Թուրքերը Կը Հասկնան, Թէ Ցեղասպանութեան Ուրացումը Կը Սպառէ Երկիրը. Ֆեթհիէ Չեթին

Չեթին

«Հայ-թրքական սահմանը Հայաստանի կողմէ բաց է, սակայն Թուրքիա կը շարունակէ փակ պահել զայն: Սահմանի բացման հարցով թրքական կառավարութիւնը գործնապաշտ մօտեցում ունի, իսկ ազրպէյճանական իշխանութիւնները բացասական ազդեցութիւն ունին», ըսած է հայկական արմատներ ունեցող թուրք իրաւաբան, գրող եւ մարդկային իրաւունքներու պաշտպան Ֆեթհիէ Չեթին:

«Այնուամենայնիւ, ես լաւատես եմ սահմաններու բացման հաւանականութեամբ: Ես կ՛երազեմ, որ օր մը մարդիկ պիտի կտրեն պատնէշները, եւ երկու ժողովուրդները պիտի կարենան բանալ սահմանը», աւելցուցած է ան:

Թուրքիոյ կառավարութիւնը կը շարունակէ քողարկել Հայոց ցեղասպանութեան հանգամանքները եւ իրականացնել մերժողական ու ժխտողական քաղաքականութիւն: «Պետութեան վարած քաղաքականութեան պատճառով թուրքերը դեռ երկար ժամանակ պիտի շարունակեն հերքել անհերքելին: Թէեւ կը կարծեմ, որ անոնք արդէն հասկցած են, որ այդ քաղաքականութիւնը արդիւնք չի տար, եւ արդէն ստիպուած են որոշ քայլերու նախաձեռնելու: Զանոնք կը խանգարէ մեծ պետական ուժ մը, որ տակաւին կը յամառի եւ թոյլ չի տար անոնց, որ ընդունին Հայոց ցեղասպանութիւնը», ըսած է Չեթին:

Անդրադառնալով այն հարցին, թէ ինչպէ՞ս կրնայ հաշտեցնել իր երկու` հայ եւ թուրք ինքնութիւնները, գրողը ըսած է. «Ես ունիմ ոչ թէ երկու, այլ աւելի շատ ինքնութիւններ. ես աշխարհի քաղաքացի եմ: Եւ երբ ցեղային յարձակում կը կատարուի աշխարհի որեւէ կէտի մէջ, ատիկա կը վնասէ իմ ինքնութեանս»:

Չեթինին համաշխարհային ճանաչում բերաւ իր «Մեծ մայրս» գիրքը, ուր ան կը պատմէ իր հայ մեծ մօր եւ անոր կրած տառապանքներուն մասին: Ան արդէն կը մտածէ իր յաջորդ գիրքը աւարտելու մասին. «Ես արդէն սկսած եմ գիրքը գրելու, սակայն գերզբաղուածութիւնս ստիպեց, որ կիսատ ձգեմ զայն», ըսած է ան` առանց պարզաբանելու, թէ ինչի՛ մասին է նոր աշխատութիւնը:

Չեթին նաեւ «Ակօս» շաբաթաթերթի գլխաւոր խմբագիր Հրանդ Տինքի ընտանիքին փաստաբանն է:

 

Share this Article
CATEGORIES