Սամպօ. Աշխարհի Բաժակի Մրցաշարք. Արցախցի Մարզիկը Տիրացաւ Արծաթ Մետալին
«Արմենփրես» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցող Սամպոյի աշխարհի բաժակի մրցաշարքին, արցախցի Մաւրիկ Նասիպեան տիրացած է արծաթ մետալի:
«Արմենփրես» իր այս լուրը քաղելով Հայաստանի Սամպոյի ֆետերասիոնէն կ՛աւելցնէ ըսելով, որ Նասիպեան աւարտականին դժուարութեամբ պարտուած է իր ռուս մրցակիցէն` Ալեքսէյ Իվանովէն:
Նշենք, որ արցախցի մարզիկը իր մասնակցութիւնը բերաւ 82 քկ դասակարգի մրցումներուն:
Ցարդ իրենց մրցումները կատարած չեն Վահագն Գէորգեան (68 քկ) եւ Աշոտ Դանիէլեան (82 քկ), երկուքն ալ` մարզական սամպոյի մրցումներուն:
CATEGORIES Մարզական

