային կանգառի մը մէջ, եւ երբ առիթը գայ, անոնք պատրաստ են իսկոյն տեղափոխուելու: Հետեւաբար անոնք իրենց միջավայրի զարգացման կարիքը կամ նոյնիսկ փափաքը չունին:
Այսպիսի միջավայր մը ճիշդ եւ յարմար տեղն էր, ուր մենք պէտք էր գտնուէինք: Գործուղումին «Քաշաթաղը իմ տունն է. 2012» վերնագիրը լաւապէս կ՛արտացոլացնէ մեր գործը այդ շրջանին մէջ: Արդարեւ, մեր նպատակն է այնտեղի ժողովուրդին մէջ հողին հանդէպ պատկանելիութեան զգացումը ամրապնդել` անոնց բացատրելով շրջանին մէջ իրենց գոյութեան ռազմավարական կարեւորութիւնը, Արցախի կարեւորութիւնը հայութեան համար, սերմանելով պայքարի շունչ մը իրենց մէջ` մեր դաստիարակչական ամփոփ ծրագիրներով: Կովսականի եւ բախտակից շրջաններու բնակչութիւններուն մէջ կենսական եւ պարտադիր եղափոխութիւնը կարելի է իրականացնել այնտեղացի նոր սերունդին եւ երիտասարդութեան միջոցով միայն, որոնք դարձան մեր հիմնական թիրախները, որովհետեւ երիտասարդութիւնը ժողովուրդին ապագան է, եւ գիտակից երիտասարդութիւն` կը նշանակէ խոստմնալից ապագայ:

