«Թէքէեան» Մշակութային Միութիւնը Կը Նշէ Հայաստանի Հանրապետութեան 21-րդ Տարեդարձը

Կազմակերպութեամբ «Թէքէեան» մշակութային միութեան տեղական վարչութեան, ուրբաթ, 28 սեպտեմբեր 2012 երեկոյեան ժամը 8:30-ին, «Թէքէեան» կեդրոնի «Հրաչեայ Սեդրակեան», սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հրապարակային յատուկ հանդիսութիւն` նուիրուած անկախ Հայաստանի 21-րդ տարեդարձին:

Լիբանանի, Հայաստանի եւ «Թէքէեան» մշակութային միութեան քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք հանդիսութեան բացումը կատարեց կազմակերպիչ վարչութեան ատենապետ Արամ Սեփեթճեան, որ շեշտեց կարեւորութիւնը անկախ պետականութեան եւ զայն նկատեց մեր ազգային արժանապատուութիւնը` իբրեւ գրաւական ունենալով հայոց բանակին հզօրութիւնը: Ապա բեմ հրաւիրեց Թուխիկ Աւետիսեանը, որ խոր ըմբռնումով մեկնաբանեց Վահան Թէքէեանի «Ներկայ Հայաստանին» եւ Պարոյր Սեւակի «Հայաստան» խորագրեալ քերթուածները:

Վարչութեան անդամներէն Եւա Տագէսեան հանդիսականներուն ներկայացուց օրուան բանախօս Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Քոչարեանի կենսագրական գիծերը եւ բեմ հրաւիրեց զայն: Դեսպան Քոչարեան «Անկախ Հայաստանի նուաճումներն ու մարտահրաւէրները» նիւթով աւելի քան կէս ժամ մանրամասնօրէն վերլուծեց Հայաստանի վերջին տարիներու ռազմաքաղաքական տնտեսական ու դիւանագիտական միջազգային փոխ  յարաբերութիւնները եւ անոր արձանագրած նուաճումները տարբեր մարզերու մէջ: Նոյնպէս անդրադարձաւ նաեւ Հայաստան-սփիւռք համագործակցութեան եւ երկքաղաքացիութեան հարցին` յայտնելով, որ արդէն շուրջ 50,000 հայրենակիցներ ստացած են իրենց քաղաքացիութիւնը: Այս երեւոյթը առաւել եւս ամրապնդեց սփիւռքի հայութեան հաւատքը իր հայրենիք Հայաստանի հանդէպ: Ան յիշեց նաեւ ընթացիկ տարուան ապրիլ ամսուն Հայ գրատպութեան 500-ամեակի հանդիսաւոր նշումը, նոյն առիթով հայոց 12-րդ մայրաքաղաք Երեւանը 2012-ին կը հռչակուէր միջազգային գիրքի 12-րդ մայրաքաղաքը: Դեսպան Քոչարեան շեշտեց կարեւորութիւնը հետեւեալ 3 կէտերուն. ա) Արցախի ազգային ինքնորոշման իրաւունքը շրջանի հակամարտութեան մէջ, բ) Հայաստանի ցամաքային կապի միջազգային ճանաչումը Արցախի հետ, գ) Հայաստանի տնտեսական զարգացման համակարգը արդիւնաբերութեան եւ դէպի արտասահմանեան երկիրներու արտածումներու նոր հեռանկարներու եւ զարգացումներու լոյսին տակ:

Իր խօսքի աւարտին ան անդրադարձաւ նաեւ Ազգային մատենադարանի վերանորոգման եւ նոր մասնաշէնքերու բացումին, ուր կրնան իրենց աշխատանքները կատարել 600-է աւելի գիտաշխատողներ:

Ապա հանդիսավարը բեմ հրաւիրեց լիբանանահայ երիտասարդ եւ սիրուած արուեստագէտ երգիչ Ճոնի Կէօքճեանը, որ Նանօր Մաճառեանի դաշնակի նուագակցութեամբ մեկնաբանեց Էտկար Յովհաննիսեանի «Արփա-Սեւան» եւ Արտիոմ Այվազեանի «Հայաստան» երգերը` ստեղծելով խանդավառ մթնոլորտ մը:

Սեփեթճեան ողջունելով ներկայութիւնը Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի` զինք բեմ հրաւիրեց ունկնդիրներուն փոխանցելու իր սրտի խօսքը: Ան անդրադառնալով սոյն առիթին ու նախաձեռնութեան ոգիին, հայրենիքի իրականութիւնը կարեւոր նկատեց իբրեւ վախճանական հանգրուանը ազգային մեր ուղեգիծին: Ճիշդ է, որ 100 տարիներէ ի վեր հեռու ենք մեր հայրենի աշխարհէն, սակայն հայրենիքն է մեր կողմնացոյցը, որ ցոյց կու տայ մեզի մեր «հիւսիսը»: Ան մեր սերունդներուն համար եղաւ միակ փարոսը, որպէսզի չնմանինք առանց ղեկի նաւի ուղեւորներուն: Ուր որ ալ գտնուինք, գիտենք, որ ունինք մեր ազգային տունը, որ մեր հայրենիքն է:

Յաւարտ հանդիսութեան, Ա. Սեփեթճեան իր շնորհակալիքի խօսքը ուղղեց ներկայ գտնուող հանդիսականներուն եւ հանդէսին յայտագիրին մէջ բաժին ունեցող արուեստագէտներուն ու յատկապէս օրուան բանախօս դեսպան Ա. Քոչարեանին եւ բեմ հրաւիրեց զինք պատուելու համար յուշանուէրով մը (Վահէ-Վահեանի խմբագրութեամբ լոյս տեսած Վահան Թէքէեանի «Հատընտիր»-ը)` ձեռամբ «Թէքէեան» մշակութային միութեան հիմնադիրներու ատենապետ փրոֆ. Հրայր Հովիւեանի:

Հանդիսութիւնը վերջ գտաւ պատշաճ հիւրասիրութեամբ:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )