Ֆութսալ. Լիբանանի Ախոյեանութիւն. Տիտղոսակիր Պրուս Քաֆէի Երրորդ Յաջորդական Յաղթանակը
Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցան Լիբանանի ֆութսալի 2012-2013 տարեշրջանի ախոյեանութեան 3-րդ հանգրուանի մրցումները:
Տիտղոսակիր եւ վերջին երեք տարիներու ախոյեան Պրուս Քաֆէ արձանագրեց իր երրորդ յաջորդական յաղթանակը` 4-3 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Էյ. Եու. Էս. Թի.ն` այս հանգրուանի բացման մրցումին:
Շարունակելով իր տպաւորիչ յաղթանակներու շարքը` Սատաքա արձանագրեց այլ տպաւորիչ յաղթանակ մը, այս անգամ պարտութեան մատնելով Հալուսիէն` 14-3 արդիւնքով: Իրաքցի Մարուան Զորօ նշանակեց 7 կոլ:
Սեն Ժոզեֆ իր կարգին յաղթանակ արձանագրեց` 7-3 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Թրիփոլի Ֆայհան:
Այս մրցումին իրաւարարներն էին Ֆատի Գալաճեան եւ Միսաք Հարմանտարեան (երրորդ իրաւարարը):
CATEGORIES Մարզական

