Եւրոպայի Մէջ Հայաստան Առաջին` Իր Ստացած Քարտերուն Քանակով

2014-ի Մոնտիալի զտումի մրցաշարքին, Եւրոպայի գօտիին մասնակցողներուն մեծ մասը արդէն իսկ կատարած է երեքական մրցում: Անոնց կարգին է նաեւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը:

Ցարդ տեղի ունեցած երեք մրցումներուն հայրենի կազմը կը գրաւէ (Եւրոպայի մէջ) առաջին դիրքը` իր ստացած քարտերուն քանակով:

53 երկիրներու մէջ Հայաստան ստացած է 12 դեղին եւ 2 կարմիր քարտեր:

Իտալիոյ դէմ տեղի ունեցած վերջին մրցումին իրենց ստացած քարտերուն պատճառով, յաջորդ տարուան գարնան Չեխիոյ դէմ տեղի ունենալիք մրցումէն Հայաստանէն պիտի բացակային Կարլեն Մկրտչեան, Հրայր Մկոյեան եւ Արթուր Եդիգարեան:

Նշենք, որ Չեխիա ցարդ ոչ մէկ քարտ ստացած է:

Հայաստանի ետին երկրորդ դիրքին վրայ կը գտնուի Լիթուանիա, որ ստացած է 12 դեղին եւ 1 կարմիր քարտ:

Ապա երեք խումբեր` Մակեդոնիա, Լիխթնշթայն եւ Լաթվիա կը գրաւեն երրորդ դիրքը` 9-ական դեղին քարտով:

 

Share this Article
CATEGORIES