Տիգրանակերտի Մէջ Կլոր Սեղան` Հայաստանցի Լրագրողներու Ու Ակադեմականներու Հետ. Քաղաքապետ Պայտեմիր Ըսաւ. «Տիգրանակերտի Բերդերու Խմորին Մէջ Հայերու Եւ Բոլոր Միւս Հաւաքականութիւններու Քրտինքն Ու Աշխատանքը Կայ, Վերադարձէք Ձեր Պապերուն Քաղաքը»
«ՆՈՐ ՄԱՐՄԱՐԱ»
«Ռատիքալ»-ի մէջ կը կարդանք որ Տիգրանակերտի մէջ կայացաւ կլոր սեղանի ժողով մը, որուն մասնակցելու համար քաղաք եկած էին հայաստանցի խումբ մը լրագրողներ ու ակադեմականներ` առաջնորդութեամբ Երեւանի Մամլոյ ակումբի նախագահ Պորիս Նաւասարդեանի: «Կրին փարք» պանդոկի մէջ կազմակերպուած այս ժողովի 25 սեպտեմբերի նիստին ընթացքին խօսեցաւ Երեւանի Մամլոյ ակումբի նախագահ Պորիս Նաւասարդեան, որ դիտել տուաւ, որ Թուրքիոյ ու Հայաստանի միջեւ ստորագրուած արձանագրութիւնները մեռած են այլեւս եւ հիմա պէտք է փնտռել տարբեր ուղիներ: Ան աւելցուց, որ յատկապէս որոշուած էր, որ այս կլոր սեղանի ժողովը գումարուի Պոլիսէն կամ Զմիւռնիայէն դուրս, տարբեր քաղաքի մը մէջ, եւ այս պատճառով ընտրուած էր Տիգրանակերտը: «Ասիկա կարեւոր պիտի ըլլայ երկու երկիրներու միջեւ յարաբերութիւններու բարելաւման համար», ըսաւ Նաւասարդեան: Երեւանի Մամլոյ ակումբի անդամներէն Հայկակ Արշամեանն ալ ըսաւ, որ ինքզինք երջանիկ կը նկատէ, որ եկած է Տիգրանակերտ եւ կը հաւատայ, որ այս ժողովը նոր էջ մը պիտի բանայ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններուն մէջ:
«Ռատիքալ»-ի թղթակցութեան մէջ չէ նշուած, որ թրքական կողմէն ո՞ր լրագրողներն ու ակադեմականները մասնակցած էին այս կլոր սեղանին: Միայն թէ հայ լրագրողներն ու ակադեմականները ընդունուած են Տիգրանակերտի քաղաքապետարաններու խմբակցութեան նախագահ քաղաքապետ Օսման Պայտեմիրի կողմէ, եւ քաղաքապետը այս անգամ ալ հիւրերը ողջունած է շատ նշանակալից ու ջերմիկ արտայայտութիւններով: Պայտեմիր յայտնած է, որ շատ ուրախ է այս այցելութեան համար, որովհետեւ Տիգրանակերտի բերդերուն խմորին մէջ թուրքերու, քիւրտերու, հայերու, ասորիներու, քաղդէացիններու ու բոլոր ազգային հաւաքականութիւններու քրտինքն ու աշխատանքը կայ: Պայտեմիր այսպէս խօսած է.
«Ես, որպէս Տիգրանակերտի մէջ աշխարհ եկած քիւրտ մը, այստեղ ապրելու ի՛նչ իրաւունք որ ունիմ, հոս ապրելու նոյն իրաւունքը ունին բոլոր այն հայերը կամ ասորիները, որոնց պապերը տիգրանակերտցի եղած են: Ես կ՛ուզեմ հոս Տիգրանակերտ, այսինքն իրենց տունը հրաւիրել բոլոր անոնք, որոնց պապերը տիգրանակերտցի են: Վերադարձէք ձեր քաղաքը: Մենք միասնաբար կը մերժենք սպանդներու ու հալածանքներու մասնակցող մեր պապերուն ժառանգութիւնը եւ չենք ընդունիր բաժնել անոնց անխղճութիւնը: Յարգանքով ու երախտագիտութեամբ կը յիշենք բոլոր այն անձերը, որոնք դէմ եկան սպանդներու ու զուլումի: Ըստ իս, այլեւս պէտք է ձեռնարկենք այն բանակցութիւններուն ու երկխօսութեան, որոնք պիտի ապահովեն, որ ասկէ ետք միասնաբար կարենան ապրիլ թուրքերը, քիւրտերը, հայերը, արաբները եւ ասորիները: Ես երկրէն դուրս ելլելու արգելք ունիմ, եթէ օր մը այդ արգելքը ջնջուի, շատ կ՛ուզեմ Երեւան երթալ: Կ՛ուզեմ Տիգրանակերտէն փունջ մը ծաղիկ թողուլ յուշարձանին առջեւ: Հոն կ՛ուզեմ ըսել, որ շատ կը ցաւիմ պատահածներուն համար: Հոն կ՛ուզեմ աւետել, որ հիմա նոր սերունդ մը կայ եւ այս սերունդը կը մերժէ անցեալի անխղճութիւնը: Իմ ամենամեծ երազանքս ալ է օր մը տեսնել, որ Թուրքիոյ մէջ հիմնուած է հայ, թուրք, ասորի ու բոլոր անիրաւուած ժողովուրդները ներկայացնող յուշարձան մը»:
Երեւանի մամլոյ ակումբի նախագահ Նաւասարդեանն ալ ըսաւ, որ լրագրողներուն առիթ պէտք է տրուի, որպէսզի ճանչնան դրացի երկիրները: Այս կարգէն, երկիրները պէտք է ճանչնալ ո՛չ թէ անոնց մայրաքաղաքներէն, այլ` աւելի խորունկէն: Մասնաւորաբար հայ լրագրողներու համար շատ կարեւոր է հասկնալ, թէ Թուրքիա ինչպիսի՛ բազմամշակոյթ երկիր է:


