«Սփիտ-Թեսթ»-ի 3-րդ Եւ Վերջին Հանգրուանի Մրցում. Ապտօ Ֆըղալի Առաջին

PROFOTO

Կազմակերպութեամբ Ա. Թէ. Սէ. Էլ.ին, նախորդ շաբաթավերջին «Սոլիտեր»-ի շրջանին մէջ (կեդրոնական Պէյրութ) տեղի ունեցաւ 2012 տարեշրջանի «սփիտ-թեսթ»-ի 3-րդ եւ վերջին հանգրուանի մրցումը` մասնակցութեամբ 41 ինքնաշարժներու:

Արհեստավարժներու մրցումին առաջին դիրքը գրաւեց Ապտօ Ֆըղալի («Միթսուպիշի Լենսըր»), որ արձանագրեց 1′ 48″ 91 արդիւնք մը:

Իսկ ոչ արհեստավարժներու մրցումին երրորդ դիրքը գրաւեց Կարօ Յարութիւնեան, որ իր ինքնաշարժին` «Պի. Էմ. ՏԱՊԸԼԻՈՒ»-ի հետ արձանագրեց 2′ 01″ 22 արդիւնք մը:

Սակայն Յարութիւնեան սկիզբը ետեւի անիւով բանող ինքնաշարժներու ոչ արհեստավարժ մրցումին նոյն արդիւնքը արձանագրելով հանդիսացաւ առաջին:

Աւարտին տեղի ունեցաւ բոլոր մրցանակակիրներուն մրցանակաբաշխութիւնը` Ա. Թէ. Սէ. Էլ.ի ներկայացուցիչներուն կողմէ եւ ներկայութեամբ այս մարզը սիրող մեծ թիւով ներկաներու:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )