Սրբոց Հռիփսիմեանց Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերու Երկրորդական Բարձրագոյն Վարժարանի Վերամուտ

Երկուշաբթի, 1 հոկտեմբեր 2012-ին Սրբոց Հռիփսիմեանց վարժարանի շրջափակէն ներս, աշակերտութիւն եւ ծնողներ խուռներամ ժամանած էին` դիմաւորելու նոր տարեշրջանը: Աշակերտներու խանդավառութեան ճիչերուն ու ծափահարութիւններուն զուգընթաց, վարժարանիս առաւօտեան առաջին զանգը հնչեց:

Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներու երգեցողութենէն ետք, տնօրէնուհի քոյր Արմինէ Մակարոսեան իր բարի գալուստի խօսքով բոլորին բարեբեր տարեշրջան մը մաղթեց: Տնօրէնուհին, Անարատ Յղութեան հայ քոյրերուն խիզախ կամքն ու   կորովը դրուատելով, անդրադարձաւ Սրբոց Հռիփսիմեանց վարժարանի 90-ամեայ պատմական առաքելութեան. որուն ընթացքին դժուարին ու նուազագոյն պայմաններով նուիրեալ Հայ քոյրերը կարողացան Մեծ եղեռնէն ճողոպրած աքսորեալ ազգակիցներուն կրթօճախ մը հաստատել`ահազդու թուականէն միա՛յն եօթը տարիներ ետք, երբ 1922-ին Սրբոց Հռիփսիմեանց վարժարանը հիմնուեցաւ:

Գէորգ  Թծ. վրդ. Եղիայեան, բեմ հրաւիրուելով, իր սրտի խօսքը ներկայացուց` եւ առաջին հերթին ողջունեց Սրբոց Հռիփսիմեանց վարժարանի 90-ամեայ առաքելութիւնը` ի սպաս հայ մանուկին եւ անոր քրիստոսավայել կրթութեան: Երկրորդ հերթին` ողջունեց  Անարատ յղութեան հայ քոյրերուն մայրական գութն ու գորովը եւ յատկապէս անոնց անշահախնդիր նուիրումն ու զոհաբերութիւնը. ապա հերթաբար ողջունեց Սրբոց Հռիփսիմեանց մեծ ընտանիքին ուսուցչական  անձնակազմն ու պաշտօնէութիւնը, որոնք ճիգ  չեն խնայեր ազգային եւ մշակութային դաստիարակութեամբ զարգացնելու նոր սերունդը, ինչպէս նաեւ աշակերտներն ու ծնողները զարգացնելու, Գէորգ Թծ. վրդ. Եղիայեան մեծապէս արժեւորեց անոնց  ցուցաբերած վստահութիւնը վարժարանին նկատմամբ: Յատկապէս դրուատեց վարժարանին տնօրէնուհի քոյր Արմինէ Մակարոսեանի անսահման նուիրումը:

Վարդապետին ջերմաշունչ խօսքերէն ետք քոյր Արմինէն Մակարոսեան աշակերտներուն պատուիրեց խաղաղութիւնը սկզբունք դարձնել իրենց առօրեային մէջ եւ աղօթքներով հայցել երկնաւոր հօր, որպէսզի աշխարհիս խաղաղութիւն շնորհէ, յատկապէս` Սուրիոյ համար:

Տէրունական աղօթքէն ետք աշակերտներ` սպիտակ փուչիկներ երկինք արձակեցին որպէս խորհրդանիշ խաղաղութեան եւ անդորրութեան:

Ժողովրդային եւ ազգային գեղեցիկ երգերու մեղեդիներով աշակերտները բարձրացան իրենց դասարանները, ուր սիրալիր մթնոլորտի մը մէջ 2012-2013 տարեշրջանը սկսաւ :

Բարի վերամուտ

Share this Article
CATEGORIES