Գերմանական Խոստումները Սկսան

Գերմանիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին կողմէ հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութեան մը մէջ նշուեցաւ, որ ազգային խումբին մաս կազմւղ իւրաքանչիւր մարզիկ պիտի ստանայ 20 հազար եւրօ, եթէ խումբը ապահովէ Պրազիլի 2014-ի Մոնտիալի աւարտական հանգրուանի մրցումներուն իր տոմսը:

Ֆետերասիոնի նախագահ Վոլֆկանկ Նիերսպախ ըսաւ, որ ասիկա լաւագոյն փաստն է, որ ֆետերասիոն-ազգային խումբ կապերը միշտ լաւ են եւ փոխյարաբերութիւնները կը գտնուին շատ լաւ վիճակի մէջ:

Գ. խմբակին մաս կազմող Գերմանիա ցարդ իր կատարած երկու մրցումներն ալ յաղթանակով աւարտած է` ապահովելով առաւելագոյն 6 կէտը: Անոր յաջորդ երկու մրցակիցներն են Իրլանտա եւ Շուէտ:

Նշենք, որ Եուրօ-2012-ի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին Գերմանիա իր տասը մրցումներն ալ յաղթանակով աւարտեց:

 

Share this Article
CATEGORIES