Այսօր` Երկուշաբթի, 15 Հոկտեմբերին Ճափոնցի Եամամոթօ Պիտի Կատարէ Հեծանիւի Ցուցադրական Ներկայացում Մը` Ա. Պէ. Սէ. Էշրեֆիէի Մէջ

Իր տեսակին մէջ իւրայատուկ եւ Լիբանանի մէջ առաջին անգամ ըլլալով, երեք անգամ Ասիոյ «Մաութըն Պայք»-ի ախոյեան հանդիսացած ճափոնցի Քոհէյ Եամամոթօ այսօր` երկուշաբթի, 15 հոկտեմբեր 2012-ին, Ա. Պէ. Սէ. Էշրեֆիէի մէջ, յետմիջօրէին ժամը 16:00-ին, պիտի կատարէ հեծանիւի ցուցադրական ներկայացում մը:

Նշենք, որ այս ցուցադրական ներկայացումը տեղի կ՛ունենայ «Պայք Ճենըրէյշըն»-ի նախաձեռնութեամբ:

Եամամոթօ իր հեծանիւով պիտի իջնէ ելեկտրականութեամբ բանող աստիճաններէն վար, որոնք կը տանին Ա. Պէ. Սէ.-ի տարբեր բաժանմունքները:

Նախաձեռնող ընկերութիւնը կը յայտնէ, որ բոլոր անոնք, որոնք կը փափաքին այս իւրայատուկ ներկայացումին ներկայ գտնուիլ, կրնան ուղղուիլ Ա. Պէ. Սէ. Էշրեֆիէ եւ չփախցնել այս իւրայատուկ առիթը:

Անոր ներկայ պիտի ըլլան Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնին անդամները, Լիբանանի մէջ գտնուող Ճափոնի դեսպանատան անձնակազմին անդամները «Պայք Ճենըրէյշըն»-ի պատասխանատուները եւ ներկայ գտնուիլ փափաքողները:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES