Մեր Խօսքը

Զաւարեան ուսանողական միութեան առօրեայ աշխատանքներուն եւ ծրագիրներուն յատուկ մէկ մասն է անոր «Դէպի Երկիր» յանձնախումբի կազմակերպած տարեկան գործուղումը, որ այս տարի ութերորդ անգամ ըլլալով կայացաւ հայրենի հողին վրայ: Յաջորդաբար երկրորդ տարին ըլլալով` տասը զաւարեանականներ ուղղուեցան դէպի Քաշաթաղի հարաւը գտնուող Կովսական շրջանը, ուր տեղի ունեցաւ պատանիներու յատուկ խտացուած դաստիարակչական ծրագիր մը: Երեք շաբաթներու տեւողութեան վրայ, մօտակայ գիւղերու պատանիները օրական դրութեամբ համախմբուեցան Կովսականի «Թաթուլ Կրպէեան» վարժարանին մէջ` հետեւելով պատմութեան, գծագրութեան, երգեցողութեան, թատրոնի, մարզանքի, ձեռային աշխատանքի, անգլերէնի եւ առողջապահութեան դասընթացքներու: Ծրագրի աւարտին տեղի ունեցաւ եզրափակիչ հանդէս` ներկայութեամբ ծնողներու եւ շրջանի պատասխանատուներու:

Պատահականութեամբ չէ, որ «Քաշաթաղը իմ տունն է. 2012» գործուղման թիրախը Կովսականի շրջանն էր: Անցեալ տարուան գործուղումէն մնացած մտահոգութիւնները դերակատար են այստեղ. շրջան մը, ուր բնականոն կեանքի տարրական պայմանները տակաւին ամբողջութեամբ չեն ապահովուած` սկսելով ճանապարհներէն հասնելով մինչեւ հաղորդակցութեան միջոցներ, ուր տակաւին մարդու եւ բնակչութեան բացակայութիւնը, ցաւ ի սիրտ, էապէս զգալի է, եւ մանաւանդ շրջան մը, որուն բնակչութեան եւ հողին միջեւ կապը երբեմն ոչ բաւարար ամուր ըլլալու նշոյլներ կու տայ. այլ խօսքով, որոշ բնակիչներու ապրելաձեւը կարծէք կը յուշէ, թէ անցումային կանգառի մէջ կը գտնուին իրենք եւ ոչ թէ հաստատուած  են իրենց վերջնական հանգրուանին մէջ: Այսպիսով, կարեւոր հարցման նշաններ կ՛ուրուագծուին վերաբնակեցման հարցին շուրջ… Այս մտահոգութիւններէն մեկնած` հրամայական էր ապահովել մեր սկսած համեստ, բայց էական աշխատանքի շարունակականութիւնը` շեշտը դնել պատանիներու գիտելիքներու ամրապնդման վրայ, սերտ կապ մը ստեղծել տարբեր գիւղերէ ժամանած պատանիներու միջեւ, տեսակցիլ բնակիչներուն հետ` ծանօթանալու համար իրենց դիմագրաւած դժուարութիւններուն, եւ ամէնէն էականը` խրախուսել վերաբնակեցուած ժողովուրդը` կառչած մնալու հողին, հաւատալու անոր ընծայած հնարաւորութիւններուն ու ջանալու առաւելագոյնս օգտուիլ ներկայացուած կարելիութիւններէն, բարելաւելու համար թէ՛ անհատական ապրելակերպը եւ թէ՛ հաւաքական կեանքը Քաշաթաղի մէջ: Լիբանանահայ ուսանողը գործուղման ընդմէջէն լաւատեղեակ դառնալով շրջանի իրավիճակին, իր առաջին համեստ քայլը կ՛առնէ վերաբնակեցման ծրագիրի  զարգացման համար,  սփիւռք-հայրենիք կապ մը կը ստեղծէ ու կը միտի շրջանի բարգաւաճման եւ զարգացման համար անհրաժեշտ նկատուող գործօնները լաւապէս օգտագործելու փորձ մը կատարել:

Ստորեւ կը գտնուին գործուղուող ընկերներուն գրութիւնները, ուր անոնք կ՛անդրադառնան գործուղման, Քաշաթաղին եւ վերաբնակեցման ծրագիրին:

Share this Article
CATEGORIES