Ալպոմ-Ժողովածուի Մը Լուսանցքին. Գալուստ Եւ Իր Ներաշխարհ-Ոսպնեակը

Կամ` Հազուագիւտ Մարդկայնութեան Մը Մարտահրաւէրը
(
Հրատարակութիւն. «Համազգային»-ի
«
Գլաձոր» Մասնաճիւղի, Թորոնթօ, 2011)

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՔԻՒՐՔՃԵԱՆ

Քանի մը ամիս առաջ շրջանային մամուլով արձագանգուած*, ակնկառոյց սպասուած, ահա գրասեղանիս վրայ ունիմ լուսանկարչական ալպոմը Գալուստ Պապեանի, բաղկացած` առաւելաբար կենդանագիրներէ` ծանօթ դէմքերու թէ անանուն կերպարներու: Եւ այսօր, աւելի քան ամիսէ մը ի վեր շարունակուող թերթատումէ, աչքի ու մտքի ըմբոշխնումէ ետք,  կ՛անդրադառնամ, որ հեռու եմ դեռ` անոր գանձերուն լրիւ թափանցած ըլլալէ, չխօսինք զանոնք սպառելու մասին…

Ալպոմ Մը` Հոգիի Գործ

Աւելի՛ն. կ՛անդրադառնամ, որ որակազրկող, գոնէ հասարակացնող բառեր են վերի ներածական տողերուս բառերը` բոլո՛րն ալ, «լուսանկարչական ալպոմ»-էն սկսած մինչեւ «թերթատում»-ը, անցնելով «կենդանագիր»-էն: Փոխանակ գործի արտասովոր հարստութեան մասին գաղափար տալու, անոնք կրնան սիւնակի ընթերցողը նախապաշարել բացասաբար, տալ տպաւորութիւնը գտնուելու պատահական արտադրութեան մը առջեւ: Մինչ երկը, հեռու` կազմելէ սոսկական լուսանկարչական ալպոմ մը, է՛ հոգի նկարող եւ հոգիի ուղղուող մտերիմ պատգամ, հոգիի՛ գործ: Կրնա՞ր տարբեր ըլլալ արդէն, երբ այս գումարը, կեանքի մը արգասիքը կայացնող, շրջանակուած է, երաշխաւորուած` այսօրինակ «հանգանակ»-ով մը.

«… Դիմանկարներուս [մէջ], ձգտումս է լուսանկարուողին հետ հասարակաց գիծ մը գտնելով` հաղորդակից ըլլալ իր ներաշխարհին եւ արժանի` իր յարգանքին ու վստահութեան: Փոխադարձ յարգանքի մթնոլորտի մէջ է միայն, որ ան վար կրնայ առնել ընկերութեան ու շրջապատի պարտադրած բոլոր դիմակները […], վստահիլ ոսպնեակիս պարկեշտութեան, ապահովութեան: Դիմալուսանկարիչը յաճախ այն մետիումն է, որ լուսանկարուողին ինքնաճանաչման կը ծառայէ»:

Նոյն «հանգանակ»-ին մէջ, Գալուստ կը բնորոշէ նաեւ գեղարուեստա-բարոյական այս հիմնարար պարտաբանութեան (deontologie) «գործնական» ենթադրութիւններէն մի քանին, միանգամայն պերճախօս ու ճշգրիտ-հարազատ տարազումներով, եւ առանց որոնց մարդկային լաւագոյն տրամադրութիւններն իսկ` անկարող պիտի ըլլային երկնելու արուեստի ապրելի գործեր.

«Հիմնականը «հերոս»-իդ հետ հոգեկան կապ մը ստեղծելու արժանիքն է, յաճախ շատ կարճ ժամանակի մէջ, նշմարելու համար դէմքին եւ արտայայտութեան ամէնէն յատկանշական գիծերը` առիթ չտալով, որ դիմացինիդ դէմքը սառիլ սկսի: Հիմնականը այն զգացումը փոխանցելն է դիմացինիդ, որ ոչ թէ դուն իրմէ բան մը կը խլես, այլ միասնաբար գեղեցիկ բան մը կը կերտէք»:

Ալպոմը` Ինք

Այս նախադրեալներէն մեկնող` ահա` «Ներաշխարհիս ոսպնեակէն-Retrospective»  կրկնակ խորագիրին տակ խմբուած է Գալուստի 1970-ական տարիներէն սկսած ու մինչեւ

90-ականները հասնող` աւելի քան քառորդ դարու կեանքի վաստակ մը, աւելի ճիշդ` այդ վաստակի մէկ հատընտիրը:

Սկիզբը, արագ ու խորհրդապահ գիծեր կու տան կենսագրական ժլատ տարրեր` պուրճ համուտեան մանկա-պատանեկան մեկնարկի մը եւ ապա տասնամեակներու ուղեգիծի մը մասին, Ֆրանսայէն ու արեւելեան Միացեալ  Նահանգներէն անցքով` Քանատա յանգող: Միանգամայն բերելով տուեալներ` գեղարուեստական գործունէութեան մասին. անդրանիկ ցուցահանդէս` Թորոնթօ, 1982-ին (հայրենական թեմայով լուսանկարներ). վերջին ցուցահանդէս` Երեւան (2006):

Ներկայ սիւնակի ստորագրողը, անձնապէս ծանօթ ու հաղորդ` ալպոմով այնքան անսեթեւեթ ներկայացուած կենսագրական ուղեծիրի խորքին` Գալուստի անհատական անստգիւտ դիմագիծին, Ֆրանսայի իր «նախալուսանկարչական» տարիներէն, լրիւ բաժնելով արուեստագէտին խորհրդապահ անանձնականութիւնը, համեստութիւնը, անշուշտ զանց պիտի առնէր հոս այդ բոլորին աւելի լայն ոգեկոչումը:

Ընկերացող Թանկագին
Վկայութիւններով

Միշտ առանց դաւաճանելու նոյն համեստութեան, ալպոմի սկիզբը արուեստագէտի «հոգիի» այդ կենսագրութեան մասին գաղափար կու տան զոյգ ներածութիւններ, յաջորդաբար Կարօ Արմէնեանի եւ Աթոմ Էկոյեանի գրիչներէն  (առաջինը` հայերէն, երկրորդը` անգլերէն):

Այսպէս, Գալուստի կեանքի խորքային ուղեծիրին առնչուող` Կ. Արմէնեանի գրութիւնը ունի բնորոշումներ` տպաւորիչ խտութեամբ. «… Սփիւռքի մեր ջերմ ու ընտանի օճախներէն ճամբայ ելլելով` ան ոտքի տակ տուած է մեր հողմացրիւ գոյութեան բարդ աշխարհագրութիւնը, շարունակաբար փնտռելով իր հարազատ կայքը, իր մտքի հաստատուն կռուա՛նը եւ ամէն քայլափոխին ընդլայնելով հոգեւոր առնչութիւններու իր ցանցը: Աշխարհի մեծ հարցականներուն մէջ վերապրած հայն է ան, հայաշխարհի չյայտնաբերուած պարզութիւններուն գիւտարարը. իսկական, անսեթեւեթ, ինքնիր թաքուն օրէնքով ապրող ու շնչող առօրեայ մարդուն անձնական վկան: Այս գիրքը այդ վկայութիւններուն մնայուն տոմարն է»:

Էկոյեանի գրութիւնը նոյնպէս ունի Գալուստի կեանքին առնչուող գիծեր, առաւելաբար դիտուած` իրենց բարեկամական յարաբերութիւններու տեսանկիւնէն. «Գալուստը` ինքն էր, որ առաջին անգամ ինծի ցոյց տուաւ Հայաստանը, [լուսանկարներու] իր բացառիկ ներկայացումով: Այնքան գեղեցկօրէն բռնուած իր դիմանկարները, յուզական մանրամասնութիւններու ամենանրբին ուշադրութեամբ մը, իմ մէջս ստեղծեցին տպաւորութիւնը` որ կարծես կը ճանչնայի այդ անձերն ու վայրերը»:

Արմէնեանի եւ Էկոյեանի գրութիւնները միանգամայն ունին անփոխարինելի վերլուծական արժէք` գործի յատկանիշներուն ու արժէքին ուղղուած: Անոնցմէ հիմնականները կը տրուին սիւնակիս կողքին, յաւելեալ արժեւորման համար, միանգամայն այս գրութիւնը աւելի երկար մէջբերումներու բեռէն զերծ պահելու մտահոգութեամբ: Նոյն մտահոգութեամբ, չեմ ծանրանար ուրիշ վկայութիւններու վրայ, արուեստագէտ թէ ակադեմական այլ անձնաւորութիւններէ` Արթօ Չաքմաքճեան, Վահէ Պէրպէրեան, Ռէյմոնտ Անտերսըն, որքան ալ բնորոշիչ ու թանկագին ըլլան անոնք գործի ճանաչումին համար…

Եւ Բովանդակութեամբ

Թերեւս աւելորդ չըլլան ալպոմ-ժողովածուին մասին քանի մը առարկայական տուեալներ. Եռաբաժին է, բովանդակութեան եւ թեմաթիք շեշտադրումի զգալի տարբերութիւններով` բաժինէ բաժին, բայց միշտ հարուստ` Գալուստի «աչքին» ջերմ մարդկայնութեամբ եւ նոյնքան ջերմ լուսաւորումով, որուն` ոչ միայն չի վնասեր, այլեւ աւելի՛ կը նպաստէ կարծես` նկարներու գրեթէ ամբողջութեան սեւ-ճերմակ ըլլալը (թո՛ղ որ հազուադէպ գունաւոր լուսանկարները, իրենց կարգին, կը վկայեն նաեւ գոյներու ամուր տիրապետութեան մը մասին):

Առաջին բաժինը` «Սփիւռքեան համաստեղութիւն», կը խմբէ աւելի քան յիսնեակ դէմքեր, մեծ մասամբ ներկայացող` երկու կամ աւելի լուսանկարներով, ու գրեթէ լրիւ բաղկացած` կենդանագիրներէ (այսօր` աւելի ընթացիկ գործածութիւն ունի «դիմանկար» եզրը, թէեւ նուազ ընդգրկուն…): Այս բաժինը, կը թուի ինծի, կը կրէ կնիքը յաւելեալ ընտանութեան մը` ընդմէջ լուսանկարիչին եւ իր կերպարներուն. կարծես այդ համաստեղութիւնը կայացնող տիպարները, մեծ մասամբ բարեկամներ, երբեմն` մտերիմներ, այս կամ այն չափով կ՛երկարաձգեն մթնոլորտը բաժինը բացող ընտանեկան սրտայոյզ լուսանկարի մը (կողակից եւ զաւակներ): Անոնց ընկերացող բացատրականները, միանգամայն ջերմ ու խորհրդապահ, կ՛երկրորդեն, կը հաստատեն այս տպաւորութիւնը:

Երկրորդ բաժինը` «Հայաստանը` 80-ականներուն», կը ներկայանայ գերակշռող համեմատութեամբ մը այլ տիպի լուսանկարներու. Մարդկային խումբեր/խմբակներ` զիրենք շրջանակող բնավայրային թէ կենցաղային միջավայրով հանդերձ` գիւղ կամ քաղաք: Հոս, հայրենի իրականութեան նոր մօտեցող, հայրենական կարօտով զայն գրկող ջերմ ու բացսիրտ արուեստագէտի, կամ իր` բաժինը բացող այնքան կարեւոր ներածականին բառերով, «մանուկի անմեղ նայուածք»-ն է, որ կը դարմանէ, կը ջնջէ անջատող բոլոր «վարագոյր»-ները, բոլոր օտարութիւնները: Ըսի, որ հոս կը գերակշռեն մարդկային խմբակները` կենցաղային միջավայրի եւ կացութիւններու մէջ, ճիշդ արուեստագէտին նախասիրած մանկապատանեկան տարիքի տիրապետումով: Բաժինի աւարտին, կը ներկայանան նաեւ կենդանագիրներ` մտաւորական թէ արուեստագէտ անձնաւորութիւններու, որոնց հետ շփումի համար իրեն տրուած ամենակարճ ժամանակամիջոցին մէջ, Գալուստ, ինչպէս կ՛արտացոլայ լուսանկարներէն, յաջողեր է կարծես ստեղծել մարդկային նոյն ջերմ մթնոլորտը, որ կը շնչեն սփիւռքի բազմամեայ բարեկամներ, անձնական հին ծանօթներ ներկայացնող իր գործերը:

Այս վերջին նշումս անսահման, հրաշալի ընդլայնումով մը կը ցուցահանուի երրորդ` «Նռան մշտավառ գոյնով» խորագրեալ բաժինին մէջ, նուիրուած` անկրկնելի արուեստագէտ-վարպետ Ս. Փարաջանովի: Բաժինի ներածական իր նոթին մէջ, Գալուստ յուզումնալի ոգեկոչումով կ՛ուրուագծէ իր հանդիպումը մեծ շարժաբեմադրիչ-գեղանկարիչին հետ, 1980-ի ամրան` Թիֆլիս, անոր տնային կալանքի ժամանակամիջոցին, եւ իրենց միջեւ ստեղծուած հարազատութեան արագ հոսանքը, որ կարելի պիտի դարձնէր, Ա. Էկոյեանի բառով, իրականացումը «գլուխ-գործոցներու»:

Հոս, արդէն, կ՛արժէ պարզապէս լրիւ մէջբերել Էկոյեանի վկայութեան համապատասխան մասը` իբրեւ արդարագոյն արժեւորում` մեծ բեմադրիչ-գեղանկարիչի կենդանագիր-լուսանկարներուն եւ Գալուստի` անոր հետ առնչութեան. «Փարաջանովի դիմանկարները գլուխ-գործոցներ են: Ինծի` երիտասարդ շարժաբեմադրիչիս համար, որ կ՛երազէր օր մը տեսնել իր աստուածը (հանդիպում, որ դժբախտաբար տեղի պիտի չունենար երբեք), այս լուսանկարները եղան օրհնութիւն մը: Ենթակային եւ լուսանկարիչին միջեւ բանող վառ եւ ուժական ալքիմիայով, անոնք կը բռնեն Փարաջանովի բացառիկ երեւակայութեան բոլոր երեսակները, միանգամայն ներկայացնելով Գալուստի խոր յուզումը եւ յարգանքը մեծ արուեստագէտին հանդէպ»:

Կ՛արժէ դեռ հոս նշել, որ այս կենդանագիրներէն ոմանք, սփիւռքահայ թէ հայրենի անձնաւորութիւններէ, ինչպէս եւ քանի մը հիանալի կենդանագիրներ Ս. Փարաջանովէ, վերջին երկու տասնամեակներուն, հայաշխարհի հրատարակչական ոլորտին մէջ դրուեր են շրջաբերութեան` լայնօրէն գործածուելով մամուլի ե՛ւ գիրքերու էջերուն (յաճախ, ըսենք ի մէջ այլոց, առանց հեղինակ-լուսանկարիչի ստորագրութեան կամ ինքնութեան ճշդումի. այս ալ մէկ ուրիշ դրսեւորումը` Գալուստի անանձնականութեան, համեստութեան…):

***

Անկասկած, վիճելի չէ հատորի վաստակաւոր խմբագիր Վրէժ-Արմէնի հաստատումը, եզրափակիչ իր գրութեան մէջ, որ` «Գալուստ իր այս հաւաքածոյով կը յաջողի մեզ քիչ մը աւելի մօտեցնել մեր արմատներուն»: Բայց արդեօ՞ք ճիշդ պիտի ըլլար` իբրեւ Գալուստի գործին ու աշխարհին մայր յատկանիշ` որդեգրել այսպիսի բնորոշում մը, որ կրնայ յանկարծ կարծրատիպ «հնչել»: Այնքա՜ն ուղղութիւններ կրնան յաւակնիլ «մօտեցնել արմատներու». բայց` ճամբա՞ն, բայց փոխադրամիջո՞ցը…: Ես համոզուած եմ, որ չէինք ունենար մեր առջեւ փռուող բազմաշնորհ այս արժէքը (ուրեմն եւ չէինք ալ կրնար ընել այսպիսի վերացական հաստատումներ, ինքնին ո՛չ փաստելի, ո՛չ ալ հերքելի), եթէ չըլլային, գեղարուեստական զգայարանքի ու թեքնիք ինքնակատարելագործման երկար, յամառ ճիգի մը մերուած, Գալուստի մարդկային ջերմութիւնը, խոնարհ ընկալչութիւնը, զուսպ խորհրդապահութիւնը:

Այս վերջին գիծերուն մէջ է որ կը կայանայ, ըստ իս, անկրկնելի արժանիքն ու արժէքը Գալուստի ներաշխարհին ու ոսպնեակին: Անոնցմէ է որ կը բխին, անո՛նց շնորհիւ կ՛իրականանան, անկասկած իբրեւ լրացուցիչ հարստութիւններ, հոգեմշակութային այլ, յարակից երեւոյթներ:

Ծանօթագրութիւն

* «Հայրենիք»` 30 մարտ. «Հորիզոն»`  28 մայիս. անգլիալեզու «Թորոնթոհայ»` յունիսի թիւ –  ներկայացում, շնորհահանդէս, յարակից թղթածրար եւ այլն.

 

Ոգեկոչում

«Բաժանումի պահը հասած է […]: Այս օտար քաղաքի անծանօթ միջավայրի պաստառին վրայ իր լուսեղէն դէմքը եւ ստեղծուած հոգեղբայրութիւնը գինովցուցած են զիս […]: Լուսանկարներէն անկախ, կ՛ուզեմ թանկագին յիշատակ մը, իր փորձառութիւններէն բխած հաստատում մը, պատգամ մը հետս տանիլ, նուիրագործելու համար այս անկրկնելի պահերը:

«Իր գիրուկ ձեռքերը ափերուս մէջ ամուր սեղմած, հարց կու տամ.

«- Սիրելի՛ վարպետ, սիրելի՛ Փարաջանով, կ՛ուզէի գիտնալ, թէ հայ ըլլալը, հայութիւնը ի՛նչ կը նշանակէ քեզի համար:

«Պահ մը տատամսեցաւ, խառն թուղթերու մէջէն լուսանկար մը զատեց […] ու դարձնելով [ետեւը]` արագ ու ինքնավստահ շարժումներով գծեց իր դիմանկարը փշաթելերու ետին, ու լուսանկարին վարի մասը խոշոր մկրատ մը, մակագրեց, ստորագրեց, եւ «ինձմէ քեզ յիշատակ» ըսելով ինծի յանձնեց:

«[…] Գծանկարը ինծի համար էր, թուական, վայր եւ որպէս ստորագրութիւն` «ԴԱՐԴ»:

«Պապանձած, ցնցուած էի: Ուրեմն սիրելի Փարաջանով, հայ ըլլալ, հայութիւնը դարդ էր քեզի համար:

«Նշմարելով հոգեվիճակս, զօրաւոր փաթթուկ մը, եւ ես Թիֆլիսի մութ ճամբաներով, իրմէ որպէս յիշատակ կը տանէի իր դարդը, որ դարդս էր նաեւ միաժամանակ…»

ԳԱԼՈՒՍՏ

 

Վկայութիւններ

«… Ինչպէս այլ ստեղծագործողներու պարագային, միշտ ալ սերտ եւ շատ անձնական կապ մը գոյութիւն ունեցած է Գալուստին եւ իր նկարներուն միջեւ: Բոլոր այն պատկերները, որոնք կեանք կ՛առնեն Գալուստին ոսպնեակէն, կը պատկերեն այն աշխարհը, ուր հարազատ կը զգայ ինքզինք: Իր նկարները անձնականացուած խօսքեր են, որոնք այլ կերպ չեն կրնար արտայայտուիլ եւ այս ձեւով միայն կը գտնեն իրենց ամբողջական հնչեղութիւնը: […]

«Այս գիրքի նկարներէն ամէն մէկը անցողիկ կեանքի մեր իրականութենէն առանձնացուած պահ մըն է, որ այլեւս չի հպատակիր ժամանակի ընդունուած կանոնակարգին: Այնուամենայնիւ ամէն մէկ նկար նաեւ իր ժամանակին վկան  է. անոր իւրովի վերարտադրութիւնը…»:

ԿԱՐՕ ԱՐՄԷՆԵԱՆ

«… Ինչպէս բոլոր մեծ լուսանկարիչները, Գալուստ ատակ է նկարելու [մարդոց] ներաշխարհը աշխատանոցի նիստերով: Բայց ինչ որ իսկապէս բացառիկ է իր մօտ` ատիկա իր կարողութիւնն է աշխատանոցի թեքնիք ճարտարութիւնն ու ճշգրտութիւնը փոխադրելու փողոց կամ բնակարաններ` պարագայական, անանձնական իր նիւթերուն վրայ:

«[…] Ամէն շարժում դիտուած [է] գուրգուրանքով, հպարտութեամբ: Յօրինումները միշտ յուզող [են] ու թարմ, լուսաւորումը` միշտ մոգական: […] Այս է Գալուստ Պապեանի բացառիկ ձիրքը. բոլոր երանգները նկարել` այդքա՛ն համապրումով եւ քնքշութեամբ: Ի տարբերութիւն ուրիշ լուսանկարիչներու, որոնց «ես»-ը կը տարածուի իրենց ամբողջ գործին վրայ, Գալուստ խոնարհութեան ու վեհանձնութեան իր հարազատ զգայնութեամբ է որ կը ստեղծէ իր լուսանկարներուն այնքան ուշագրաւ գեղեցկութիւնը: […] Իր հիանալի ալպոմը թանկագին վկայութիւնն է թրթռուն, բացառիկ հոգիի մը»:

 ԱԹՈՄ ԷԿՈՅԵԱՆ

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )