Ռուսիոյ Ֆութպոլի Ախոյեանութիւն. Մովսիսեանի 9-րդ Կոլը

Ռուսիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 10-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, Քրիլիա Սովեթով Սամարա, որ հիւրընկալեց Քրասնոտարը, 2-2 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Քրասնոտարի հետ:

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին մաս կազմող միջազգային յառաջապահ Եուրա Մովսիսեան 25-րդ վայրկեանին նշանակեց մրցումին եւ Քրասնոտարի առաջին կոլը:

Ան այսպիսով նշանակեց «Փրեմիեր լիկ»-ի մրցումներուն իր 9-րդ կոլը:

Նշենք, որ դաշտին տիրոջ կազմէն Բ. կիսախաղին դաշտ ներկայացաւ Ռոման Գրիգորեան:

Իրենց արձանագրած այս հաւասարութենէն ետք, այժմ անոնք երկուքը Ամքարի Փերմի նման ունենալով 12-ական կէտ, կը բաժնեն 9-11-րդ դիրքերը:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )