«Նամականի» (Հեղինակ` Արմէն Դարեան)
2010-ին Երեւանի Եղիշէ Չարենցի անունը կրող Գրականութեան եւ արուեստի թանգարանի հրատարակչութիւնը «Ամարաս» տպարանէն լոյս ընծայեց լիբանանահայ գրագէտ, հրապարակագիր, թարգմանիչ եւ խմբագիր Արմէն Դարեանի գրած եւ ստացած նամակները` մեկենասութեամբ Արմէն Յարութիւնեանի եւ սփիւռքահայ բարերարի մը եւ խմբագրութեամբ յիշեալ թանգարանի տնօրէն Հենրիկ Բախչինեանի:
Հատորը կը սկսի «Թանգարանի կողմից» խորագրեալ նախաբանով, ուր Հենրիկ Բախչինեան կու տայ անհրաժեշտ լուսաբանութիւններ Արմէն Դարեանի նամակներուն առնչութեամբ:
Իր կարգին, հալէպահայ գրող եւ խմբագիր Թորոս Թորանեան հատորին «Նամականի Արմէն Դարեանի» խորագրեալ յառաջաբանին մէջ համառօտ կերպով կը ներկայացնէ Դարեանի կեանքն ու գրական գործունէութիւնը: Արդարեւ, Թորանեան կ՛ըսէ, թէ Արմէն Դարեան, աւազանի անունով Ալֆոնս Ադդարեան, ծնած է Տիգրանակերտ 1922 թուականին եւ մահացած 1990-ին, Պէյրութ: Եղբայրն է լիբանանահայ բանաստեղծ Գառնիկ Ադդարեանի: Արմէն Դարեան վաղ տարիքին ծնողքին հետ կը փոխադրուի Հալէպ, ուր կը ստանայ իր նախնական կրթութիւնը: Աւարտելէ ետք Վենետիկի, Մուրատ-Ռափայէլեան երկրորդական վարժարանը, կ՛անցնի Պէյրութ:
Արմէն Դարեան հեղինակն է հետեւեալ գրական երկերուն, որոնք լոյս տեսած են Պէյրութի ու Երեւանի մէջ. «Մեր հացը», Պէյրութ, 1956, «Կարօտ եւ կեանք», Երեւան, 1963, «Խարիսխէն հեռու», Պէյրութ, 1964, «Խարիսխի մօտ», 1973, «Լեռը եւ տունը», Պէյրութ, 1982: Դարեան հեղինակն է նաեւ յետմահու հրատարակուած երեք գիրքերու` «Նախագահին կօշիկները», վէպ, Պէյրութ, 1991, «Երկու եղանակ», վիպակներ, Պէյրութ, 1991 եւ «Զաւակի մը համար», պատմուածքներու հատընտիրը, Պէյրութ, 1995:
Դարեան հայերէնի թարգմանած է ֆրանսացի վիպասան Օնորէ տը Պալզաքի «Անծանօթ գլուխ գործոցը» խորագրեալ վէպը եւ լիբանանցի գրող Ժորժ Շըհատէի «Վազքոյի հեքիաթը» խորագրեալ թատերախաղը, Պէյրութ, 1964:
Հրատարակած է Տիգրան Չուխաճեանի երաժշտախաղը «Քէօսէ Քեհեա»` «Զուարթ» օփերեթ անունին տակ, Պէյրութ, 1971 եւ «Ակնարկ հայ-արաբ մշակութային կապերու վրայ», Պէյրութ, 1972 խորագրեալ աշխատութիւնները:
Վերոյիշեալ երկերէն զատ Դարեան պատրաստած է Եոզղաթի պատմագիրքը եւ գրած ուսումնասիրութիւններ` Սայաթ-Նովայի եւ Շահան Շահնուրի մասին: Ունի նաեւ քերթուածներու անտիպ հատոր մը:
Գրագէտ Արմէն Դարեան քաջածանօթ էր արաբերէն եւ ֆրանսերէն լեզուներու: Շնորհիւ այս բարեյատկութեան, կ՛ըսէ Թորոս Թորանեան, «լիբանանցի թատերագիր Ժալալ Խուրի ըսած է, թէ Արմէն Դարեան երկու մշակոյթներու կը պատկանէր` հայ եւ արաբ մշակոյթներուն»:
«Նամականի» խորագրեալ հատորը կ՛ընդգրկէ 300 էջեր եւ կը բաղկանայ հիմնական երկու բաժիններէ: Առաջին բաժինով Դարեան կը ղրկէ նամակներ 25 հեղինակներու, իսկ երկրորդ բաժինով կը ստանայ նամակներ 46 գրողներէ:
Այս կապակցութեամբ, թղթակցած է հայրենի եւ սփիւռքահայ բազմաթիւ գրողներու հետ: Նամակներ գրած է` Երուանդ Ազատեանին, Աւետիս Ալիքսանեանին, Մկրտիչ Արմէնին, Վահագն Դաւթեանին, Թորոս Թորանեանին, Էդուարդ Թոփչեանին, Վարդգէս Համազասպեանին, Վահէ Հայկին, Արամ Հայկազին, Վահրամ Մավեանին, Զարեհ Որբունիին, Համօ Սահեանին, Հրաչեայ Քոչարին եւ այլն:
Հատորին երկրորդ բաժինով Արմէն Դարեան նամակներ ստացած է Գառնիկ Ադդարեանէն, Գոհար Ազնաւուրեանէն, Աւետիս Ալիքսանեանէն, Մարի Աթմաճեանէն, Վախթանգ Անանեանէն, Վազգէն Գաբրիէլեանէն, Ալեք Գլըճեանէն, Դեւէն, Գէորգ Էմինէն, Լեւոն Հախվերդեանէն, Մեսրոպ Ճանաշեանէն, Ալեքսանդր Սարուխանէն, Վահէ Վահեանէն եւ այլն:
Պէտք է ըսել, որ վերոյիշեալ նամակները ինչ նիւթ որ ալ արծարծեն կը դրսեւորեն անպայման Դարեանի առօրեայ կեանքին վերաբերեալ այլազան հարցեր: Սոյն նամակները շահեկան են այն իմաստով, որ անոնք ցոյց կու տան այն մտերմութիւնը, որ գոյացած է Դարեանի եւ իր բարեկամներուն միջեւ: Թէեւ անոնք գործնապէս մաս չեն կազմեր Դարեանի ստեղծագործական աշխատանքին, այսուհանդերձ, կու տան օգտակար ծանօթութիւններ հեղինակի գրական երկերուն ընդհանուր մթնոլորտին շուրջ: Այլ խօսքով, շնորհիւ յիշեալ նամակներուն, իրազեկ կը դառնանք, թէ ի՛նչ պայմաններու տակ Դարեան գրի առած է իր երկերը եւ ի՛նչ դժուարութիւններ դիմակալած ու յաղթահարած է:
Յիշեալ նամակներու միջոցով իրազեկ կը դառնանք նաեւ Դարեանի զգացական ապրումներուն եւ իմացական ձգտումներուն, որոնք ժամանակ մը գաղտնի մնալէ ետք, այժմ դարձած են գրասէր հանրութեան սեփականութիւնը:
Արդարեւ, «Նամականի» խորագրեալ հրատարակութեան ընթերցումով մօտէն կը ծանօթանանք Արմէն Դարեանի խառնուածքային բարեյատկութիւններուն, ընդհանրական երեւոյթներու նկատմամբ իր ըմբռնումներուն եւ սփիւռքահայ գրականութեան շուրջ իր մտորումներուն:
ՅԱԿՈԲ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ
Սեպտեմբեր 2012
Պէյրութ

